Որոնել

«Մի՛ հաշտուիք բռնատիրութեան մշակոյթին հետ, երիտասարդները յոյս են» Լեւոն ԺԴ. Պապին այցը Օսթիա

Կիրակի` 15 Փետրուարի կէսօրէն ետքը, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը իրականացուց իր Քահանայապետութեան անդրանիկ այցը Հռոմի իր Թեմի մէկ ժողովրդապետութեան, Հռոմի Օսթիա շրջանի` Խաղաղութեան Տիրամօր նուիրուած «Santa Maria Regina Pacis» ժողովրդապետական համայնքին, որ հանդիսացաւ այլ հինգ կատարելիք այցելութիւններու առաջինը զոր ծրագրուած են քառասնորդաց շրջանի ընթացքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ Պապին Քառասնորդաց շրջանի ծխական այցելութիւններուն առաջին հանգրուանը եղաւ Santa Maria Regina Pacis ժողովրդապետութեան այցելութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի 15 Փետրուարի կէսօրէն ետքը, Հռոմի Օսթիա շրջանին տանելով ուժեղ պատգամ մը բռնութեան եւ յուսահատութեան դէմ։

Ուրախ բազմութեան՝ ընտանիքներու, երիտասարդներու, տարեցներու եւ կամաւորներու կողմէ դիմաւորուած, Սրբազան Հայրը ընտրեց Հռոմի ծովեզերեայ այս շրջանը՝ որ յատկանշուած է ընկերային դժուարութիւններով եւ յանցաւորութեան երեւոյթներով, կոչ ուղղելու կրթական պատասխանատուութեան եւ խաղաղութեան կերտումին։

Խոր եւ յուզիչ այցելութիւն մը, որ յատկանշուեցաւ երիտասարդներու, տարեցներու, հիւանդներու եւ հովուական ծառայողներու հետ հանդիպումներով։

Թեմի ժողովրդապետութիւններուն կատարած առաջին այցը

Քահանայապետը Օսթիա ժամանեց 15.45 անց ու դիմաւորուեցաւ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտօ Ռէյնայի ու Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Ճովաննի Փաթանէյի ու խանդավառ հազարաւոր հաւատացեալներու կողմէ։

«Սա իմ նոր թեմիս ժողովրդապետութիւններէն մէկուն կատարած առաջին այցելութիւնն է։ Շատ ուրախ եմ այստեղ, Օսթիայի մէջ այս այցերը սկսելու համար», ըսաւ Պապը՝ ընդգծելով Խաղաղութեան Թագուհիին նուիրուած համայնքի խորհրդանշական արժէքը՝ հակամարտութիւններով եւ լարուածութիւններով լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ։

«Յոյսը դուք էք»

Ամենէն կենդանի պահը եղաւ երեխաներու եւ պատանիներու հետ հանդիպումը։ Ծափերու եւ ուրախ բացականչութիւններու մէջ, Լեւոն ԺԴ. հրաւիրեց զանոնք «մէկ խումբ» ըլլալու եւ իրենք զիրենք տեսնելու որպէս ապագայի կերտողներ․ «Յոյսը դուք էք» հաստատեց Ան յոյս մը, որ կը բխի Յիսուսի ներկայութենէն, որ կը քալէ Իր ժողովուրդին հետ, եւ Մարիամի՝ Խաղաղութեան Թագուհիի բարեխօսութենէն, հուսկ խրախուսեց ներկաները բարեկամութիւն, խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն մշակելու, նաեւ մարզանքի միջոցաւ, որ կը սորվեցնէ եղբայրութիւն եւ միասնական աշխատանք։

Ընկալող համայնք եւ մարդկային կեանքի արժէքը

Հանդիպելով ապա տարեցներուն եւ հիւանդներուն՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց վերապահուած հիւրընկալութեան համար՝ այս մէկը նկատելով իսկական քրիստոնէական ծուխի կենդանի նշան, որ բաց է բոլորին առջեւ։

Ան ապա յայտնեց, թէ երիտասարդներն ու տարեցները, զօրեղներն ու տկարները, բոլորը նոյն ընտանիքին մաս կը կազմեն։ Ամէն կեանք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ անսահման արժէք ունի։

Բռնութիւն` որ կայ եւ կը վիրաւորէ

Այցելութեան ծիրէն ներս մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ բռնութեան մասին, որ կը դպչի նաեւ Օսթիայի տարածքին, երբեմն սնանելով թմրանիւթերէ եւ յանցագործ կազմակերպութիւններէ։

«Բռնութիւնը կայ եւ կը վիրաւորէ»։ Բռնութիւն մը, որ երբեմն կը ներքաշէ երիտասարդներ եւ պատանիներ, կը սնանուի թմրանիւթերու գործածութենէն կամ յանցաւոր կազմակերպութիւններու շահագործումէն։

Այս իրողութեան դիմաց Պապը կոչ ըրաւ չհաշտուելու «բռնատիրութեան եւ անարդարութեան մշակոյթին» հետ, այլ տարածելու յարգանք եւ ներդաշնակութիւն՝ «ուժ եւ միջոցներ» ներդնելով մանաւանդ երիտասարդներու կրթութեան մէջ։

Ան բացատրեց, թէ քրիստոնէական պատասխանը յարձակումով հակադարձել չէ, այլ «խոնարհութեան զինաթափող ուժն» է, որ կրնայ կոտրել ամենաուժեղին գերակայութեան տրամաբանութիւնը։

Յիշեցնելով, որ ծուխը հիմնուած է Պենետիկտոս ԺԴ-ի կողմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց այսօր եւս ըլլալու լոյսի շող մը աշխարհին մէջ, որ տակաւին կը տառապի հակամարտութիւններէ եւ գերիշխանութեան մտածողութիւններէ։

Բաց եւ հիւրընկալ ծուխ մը

Հովուական խորհուրդի հետ հանդիպումին ընթացքին Լեւոն ԺԴ շեշտեց, որ համայնքը նախ պէտք է կենդանի ըլլայ հաւատքով եւ ոչ միայն գործունէութիւններով։ Ան խրախուսեց բաց պահել եկեղեցիները, ստեղծել ունկնդրութեան վայրեր եւ քաջալերել երիտասարդական հովուութիւնը՝ հրաւիրելով «միասին քալելու» եւ չբաւարարուելու միայն ներկայ եղողներով․ «Հրաւիրել, ընդունիլ, ուղեկցիլ» եղան Քահանայապետին առաջարկած բայերը։

Ժողովրդապետութիւնը պէտք է ըլլայ ազնուութեան եւ անվճար սիրոյ դպրոց մը, պատրաստ՝ դիմաւորելու բոլորին առանց խտրութեան։

Եղէք աշխարհի լոյս

Այցելութիւնը աւարտեցաւ երեկոյեան, ծափերու եւ ուրախութեան մէջ, Եկեղեցիէն դուրս հաւաքուած հաւատացեալներուն ուղղուած ողջոյնով. «Օրը արեւոտ էր, հիմա գիշեր է, բայց դուք միշտ աշխարհի լոյսն էք։ Աստուած միշտ օրհնէ ձեզ» եղան Նորին Սրբութեան քաջալերական եզրափակիչ խօսքերը։

Վստահութեան եւ պատասխանատուութեան պատգամ մը՝ վստահուած համայնքի մը, որ կանչուած է ըլլալու խաղաղութեան եւ յոյսի կեդրոն բարդ իրականութեան մը մէջ, ուր երիտասարդները կը ներկայանան որպէս վերածնունդի առաջին նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2026, 07:00