Որոնել

2025.11.20 Visita ad Assisi

Ասսիզին կը սպասէ Սրբազան Քահանայապետին՝ Եւրոպայի երիտասարդներուն հետ

Ասսիզիի ֆրանչեսկեան եղբայրները մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն Լեւոն ԺԴ․ Պապին այցելութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 6 Օգոստոսին՝ «GO! Franciscan Youth Meeting»ի առթիւ, որ Օգոստոս 3-էն սկսեալ, պիտի համախմբէ 18-33 տարեկան երիտասարդներ՝ հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ, Իտալիայէն եւ Եւրոպայէն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երեկ՝ 19 Փետրուարին, հաստատուեցաւ, որ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը 6 Օգոստոսին, պիտի այցելէ Ասսիզի եւ, համաձայն ծրագրին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ «Սանթա Մարիա Տէլյի Անճելի» տաճարին մէջ, վայր` ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս մահացած է, եւ պիտի հանդիպի երիտասարդներուն հետ։

Յիրաւի, Օգոստոս 3-էն սկսեալ, 18-33 տարեկան երիտասարդներ՝ հաւատացեալներ եւ ոչ հաւատացեալներ, Իտալիայէն եւ Եւրոպայէն, պիտի համախմբուին Ասսիզի՝ «GO! Franciscan Youth Meeting - Գնա՛։ Ֆրանչեսկեան Երիտասարդութեան Հանդիպում»ին առիթով։

Ձեռնարկին խորագիրը յղում է Տիրոջ այն խօսքերուն, որ ուղղեց Ֆրանչիսկոսին, երբ ան կ’աղօթէր Սան Տամիանոյի Մատուռին առջեւ. “Գնա՛ եւ նորոգէ՛ Իմ Եկեղեցիս»։

Պապի այցելութեան լուրը՝ ուրախութեան աղբիւր

Պապի այցելութեան պաշտօնապէս հաստատումը մեծ ուրախութիւն պատճառեց Ասսիզիի ֆրանչեսկեան եղբայրներուն, որոնք կը յիշեն, որ անցեալ տարուայ նոյեմբերին, երբ Նորին Սրբութիւնը մէկ օրով կանգ առաւ Ումպրիայ՝ աղօթելու Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Ասսիզացիի գերեզմանին առջեւ եւ հանդիպեցաւ իտալացի եպիսկոպոսներուն, խոստացաւ վերադառնալ Սուրբի մահուան 800ամեակին նուիրուած Յոբելենական տարուան ընթացքին։

Լսելու եւ երկխօսութեան փորձառութիւնը ապրելու ընդհանուր տարածք

«Գնա՛։ Ֆրանչեսկեան Երիտասարդութեան Հանդիպում»ը, նախաձեռնութեամբ Փոքր Եղբայրներ, Վանական Փոքր Եղբայրներ եւ Քափուչինեան Փոքր Եղբայրներ միաբանութիւններու (frati Minori, dai frati minori Conventuali e dai frati minori Cappuccini) եւ համագործակցութեամբ Ասսիզի քաղաքի եւ թեմի, նպատակ ունի ստեղծել ընդհանուր տարածք մը, ուր երիտասարդները պիտի կարենան ապրիլ լսելու եւ երկխօսութեան փորձառութիւնը, միասին մասնակցիլ աղօթքի եւ հոգեւոր պահերու, ինչպէս նաեւ կեանքի եւ ուրախութեան բաժնեկցութեան։

Վերակենդանացնել «Խսիրներու Ընդհանուր Ժողով»ը

Կազմակերպիչներէն մին՝ Հայր Լուքա Տի Փասքուալէն, այդ հաւաքը բնութագրած է «ֆրանչեսկեան ոճի Երիտասարդութեան համաշխարհային օր»՝ իր զարմանքը արտայայտելով Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի նկատմամբ երիտասարդներու մշտական ուշադրութեան առնչութեամբ։

Անոնց ներգրաւելու գաղափարը ծնած է Հայր Ֆրանչեսքօ Փիլոնիին մօտ՝ նպատակ ունենալով վերակենդանացնել 1221 թուականին «Խսիրներու Ընդհանուր Ժողով»ը՝ կազմակերպուած Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին կողմէ՝ հանդիպելու համար ֆրանչեսկեան կոչումը ստացած եղբայրներուն հետ եւ բաժնեկցելու առաքելութեան ու Աւետարանի փորձառութիւնները։ Այդ Ժողովին մասնակցած էին 5.000-է աւելի եղբայրներ, որոնք քնացած էին խսիրներու՝ բուսական կարպետներու վրայ՝ կացարաններու պակասի պատճառաւ։ Որմէ Ժողովը ստացած էր իր անունը։

Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին առնչուող յոբելենական բազմազան ձեռնարկներ

Հայր Լուքան պատմեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին առնչուող յոբելենական բազմաթիւ ձեռնարկներու մասին՝ առիթներ վերագտնելու այն կրակը, որ կը բոցավառէր Ֆրանչիսկոսը, անոնց շարքին՝ Կրեչչոյի մսուրի 800-ամեակ, վէրքերու երեւման տարեդարձ եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի «Արարածներու երգ երգոց»ին յիշատակութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2026, 10:10