2026.02.19 Partecipanti al Capitolo Generale dei Legionari di Cristo

Կրօնական կեանքին մէջ իշխանութիւնը ծառայութիւն է, տարբերութիւնները՝ հարստութիւն․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Legionari di Cristo» Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի մասնակցողներուն․ «Միսիոներական միութիւնը պէտք չէ հասկնալ, որպէս միատարրութիւն» կամ ալ «տարբերութիւններու ջնջում», այլ՝ «բազմազանութիւնը ներդաշնակելու կարողութիւն ի նպաստ բոլորին, ընդունելով տարբերութիւնները որպէս հարստութիւն եւ միասին զատորոշելով Տիրոջ կողմէ մեզ առաջարկուող ուղիները»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը 19 Փետրուարին Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց «Legionari di Cristo» Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովի մասնակցողներուն։

Ընդհանուր Ժողովները կրօնական միաբանութիւններուն կ’ընձեռեն հնարաւորութիւն՝ ունկնդիր ըլլալու Սուրբ Հոգիին եւ միասնաբար զատորոշելու անոր առաջնորդութիւնը, որպէսզի համայնքը առաջնորդուի դէպի ապագայ։ Այս միտքը արտայայտեց Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը։

Գայթակղութիւնները՝ ցաւի եւ ճգնաժամերու պատճառ

Միաբանութեան անդամները, շարունակեց Ան, հակառակ պատմական դրսեւորումներուն եւ գայթակղութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած են ցաւի եւ ճգնաժամերու, պէտք է իրենք զիրենք ճանչնան շնորհապարգեւի մը ժառանգորդներ, որ անոնց սկզբնաւորման հիմք դարձաւ։

Ասկէ մեկնելով Լեւոն Պապը քաջալերեց «մշտապէս փնտռելու նորոգութիւն՝ Աւետարանին հաւատարիմ մնալու համար։

Շնորհապարգեւը պէտք է միշտ վերագտնուի, մաքրուի եւ ապրուի նոր պայմաններու մէջ

«Շնորհապարգեւը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է», ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը։ «Ամէն միաբանութիւն եւ անոր իւրաքանչիւր անդամ կոչուած են զայն մարմնաւորելու անձնապէս եւ համայնաբար, շարունակական խորացման գործընթացի մը մէջ, որ զանոնք կը դնէ եւ կը սահմանէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ»։

Այսպէս, շնորհապարգեւը պէտք է միշտ վերագտնուի, մաքրուի եւ ապրուի նոր պայմաններու մէջ, որպէսզի ան շարունակէ պտղաբերել Եկեղեցւոյ եւ աշխարհի բարիքին համար, նշեց Քահանայապետը եւ հրաւիրեց Միաբանութեան առաջնորդները յիշելու, թէ կրօնական կեանքին մէջ իշխանութիւնը պէտք է ծառայէ ընդհանուր կեանքին եւ միաբանութեան անդամները կեդրոնացնէ Քրիստոսի վրայ, մինչ «պէտք է խուսափիլ ամէն տեսակ վերահսկողութենէն, որ չի յարգեր անձերու արժանապատուութիւնն ու ազատութիւնը»։

Կրօնական կեանքին մէջ իշխանութիւնը տիրապետութիւն չէ, այլ հոգեւոր եւ եղբայրական ծառայութիւն

«Կրօնական կեանքին մէջ իշխանութիւնը չի հասկացուիր որպէս տիրապետութիւն, այլ որպէս հոգեւոր եւ եղբայրական ծառայութիւն անոնց, որոնք կը բաժնեն նոյն կոչումը», ըսաւ ան։ «Անոր գործադրութիւնը պէտք է արտայայտուի ‘ընկերակցութեան արուեստով’»։

Կրօնական միաբանութիւններու առաջնորդները պէտք է փնտռեն այնպիսի կառավարման ձեւ մը, որ կը բնորոշուի «փոխադարձ լսումով, համապատասխանատուութեամբ, թափանցիկութեամբ, եղբայրական մօտեցումով եւ համայնական զանազանութեամբ», շեշտեց Լեւոն ԺԴ․.։

Տարբերութիւնները՝ հարստութիւն

Միսիոնարական միութիւնը «միատարրութիւն» կամ ալ «տարբերութիւններու ջնջում» չէ, այլ՝ «բազմազանութիւնը ներդաշնակելու կարողութիւն ի նպաստ բոլորին, ընդունելով տարբերութիւնները որպէս հարստութիւն եւ միասին զատորոշելով Տիրոջ կողմէ մեզի առաջարկուող ուղիները»։

Գործընթաց, որ ըստ Քահանայապետին, «կը պահանջէ խոնարհութիւն լսելու համար, ներքին ազատութիւն՝ անկեղծութեամբ արտայայտուելու համար եւ բացութիւն՝ ընդունելու ընդհանուր զատորոշումը։ Ասիկա պահանջ մըն է, որ կը վերաբերի իւրաքանչիւր կոչման, որ կ՛ապրուի համայնքի մէջ»։

Խուսափիլ մասնաւոր շահերէն

Լեւոն ԺԴ․, ի վերջոյ, հրաւիրելով «Legionari di Cristo» Միաբանութեան անդամները խուսափիլ մասնաւոր շահերէն եւ առաջնորդել իրենց միաբանութիւնը ներքին ազատութեամբ, բոլորը յանձնեց Կուատալուփէ Տիրամօր բարեխօսութեան։

Նշենք, թէ «Legionari di Cristo» Միաբանութիւնը հիմնուած է 1948 թուականին Մեքսիքոյին մէջ։ 2020-ականներուն Միաբանութիւնը մեծ վիշտ ու վրդովմունք ապրեցաւ։ Անոր որոշ քահանաներ ու սարկաւագներ 2021 թուականին մեղաւոր ճանչցուեցան 1941-էն մինչև 2020 թուականը ժամանակահատուածի մէջ 11-16 տարեկան 170 դեռահաս տղաներու նկատմամբ բռնութիւններու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2026, 10:30