Ապրիլ դասակարգութիւնը, հրամանատարութիւնը, հնազանդութիւնը՝ Աւետարանի լոյսի ներքոյ․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Դասակարգութիւն, հրամանատարութիւն, հնազանդութիւն բառերը կը կապեն ռազմական եւ եկեղեցական բարոյագիտութիւնը դարերու ընթացքին։ Ի մասնաւորի եկեղեցականը՝ մշտապէս փոխակերպուած աւետարանական «նորութեան» շնորհիւ, ընդունակ է գերազանցել կառուցուածքներն ու մտածողութեան ձեւերը խաղաղ «յեղափոխութեամբ»՝ ամենաբարձր եւ ամենաանհրաժեշտ ուղիներէն մէկը, որ մինչ օրս անհրաժեշտ է ժամանակակից աշխարհին։ Ահաւասիկ այս համանմանութիւնները կազմեցին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի՝ «Հռոմ-Սուրբ Պետրոս Քարապինիերի» զօրախումբին ուղղած ողջոյնի խօսքին առանցքը, անոնց շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին՝ 13 Փետրուարին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս։
Յոբելեանը՝ հարստացնող փորձառութիւն
Սրբազան Պապը իր պատգամին սկիզբը իր գոհունակութիւնը արտայայտեց՝ տեղեկանալով, որ վերջերս աւարտած Յոբելենական Սուրբ Տարին եղած է անոնց համար «հարստացնող փորձառութիւն»՝ ըլլայ մարդկային, ըլլայ մասնագիտական տեսանկիւնէն։
Հռոմի մէջ «Բարի Լուրի» աւետումը
Ան նկատել տուաւ այնուհետեւ, որ վաղ ժամանակներէ սկսեալ Յիսուսի «Բարի լուրը» տարածուեցաւ Հռոմի տարբեր բնագաւառներուն մէջ՝ ներառեալ , զինուորականներու շրջանէն ներս. Աստուծմէ ներշնչուած կեանքի եւ մտածողութեան նոր ձեւ մը, զոր դարձաւ սէր, ողորմութիւն եւ ներողամտութիւն եւ բոլոր անձերու միջեւ «եղբայրութիւն, որ կը գերազանցէ ընկերային եւ ցեղային բոլոր տարբերութիւնները»։
Աւետարանի ոչ բռնի «յեղափոխութիւնը»
«Դասակարգութիւնը, հրամանատարութիւնը, հնազանդութիւնը» խօսքեր են, ըսաւ Քահանայապետը, զոր կը գործածուին նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ՝ «Աւետարանի նորութեամբ փոխակերպուած», եւ դարերու ընթացքին, Յիսուսի պատգամը թափանցած է բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու կառուցուածքներուն, գործելակերպին եւ մտածողութեան մէջ՝ ոչ թէ բռնի յեղափոխութեան, այլ խաղաղ փոխակերպման միջոցաւ՝ ներսէն, խիղճերու, սիրտերու դարձի միջոցաւ։
Վերագտնել քրիստոնէական պատգամի էութիւնը
Ասկէ մեկնելով՝ Պապը հարցում կ’ուղղէ՝ «արդեօք ասիկա չէ՞ որ կրնայ եւ պէտք է պատահի իւրաքանչիւր դարաշրջանի մէջ, նոյնիսկ այսօրուան աշխարհի եւ Հռոմի մէջ»։ Անոր հաստատական պատասխանը Լեւոն ԺԴ․ի համոզմամբ կը գտնենք Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան ամենաբարձր մակարդակի վրայ ՝ Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ ժողովի, Քահանայապետերու ուսուցումներուն եւ օրինակներուն մէջ։
«Մենք կոչուած ենք վերագտնելու քրիստոնէական պատգամի էութիւնը եւ նորաստեղծ Եկեղեցւոյ ոճը, անոնք մարմնաւորելու մեր շատ տարբեր, շատ աւելի բարդ աշխարհին մէջ: Սակայն «Յիսուս Քրիստոս այսօր եւ երէկ եւ յաւիտեանս միեւնոյն է» (Եբրայեցիս 13,8)։
Գործել «ուղիղ խղճով»
Սրբազան Հայրը եզրափակեց պատգամը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով «քարապինիերիներուն» իրենց ծառայութեան համար, մասնաւորապէս Վատիկանի եւ Հռոմ քաղաքին մէջ՝ յորդորելով պարտականութիւնները կատարել «ուղիղ խղճով» հաւատարիմ Զօրախումբի կանոններու սկզբունքներուն եւ, որպէս քրիստոնեաներ, հաւատարիմ մնալով Աւետարանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
