Հոգեւոր կրթութիւն, Գերպ Վարդըն. քրիստոնէական խաղաղութիւնը՝ «փոխակերպուած հասարակութեան նախապայման»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Վատիկանի «Փաուլինա» մատրան մէջ, կիրակի՝ 22 փետրուարի յետմիջօրէին, սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը։ Այս տարուան քարոզիչն է Նորվեկիոյ Թրոնտհէյմ քաղաքի եպիսկոպոս, «Չիսերչեան» միաբանութեան անդամ գերպ. Էրիք Վարդընը, որ իր առաջին խորհրդածութեան համար ընտրած էր «Մուտք դէպի Քառասնորդաց» թեման։
Խաղաղութիւնը՝ որպէս հասարակութեան փոխակերպման նախապայման
Գերպ. Վարդըն իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնէական խաղաղութիւնը պարզապէս «հանգիստ կեանքի» խոստում մը չէ, այլ հիմնական պայմանն է փոխակերպուած հասարակութեան մը համար։ Ան նշեց, որ Մեծ Պահքը հոգեւոր պայքարի ժամանակաշրջան է, որուն նպատակն է գտնել այն խաղաղութիւնը, «զոր աշխարհը չի կրնար տալ»։ Այս խաղաղութիւնը Յիսուսի մշտական ներկայութեան վկայութիւնն է մեր հոգիներուն ներս։
Վերադարձ էականին
Գերպ. Վարդըն նշեց, որ Քառասնորդացը մեզ կը դնէ էականին առջեւ՝ ձերբազատելով մեզ աւելորդութիւններէն։ Ան յիշեցուց, որ Եկեղեցին չի թերագնահատեր արատներու եւ կիրքերու դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։ Որպէս այս հոգեւոր պատերազմի «երաժշտական ուղեկից»՝ ան մատնանշեց 90-րդ սաղմոսը, որ դարեր շարունակ լատինական ծէսի անբաժան մասն է։
Յառաջիկայ ծրագիրը
Հոգեւոր կրթութեան խորհրդածութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ փետրուար 27՝ Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայութեամբ, որուն առօրեայ գործունէութիւնները պիտի դադրին մինչեւ այդ թուականը։
Իր յաջորդ խորհրդածութիւններուն մէջ գերպ. Վարդըն պիտի անդրադառնայ Սուրբ Պերնարտոսի կեանքին ու գործին՝ ներկայացնելով զայն թէ՛ որպէս «երազող» եւ թէ՛ որպէս «իրապաշտ»։ Ծրագիրը կը ներառէ նաեւ անդրադարձներ ճշմարտութեան պայծառութեան, ազատութեան եւ յոյսի փոխանցման մասին։
Յիշեցնենք որ այս տարուան խորհրդածութիւններու խորագիրն է՝ «Լուսաւորուած ծածուկ փառքով», որուն նպատակն է առաջնորդել հաւատացեալները դէպի աւելի գիտակից եւ սիրով լեցուն առաքելութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
