«Աւետարանը ձեր կողմնացոյցն է՝ աշխատանքի աշխարհը վերափոխելու համար». Լեւոն ԺԴ. Պապը «Փոլիքորօ»-ի 30-ամեակին
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 21 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի «Փոլիքորօ» ծրագիրի անդամները՝ ծրագիրի գործունէութեան 30-ամեակին առթիւ։
Արտասանած պատգամին մէջ Քահանայապետը բարձր գնահատեց յիշեալ ծրագիրին աշխատանքը, որ կը միտի երիտասարդներուն մէջ սերմանել աշխատանքի մշակոյթ, արդարութիւն եւ աւետարանական արժէքներ։
«Երեսուն տարիներու ընթացքին դուք սերմանեցիք հսկայական քանակութեամբ բարիք, որ արժանի է պատմուելու. երիտասարդներ, որոնք լծուեցան ընկերային եւ քաղաքական աշխատանքներու. կեանքեր, որոնք վերագտան իրենց մղիչ ուժը՝ շնորհիւ Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ 1995-ին սկիզբ առած այս նախաձեռնութիւնը ծնունդ առաւ Իտալիոյ հարաւային շրջաններու տնտեսական տագնապին պատասխանելու համար, սակայն այսօր դարձած է համազգային օրինակելի տիպար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդներուն՝ փտածութեան եւ շահագործման «ոչ» ըսելու, ինչպէս նաեւ մաֆիայէն գրաւուած բարիքները հանրային օգտակարութեան վերածելու իրենց քաջութեան համար։
Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները նայելու դէպի ապագայ՝ առանց կորսնցնելու այն ուղեցոյցները, որոնք մինչեւ հոս առաջնորդեցին զիրենք եւ պիտի արտօնեն տակաւին երկար ուղի կտրել։ Ան մատնանշեց չորս հիմնական ուղեցոյցներ.
Աւետարանը
«Ձեր յանձնառութեան կողմնացոյցը Աւետարանն է. անոր մէջ կը գտնուի այն ճշմարիտ ուժը, որ կը վերափոխէ սիրտերն ու աշխարհը։ Հայր Մարիօ Օփերթին՝ ծրագիրի հիմնադիրներէն մէկը, Ճուզեփփէ Փազինիի հետ միասին, այսպէս գրած է. «Եթէ մենք այնքան աղքատ ըլլայինք, որ չկարենայինք ուրիշներուն ոչինչ տալ, թերեւս աւելի լաւ գիտակցէինք Աւետարանին հարստութիւնը, որ իրապէս կրնայ փոխել մարդոց կեանքը եւ օգնել անոնց՝ յառաջ ընթանալու»»։
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը
Նորին Սրբութիւնը յորդորեց երիտասարդները չըլլալ «չարագուշակ մարգարէներ», այլ քննել ամէն ինչ եւ պահել բարին՝ կեդրոնացնելով մարդկային արժանապատուութիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Ընկերային վարդապետութեան ուսումնասիրութիւնը կ’արտօնէ սիրել ժամանակը եւ կը հայթայթէ իրականութիւնը մեկնաբանելու գործիքները։
Համայնքը
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ յաջողութիւնը առանձին առաջնորդներու գործը չէ, այլ փոխյարաբերութիւններու եւ միասնական երազանքներու արդիւնք։
«Այսօրուան մշակոյթը մեզ կը մղէ մեզի տեսնելու մեկուսացած եւ մրցակցութեան մէջ։ Ընդհակառակը, աշխատանքը, տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը չեն հենիր առանձին առաջնորդներու հանճարին վրայ, այլ՝ ընկերային յարաբերութիւններու մասնագէտներուն վրայ։ Երբ համայնքային կեանքը կ’աճի թէ՛ ընկերութեան եւ թէ՛ Եկեղեցւոյ մէջ, այն ատեն ստեղծած կ’ըլլանք այն պայմանները, որպէսզի կեանքը կարենայ ծաղկիլ»։
Սուրբերու վկայութիւնը
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները յիշելու, թէ իրենց հոգիին մէջ ունին բազմաթիւ հայրեր ու մայրեր, որոնք եղած են ուղեցոյցներ՝ քաղաքներու, տարածաշրջաններու եւ ամբողջ երկրին համար։ Անոնք այն սուրբերն ու վկաներն են, որոնց ընկերային յանձնառութիւնը դարձաւ քաղաքացիական եւ բարեսիրական վերանորոգման աղբիւր։ Այս առնչութեամբ ան յիշեց շարք մը երանելիներ եւ հասարակական գործիչներ՝ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիէն մինչեւ Փինօ Փուլյիզի, զանոնք համարելով ներշնչման աղբիւր։
Եզրակացութիւն. Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակեց յորդորելով երիտասարդները շարունակել երազել եւ կապեր հաստատել Եւրոպայի ու աշխարհի այլ երիտասարդներուն հետ։ Ապա, ապահովելով իր աղօթքը ներկաներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
