Սրբազան Պապին պատգամը Լոս Անճելըսի Կրօնական Դաստիարակութեան Համագումարին․ իսկութիւն եւ հոգեւոր նորոգում
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Լոս Անճելըսի Կրօնական Դաստիարակութեան 70-րդ Համագումարին առիթով, որ տեղի կ՛ունենայ 20էն 22 Փետրուարին Անահայմի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջոյնի պատգամ մը յղեց մասնակիցներուն՝ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ։
Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը մաղթէ, որ աղօթի, կազմաւորման եւ եղբայրական հաղորդակցութեան այս օրերը ըլլան իսկական հոգեւոր նորոգումի առիթ։
«Իբրեւ մարդիկ եւ կիներ, որոնք նուիրուած էք կրօնական դաստիարակութեան առաքելութեան, լաւ գիտէք թէ «ճշմարիտ ուսուցիչը կը զարթեցնէ ճշմարտութեան տենչը» (Առաքելական Նամակ, Drawing New Maps of Hope, 2.2)։ Արդարեւ, խորացնելով ձեր յարաբերութիւնը Յիսուսի հետ, որ է Ճշմարտութիւնը (տե՛ս Յհ 14,6), եւ շարունակելով ըլլալ հաւատարիմ ու ուրախ աշակերտներ ձեր առօրեայ կեանքին մէջ, ձեր իսկութիւնը՝ իբրեւ դաստիարակներ եւ կրօնուսոյցներ, պիտի արտօնէ ձեզի փոխանցելու Աւետարանը այնպիսի ձեւով, որ առաջնորդէ դէպի ճշմարիտ հանդիպում մը Տիրոջ հետ եւ նպաստէ տեւական ու կեանք պարգեւող մշակոյթի կառուցման (տե՛ս նոյն տեղը, 1.1)» գրուած է Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը յատուկ քաջալերանք ուղղած է երիտասարդներուն՝ հրաւիրելով զանոնք իրենց սրտերը բանալու Աստուծոյ սիրոյն առջեւ եւ Սուրբ Հաղորդութեան Յիսուսի ներկայութեան մէջ ճանչնալու մշտնջենաւոր զօրութեան եւ մխիթարութեան աղբիւրը՝ կեանքի որեւէ պարագային մէջ։
Պատգամը կ՛աւարտի Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ «Հրեշտակներու Մօր» մայրական բարեխօսութեան յանձնարարութեամբ եւ Առաքելական Օրհնութեամբ՝ որպէս իմաստութեան, ուրախութեան եւ յոյսի նշան Տիրոջ մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
