Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը միայն ուսմունքի փոխանցումը չէ, այլ՝ կեանքի բաժնեկցում․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 6 Փետրուարին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս ընդունեց Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան Փետրուար 4էն 6ը ընթացող Լիագումար Ժողովի մասնակիցները, որոնց քննարկումներուն համար ընտրուած նիւթն էր՝ «Մինչեւ որ Քրիստոսը ձեւաւորուի ձեր մէջ»՝ առնուած Սուրբ Պօղոս Առաքեալի՝ Գաղատացիներուն ուղղուած նամակէն»։
Իր պատգամին սկիզբը Սրբազան Պապը հարցում ուղղեց ներկաներուն թէ արդեօ՞ք աւարտած են աշխատանքները, ապա տեղեկանալով, որ տակաւին պիտի շարունակեն իրենց այս հանդիպման պահը նկատեց «փոքր հանգստի կատարեալ պահ մը»` ուրախութիւն յայտնելով զիրենք ընդունելուն համար։
Ոչ միայն վարդապետութեան փոխանցում, այլ՝ կեանքի առաջարկ
Անդրադառնալով անոնց աշխատանքներուն, որոնց կեդրոնը կը կազմեն քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ Համաշխարհային Հանդիպումներու նիւթերը՝ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ երբեմն Եկեղեցւոյ մէջ դաստիարակիչի կերպարը՝ իբր «մանկավարժ», որ ցուցումներ կու տայ, կը գերիշխէ «Հօր» կերպարի վրայ։ Ուստի «Մեր առաքելութիւնը շատ աւելի բարձր է, հետեւաբար եւ չենք կրնար սահմանափակուիլ վարդապետութեան, կանոնի մը կամ բարոյագիտութեան փոխանցումով, այլ կոչուած ենք բաժնեկցիլ այն, ինչ որ կ’ապրինք՝ (…) անմնացորդ նուիրումով, իբրեւ ծնողներ, որոնք կը նուիրուին իրենց զաւակներուն բարիքին համար» ըսաւ Քահանայապետը։
Դաստիարակութիւնը՝ հաղորդութիւն
Ան ապա յղում կատարելով «Evangelii Gaudium» Առաքելական Յորդորին՝ ընդգծեց դաստիարակութեան հաղորդութեան բնոյթը․
«Հաւատքը կը ծնի ոչ միայն ժողովրդապետով մը, կամ կաթողիկէ ուսուցիչով, կամ շնորհապարգեւով օժտուած առաջնորդով», այլ՝ «ամբողջ Եկեղեցւոյ միջոցաւ՝ միացած, կենդանի, ընտանիքներով, երիտասարդներով, նուիրեալներով, ոգեշնչուած սիրով որ անկեղծ կերպով կը ձգտի պտուղ տալ, փոխանցել բոլորին, եւ յատկապէս նոր սերունդներուն, այն ուրախութիւնն ու իմաստի լիակատարութիւնը, որ ինք կ՛ ապրի եւ կը փորձէ»։
Աշակերտել բոլոր ազգերը, մկրտել զանոնք եւ սորվեցնել պահել Աստուծոյ պատուիրանները
Յիսուս՝ Յարութենէն ետք առաքեալներուն վստահեցաւ միսիոներական առաքելութիւնը՝ յորդորելով անոնց «աշակերտել բոլոր ազգերը», «մկրտել զանոնք» և «սորվեցնել պահել Իր պատուիրանները» (հմմտ. Մատթէոս 28։19-20)։ Ասոնք արտայայտութիւններ են, որոնք ըստ Քահանայապետի, կ’ամփոփեն դաստիարակի առաքելութեան հիմնարար տարրերը։
Ասկէ մեկնելով եւ յղում կատարելով Ս․ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ եւ Պենետիկտոս ԺԶ․ Քահանայապետերուն` Լեւոն ԺԴ․ խրախուսեց քալելու կեանքի այնպիսի ուղիներու վրայ, որոնք «կը յանգին Մկրտութեան եւ Սրբազան Խորհուրդներուն», կը ներառեն «գոյութեան բոլոր ոլորտները» եւ «կը նպաստեն անչափահասներու եւ խոցելի անձերու նկատմամբ բոլոր տեսակ բռնութիւններու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ զոհերուն ուղեկցելուն եւ զօրակցելուն»։
Դաստիարակութեան մէջ հնարաւոր չէ յանկարծաբանել
Դաստիարակութեան արուեստը դիւրին չէ եւ հնարաւոր չէ յանկարծաբանել. Անիկա կը պահանջէ համբերութիւն, լսողութիւն, առաջնորդութիւն եւ գնահատում՝ ըլլայ՛ անձնական, ըլլայ՛ համայնքային մակարդակով, եւ չի կարող անկախ ըլլալ զայն ապրածներու փորձէն ու անոնց հետ շփումէն՝ սորվելու եւ օրինակ քաղելու համար, եզրակացուց ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը՝ թուարկելով «հոգեւոր հսկաներու» օրինակներ, ինչպիսիք են՝ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացին, Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներին, Սուրբ Ճուզեփփէ Քալազանցին, Սուրբ Կասբար դել Պուֆալոն Սուրբ Ճովաննի Լէոնարտին եւ նաեւ Սուրբ Օգոստինոսը։
Սրբազան Հայրը իր պատգամը աւարտեց` քաջալերելով չի յուսահատիլ մարտահրաւէրներուն դիմաց, այլ՝ սկսիլ «փոքրէն՝ հաւատքով հետեւելով «մանանեխի հատիկի» աւետարանական տրամաբանութեան (հմմտ. Մատթէոս 13:31-32), վստահ ըլլալով, որ Տէրը երբեք թոյլ չի տար, որ դուք, ճիշտ ժամանակին, զուրկ ըլլաք ուժէն, մարդոցմէ եւ ձեզի անհրաժեշտ շնորհքներէ» ըսաւ Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
