Il Papa in Piazza San Pietro per l'ultima udienza generale del 2025

Միայն խաղաղ սրտերը կարող են կառուցել արդար ու տեւական խաղաղութիւն Լեւոն ԺԴ.

Այսօրուընէ ԱՄՆ եւ անգլիախօս Երկիրներու գրախանութներուն մէջ հասանելի է Սրբազան Քահանայապետին նախաբանով «Peace Be with You!» գիրքը, հրատարակչութիւնը՝ «Harper Collins»ի: Հատորը «E pace sia!» գիրքին անգլերէն տարբերակն է, որ հրատարակուած 2025ի Օգոստոսին «Libreria Editrice Vaticana»ի կողմէ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

24 Փետրուարէն ԱՄՆ եւ անգլիախօս երկիրներու գրախանութներուն մէջ վաճառքի մէջ է Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին նախաբանը կրող «Peace Be with You! - Խաղաղութիւն ձեզի» գիրքը՝ հրատարակչութիւնը՝ «Harper Collins»ի, որ 2025 թուականի Օգոստոսին «E pace sia! - Եւ եղիցի խաղաղութիւն» հատորի անգլերէն տարբերակն է՝ հրատարակուած Վատիկանի Հրատարակչատան կողմէ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն` որոշ կրճատումներով

«Խաղաղութիւնը մեր ժամանակներու մեծ նիւթերէն մէկն է, որ ըլլայ պարգեւ, ըլլայ պարտաւորութիւն է: (…)

Կ՚ապրինք չափազանց շատ հակամարտութիւններէ վիրաւորուած եւ արիւնալի թշնամանքէ հարուածուած աշխարհի մը մէջ։ Ծայրայեղ ազգայնականութիւնը կ՚ոտնահարէ ամենաթոյլերու իրաւունքները։ Խաղաղութիւնը, նախքան, որ ջախջախուի մարտադաշտի մէջ, կը պարտուի մարդկային սրտի մէջ, երբ կը տրուինք եսասիրութեան եւ ագահութեան, երբ կ’արտօնենք, որ եսասիրական շահերը գերակշռեն՝ փոխանակ նայելու ընդհանուր բարօրութեան ։ (…)

Ուրիշները անձնազրկելը՝ դէպի պատերազմ առաջին քայլն է։ Իսկ ուրիշները ճանչնալը, ընդհակառակը, խաղաղութիւն նախաճաշակել է։ Ճանչնալու համար՝ նախ պէտք է սորվիլ սիրել։ Սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ․ «Ոչ ոք կը ճանչցուի, եթէ ոչ բարեկամութեան միջոցաւ» («Ութսուներեք զանազան հարցումներ», 71)։

Խաղաղութեան ուղղահայեաց եւ հորիզոնական հարթութիւնները

Կ՚ուզէի խորհրդածել խաղաղութեան երկու հարթութեան շուրջ՝ ուղղահայեաց (որպէս վերուստ տրուած պարգեւ) եւ հորիզոնական (որպէս իւրաքանչիւր անձի պատասխանատուութիւն)։ Խաղաղութիւնը պարգեւ մըն է, զոր Աստուած տուած է բոլոր ժամանակներու այր մարդոց ու կիներուն՝ Բեթղեհէմի մէջ Յիսուսի ծնունդին միջոցաւ։ Հրեշտակները խաղաղութիւն աւետեցին երկրի վրայ, քանի որ Աստուած մարդ դարձաւ։ Ան այնքան խորը գրկեց մարդկութեան, որ իր խաչով ոչնչացուց մեղքի թշնամանքը։ (…)

Խաղաղութիւնը՝ պարգեւ

Բացի այդ, խաղաղութիւնը Յարուցեալի կողմէ իր աշակերտներուն տրուած պարգեւն է։ (…) «Տէրը իր յարութենէն ետք երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ ողջունեց զանոնք՝ ըսելով․ «Խաղաղութիւն ձեզի» (Սուրբ Օգոստինոս` Քարոզներ, 116)։

Խաղաղութիւնը՝ պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն

Այսուհանդերձ, խաղաղութիւնը նաեւ պարտաւորութիւն եւ պատասխանատուութիւն է մեզմէ ամէն մէկուն համար։ Խաղաղութիւն կը նշանակէ դաստիարակել մանուկները՝ յարգելու ուրիշները, յաղթել մեր անձնական հպարտութիւնը եւ տեղ տալ միւսին մեր ընտանիքներու, աշխատանքի, մարզանքի մէջ։

Աստուած երբեք չ’օրհներ բռնութիւնը

Խաղաղութիւնը, երբ մեր սրտերն ու կեանքը լի են լռութեամբ, խորհրդածութեամբ եւ Աստուծոյ ունկնդրութեամբ, քանզի Աստուած երբեք չ’օրհներ բռնութիւնը, երբեք հաւանութիւն չի տար ուրիշները շահագործել կամ մեր միակ Երկիր մոլորակը խելայեղ կերպով չարաշահել, որ կը խեղաթիւրէ Արարչագործութիւնը, Արարիչի շոյանքը։

Աղօթելով կը զինաթափենք մեր եսասիրութիւնը

Մենք կրնանք մեզ անզօր զգալ աշխարհի մէջ մղուող բազմաթիւ պատերազմներուն դիմաց։ Կրնանք տարբեր ձեւերով պատասխանել անոր, ինչ որ կոչեցի «անզօրութեան համաշխարհայնացում»։ Հաւատացեալները նախ եւ առաջ կրնան ձայն տալ աղօթքին։ Աղօթքը «անզէն» ուժ մըն է, որ կը փնտռէ միայն ընդհանուր բարիքը՝ առանց բացառութեան։ Աղօթելով՝ մենք կը զինաթափենք մեր եսասիրութիւնը եւ կը դառնանք ընդունակ անձնուիրութեան ու անկեղծութեան։

Մեր սրտերը ամենէ կարեւոր մարտադաշտ՝ կառուցելու տեւական խաղաղութիւն

Աւելին, մեր սրտերը ամենէ կարեւոր մարտադաշտն են եւ այնտեղ պէտք ենք սորվիլ անարիւն, բայց անհրաժեշտ յաղթանակը մահուան մղումներուն եւ տիրապետութեան միտումներուն վրայ․ միայն խաղաղ սրտերը կարող են կառուցել արդար ու տեւական խաղաղութիւն։

Քաղաքականութեան եւ միջազգային համայնքի պատասխանատուութիւնը

Ի վերջոյ, քաղաքականութիւնը եւ միջազգային համայնքը պատասխանատուութիւն ունին դիւրացնելու հակամարտութիւններուն մէջ միջնորդութիւնը՝ գործածելով երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան արուեստը», կ’եզրափակէ Լեւոն ԺԴ․ «Peace Be with You!» գիրքին իր նախաբանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 15:00