Որոնել

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ» հիմնադրամը «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ» հիմնադրամը  (© don Marek Weresa)

Լեւոն ԺԴ. վաւերացուց «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահելի Համար» Հիմնադրամի նոր կանոնադրութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը վաւերացուց 1984-ին հիմնուած «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահելի համար» հիմնադրամի բարեփոխուած կանոնադրութիւնը՝ զայն համապատասխանեցնելով Վատիկանի արդի իրաւական եւ տնտեսական չափանիշներուն։ Նոր կանոնագիրը կը սահմանէ Սահելեան տարածաշրջանի ինը երկիրներուն մէջ իրականացուող մարդկային զարգացման ծրագիրներու կառավարման, թափանցիկ հաշուեքննութեան եւ Վարչական Խորհուրդի գործունէութեան յստակ կանոնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռը պաշտօնապէս յայտարարեց «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահելի համար» (Giovanni Paolo II per il Sahel) հիմնադրամի կանոնական կարգավիճակի վերջնական կանոնաւորման մասին։ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, ընդունելով Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, վաւերացուց հիմնադրամի բարեփոխուած կանոնադրութիւնը։

Այս որոշումը նպատակ ունի հիմնադրամի գործունէութիւնը լիովին համապատասխանեցնել Հռոմէական Քուրիայի գործիքային իրաւաբանական անձանց համար սահմանուած արդի իրաւական շրջանակին եւ Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան կառավարման կանոններուն։

Սրբազան Քահանայապետի կարգադրութեամբ, սոյն որոշումը պիտի հրապարակուի «L’Osservatore Romano» պաշտօնաթերթին մէջ, իսկ աւելի ուշ պիտի ներառուի «Acta Apostolicae Sedis» պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ։ Նոր կանոնադրութիւնը ուժի մէջ կը մտնէ Յունուար 29, 2026 թուականէն սկսեալ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահելի համար» Հիմնադրամը 

«Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահելի համար» Հիմնադրամը հաստատուած է Վատիկանի մէջ 1984-ին՝ Սահելեան տարածաշրջանի երկիրներուն օժանդակելու եւ անապատացման ու չորութեան դէմ պայքարելու նպատակով։

Հիմնադրամին գլխաւոր կեդրոնը կը գտնուի Վատիկան, իսկ գործառնական գրասենեակը՝ Պուրքինա Ֆասոյի մայրաքաղաք Ուակատուկուի մէջ։

Շահառու երկիրներու ցանկին մէջ ներառուած են Պուրքինա Ֆասոն, Քապօ Վերտէն, Կամպիան, Կինէ-Պիսաուն, Մալին, Մաւրիտանիան, Նիկերը, Սենեկալը եւ Չատը։

Հիմնադրամին գլխաւոր նպատակն է տեղական մասնագէտներու պատրաստութիւնը եւ արհեստագիտական, գիւղատնտեսական ու բնապահպանական ծրագիրներու ֆինանսաւորումը։

Կառոյցը կը կառավարուի 9 անդամներէ բաղկացած Վարչական Խորհուրդի մը կողմէ, որոնք Սահելեան երկիրներու եպիսկոպոսներ են։

Վարչական Խորհուրդը պատասխանատու է տարեկան ծրագիրներու որդեգրման, պիւտճէի հաստատման եւ նախագիծերու ընտրութեան համար։

Կանոնադրութիւնը կը նախատեսէ խստիւ հսկողութիւն դրամաշրջանառութեան թափանցիկութեան եւ փողերու լուացման դէմ պայքարի ուղղութեամբ։

Արտաքին հաշուեքննիչը (Auditor) պարտաւոր է եռամսեակը մէկ անգամ ստուգել հիմնադրամի հաշիւները եւ զեկուցել Վատիկանի Տնտեսական Քարտուղարութեան։

Հիմնադրամի լուծարման կամ կանոնադրական փոփոխութեան միակ իրաւասու անձը Սրբազան Քահանայապետն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 12:09