Լեւոն ԺԴ. Իւրաքանչիւր մշակոյթ կրնայ ըլլալ Քրիստոսի հետ հանդիպում
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամ մը ուղղեց Մեքսիքոյի մէջ՝ 24էն-26 Փետրուար, Կուատալուփի իրադարձութեան նուիրուած Աստուածաբանական հովուական ծառայութեան համագումարին մասնակիցներուն։
Իր գրաւոր պատգամին մէջ, Քահանայապետը շեշտեց, որ Աստուած երբեք չէ յայտնուած իբրեւ վերացական գաղափար, այլ միշտ մտած է պատմութեան մէջ՝ երկխօսելով մարդկային ազատութեան հետ ու աւետարանումը պարզապէս տեղեկութեան փոխանցում չէ, այլ Յիսուս Քրիստոսի հետ կենդանի հանդիպում մը, որ կը վերափոխէ մարդուն գոյութիւնը։
Մշակոյթանացումը՝ ոչ թէ ռազմավարութիւն, այլ էութիւն
Լեւոն ԺԴ պատգամին մէջ նկատել տուաւ, որ մշակոյթայնացումը լոկ հովուական մարտավարութիւն կամ զիջում մը չէ, այլ Եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժանելի մասը։ Ներշնչուելով Պօղոս Զ Պապէն, յիշեցուց, որ Աւետարանը չի նոյնանար որեւէ մէկ մշակոյթի հետ, բայց կարող է ներթափանցել բոլորին մէջ՝ առանց անոնց ստրկանալու։
«Աւետարանելը նախ եւ առաջ կը կայանայ Յիսուս Քրիստոսը ներկայ եւ մատչելի դարձնելուն մէջ։ Եկեղեցւոյ ամէն մէկ գործողութիւն պէտք է ձգտի մարդ էակը ներմուծել Անոր հետ կենդանի յարաբերութեան մը մէջ, որ կը լուսաւորէ գոյութիւնը, կը հրաւիրէ ազատութիւնը եւ կը բանայ դարձի ճամբան՝ տրամադրելով զայն ընդունելու հաւատքի պարգեւը, իբրեւ պատասխան այն Սիրոյն, որ իմաստ կու տայ եւ կը սատարէ կեանքին՝ իր բոլոր չափումներուն մէջ»։
Կուատալուփէի դասը
Քահանայապետը նշեց որ «Մորենիթան»՝ Կուատալուփէի Կոյսը, աստուածային մանկավարժութեան փայլուն օրինակ է։ Անոր պատկերը Թիլմային վրայ յարգեց տեղական խորհրդանիշները, բայց միաժամանակ զանոնք մաքրագործեց եւ բարձրացուց դէպի Քրիստոս։ Սա եղաւ աւետում՝ առանց բռնութեան կամ պարտադրանքի։
«Սակայն, անհրաժեշտ է յստակեցնել, որ մշակութայնացումը չի նշանակեր մշակոյթներու սրբացում, ոչ ալ զանոնք որդեգրել իբրեւ աւետարանական պատգամի վճռորոշ մեկնաբանական շրջանակ. զայն կարելի չէ նաեւ վերածել յարաբերականապաշտական յարմարեցման կամ քրիստոնէական պատգամի մակերեսային յարմարութեան, քանի որ ոչ մէկ մշակոյթ, որքան ալ թանկագին ըլլայ, կրնայ պարզապէս նոյնանալ Յայտնութեան հետ, կամ դառնալ հաւատքի վերջնական չափանիշը»։
Անդրադառնալով ներկայ աշխարհի կացած եւ բազմակարծիք հասարակութիւններուն, ուր Աստուած յաճախ կը մղուի դէպի անձնական ոլորտ, Պապը կոչ ըրաւ զարգացնել «չափահաս հաւատք»։ Ան շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի հաւատացեալները կարենան գիտակից ձեւով վկայել իրենց յոյսը՝ նոյնիսկ հոսանքին հակառակ թիավարելով։
Լեւոն ԺԴ Պապը կը քաջալերէ Կուատալուփէի աստուածաբանական պատգամի տարածումը՝ հայցելով ամերիկեան ցամաքամասի մեծ սուրբերուն բարեխօսութիւնը։ Ան կը մաղթէ, որ Կուատալուփէի Սուրբ Կոյսը՝ «Նոր Աւետարանչութեան Աստղը», առաջնորդէ եկեղեցական բոլոր նախաձեռնութիւնները դէպի իր յայտնութեան 500-ամեակ։ Քահանայապետը իր սրտագին օրհնութեամբ կը զօրակցի այն առաքելութեան, որ կը ձգտի Աւետարանի լոյսը փոխանցել այսօրուայ մարտահրաւէրներուն ընդմէջէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
