2026.02.18 campagna fraternita 1

Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը Պրազիլի հաւատացեալներուն. բնակարանը որպէս մարդկային արժանապատուութեան հիմք

Լեւոն ԺԴ. Պապը Մեծ Պահքի առիթով պատգամ մը ուղղեց Պրազիլի հաւատացեալներուն՝ շեշտելով բնակարանային տագնապի լուծման անհրաժեշտութիւնը որպէս քրիստոնէական սիրոյ եւ հաւատքի անբաժանելի պարտականութիւն։ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց պետական իշխանութիւններուն եւ համայնքներուն՝ որդեգրելու արմատական քաղաքականութիւններ, որոնք կ'ապահովեն արժանապատիւ տանիք երկրի ամենակարիքաւոր խաւերուն համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

11 Յունուար 2026 թուակիր պաշտօնական նամակով մը, Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Պրազիլի քրիստոնեայ համայնքին՝ Մեծ Պահոց սեմին մեկնարկող «Եղբայրութեան Արշաւ»-ի առիթով որ այս տարի կը կեդրոնանայ բնակարանային տագնապի եւ չքաւորներու կացութեան վրայ՝ ներշնչուած «Ան բնակեցաւ մեր մէջ» (Յովհ. 1:14) աւետարանական կարգախօսով։

Սուրբ Օգոստինոսի ոգիով դէպի դարձ

Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը սկսաւ մէջբերելով Սուրբ Օգոստինոսը՝ յիշեցնելով, որ Քառասնորդացը հոգին խոնարհեցնելու եւ մարմինը զսպելու սուրբ ժամանակաշրջան մըն է ուր աղօթքն ու ծոմապահութիւնը պէտք է առաջնորդեն դէպի «վաւերական դարձ», որուն անբաժանելի մասն է գործնական սէրը՝ ուղղուած ամենաաղքատներուն։

Բնակարանային տագնապը՝ մարդկային ցաւի հայելի

Անդրադառնալով Պրազիլի մէջ արդէն 60 տարիէ ի վեր գործող «Եղբայրութեան Արշաւ»-ին, Քահանայապետը շեշտը դրաւ բնակարանային խնդրին վրայ։ Յիշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը, Ան նշեց, որ տան չգոյութիւնը պարզապէս տնտեսական հարց չէ, այլ «նշան եւ համադրում մարդկային, մշակութային ու ընկերային բազմաթիւ թերացումներու»։

«Հաւատքի եւ աղքատներու միջեւ գոյութիւն ունի անքակտելի կապ մը», հաստատեց հուսկ Լեւոն ԺԴ., կոչ ուղղելով ոչ միայն ժամանակաւոր օգնութեան, այլեւ չքաւորութեան արմատական պատճառներու լուծման։

Կոչ իշխանութիւններուն

Պատգամին մէջ Քահանայապետը յոյս յայտնեց, որ այս նախաձեռնութիւնը մղէ պետական մարմինները որդեգրելու այնպիսի հանրային քաղաքականութիւններ, որոնք ապահովեն արժանապատիւ բնակարանային պայմաններ երկրի ամենակարիքաւոր խաւերուն համար։

Պատգամի աւարտին Ան հայցեց Ափարեսիտայի Տիրամօր հովանին՝ յիշեցնելով, որ Սուրբ Կոյսը նոյնպէս Բեթղեհէմի մէջ իջեւան չգտաւ Փրկիչը լոյս աշխարհ բերելու համար։

Սրբազան Հայրը պատգամը եզրափակեց  իր Առաքելական Օրհնութիւնը փոխանցելով Պրազիլի «սիրեցեալ ազգին», յատկապէս անոնց, որոնք կը պայքարին յանուն մարդկային արժանապատուութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2026, 14:00