Որոնել

2026.02.19 Incontro con il Clero della Diocesi di Roma

Լեւոն ԺԴ-ը Հռոմի քահանաներուն. Հրատապ է հռչակել Աւետարանը

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց իր Թեմին հոգեւորակաները եւ ցուցմունքներ տուաւ անոնց միասին աշխատելու՝ «կրօնական գործադրութեան աճող քայքայումին» դիմաց։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց յաղթահարել ինքնակեդրոնութեան փորձութիւնը, կանգնիլ երիտասարդներուն մօտ եւ հասկնալ անոնց մոլորութիւնը, վերաշխուժացնել քրիստոնէական աւետումը, որ «առաջնահերթութիւն» է։ Պէտք է փնտռուին «ուղիներ եւ միջոցներ, որոնք պիտի օգնեն մարդոց վերստին կապ հաստատելու Յիսուսի խոստումին հետ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Վերակենդանացնել այն կրակը, որ նախ Աստուած վառեց՝ շնորհելով Իր գործին հետ համագործակցելու կարելիութիւնը. դիտել ժամանակներու նշանները, ըմբռնելով փոփոխութիւնները, որպէսզի վերաշխուժացուի Աւետարանի հռչակումը՝ քահանայական կեանքի յոգնածութենէն անդին... Աւելին, կան երիտասարդներ՝ փխրուն, Եկեղեցիէն հեռու, մոլորած եւ ներսը անհանգստութեամբ լեցուն, որ ծայրայեղ պարագաներուն կը վերածուի բռնութեան։ Այս խաւարին մէջ է, որ կոչումին կրակը եւ անոր լոյսը կը դառնան բժշկութիւն, կը դառնան յոյսի հորիզոն»։

Լեւոն ԺԴ Պապին խօսքերն են ասոնք զոր ան արտասանեց Հինգշաբթի 19 Փետրուարի առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հիւրընկալելով եւ ունկնդրութիւն շնորհելով Հռոմի Թեմի հոգեւորականներուն, որուն ինք Եպիսկոպոսն է, եւ որոնց կ՛ընկերանային Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան եւ օգնական եպիսկոպոսները։

Վերադառնալ Աւետարանի հռչակման

Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց Աւետարանի հռչակման վերադառնալու անհրաժեշտութեան վրայ։

«Հրատապ է վերադառնալ Աւետարանի հռչակման․Այս է առաջնահերթութիւնը։ Խոնարհութեամբ, բայց առանց յուսահատելու, պէտք է ընդունինք, որ մկրտուածներու մէկ մասը չի զգար Եկեղեցիին իր պատկանելութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը կրօնական կեանքի գործադրութեան աճող նահանջին եւ խոր մշակութային փոփոխութիւններուն դիմաց հրաւիրելով ներկաները գերազանցելու այն հովուական մօտեցումը, որ գրեթէ բացառապէս կեդրոնացած է խորհուրդներու մատակարարութեան վրայ,  դարձեալ առաջնահերթ դարձնելու աւետարանացումը։

Նոր «ճամբաներ եւ եղանակներ»

Պէտք է գտնել նոր «ճամբաներ եւ եղանակներ» , որպէսզի մարդիկ կրկին մուտք գործեն Յիսուսի խոստումին հետ հաղորդութեան մէջ վերանայելով նաեւ քրիստոնէական սկզբնաւորման ուղիները եւ աւելիով ներգրաւելով երիտասարդներն ու ընտանիքները, նշեց հուսկ Սրբազան Հայրը հրաւէր ուղղելով յաղթահարելու ինքնաբաւութեան գայթակղութիւնը եւ շեշտելով միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը՝ ամրապնդելով ժողովրդապետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը, իրական կերպով արտայայտելու համար քահանայական հաղորդութիւնը։

Երիտասարդները

Քահանայապետի ճառին մէջ յատուկ տեղ յատկացուեցաւ երիտասարդներուն, որոնք յաճախ կ’ապրին մոլորումի, խոցելիութեան եւ Եկեղեցիէն հեռու վիճակներու մէջ։ Արագ լուծումներ չկան, ըսաւ Ան, սակայն հիմնականը լսելն է, ընդունիլը եւ համագործակցիլը` դպրոցներու եւ կրթական իրականութիւններուն հետ։

Ընկերանանք եւ զօրակցինք իրարու

Քահանայապետը ի վերջոյ քաջալերանքի յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդ քահանաներուն՝ չփակուելու առանձնութեան մէջ, պահելու Տիրոջ հետ ամենօրեայ հաւատարմութիւնը եւ փոխադարձաբար զօրակցելով իրար։

Լեւոն ԺԴ Պապին եզրափակիչ հրաւէրը եղաւ եղբայրութիւնը եւ փոխադարձ հոգատարութիւնը «Ընկերանանք եւ զօրակցինք իրարու» ըսաւ Ան։

Լեւոն ԺԴ Պապին հանդիպումը Հռոմի կղերին հետ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2026, 12:28