Որոնել

2026.02.04 Cattedrale di Chiclayo

Լեւոն ԺԴ. Պապին նամակը յատուկ պատուիրակին՝ Հիւանդներու 34-րդ Համաշխարհային Օրուան առիթով

Օրուան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու եւ զանոնք գլխաւորելու համար Նորին Սրբութիւնը որպէս իր յատուկ պատուիրակ նշանակած է Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին, Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, որուն պիտի ընկերանան Հայր Ֆիտել Փուրիսքա Վիճիլը` Չիքլայօ Թեմին հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուն եւ Հայր Էնրիքէ Կոնզալէս Քարպաժալը, որ ազգային համարիչն է Փերուի Առողջութեան հովուական ծառայութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հիւանդներու 34-րդ Համաշխարհային Օրը այս տարի կը նշուի Փերույի Չիքլայօ Թեմին «Խաղաղութեան Տիրամայր» սրբավայրին մէջ, Թեմ` որ եղած է Լեւոն ԺԴ Պապին եպիսկոպոսութեան առաքելութեան վայր։

Օրուան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու եւ զանոնք գլխաւորելու համար Նորին Սրբութիւնը` որպէս իր յատուկ պատուիրակ նշանակած է Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին, Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը, որուն պիտի ընկերանան Հայր Ֆիտել Փուրիսքա Վիճիլը` Չիքլայօ Թեմին հաղորդակցութեան գրասենեակի պատասխանատուն եւ Հայր Էնրիքէ Կոնզալէս Քարպաժալը, որ ազգային համադրիչն է Փերուի Առողջութեան հովուական ծառայութեան։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը յիշեցնէ իր խոր հոգեւոր կապը Փերուի եւ մասնաւորաբար Չիքլայոյի Եկեղեցւոյ հետ, ուր տարիներ առաջ արժանացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։

Ան ապա կը մատնանշէ Երանելի Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հոգատարութեան` հիւանդներուն եւ տառապողներուն հանդէպ, յիշելով նաեւ թէ ինչպէս երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապը ցանկացած էր Համաշխարհային Օրը նշել Փերուի մէջ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հիւանդները կը հրաւիրէ իրենց տառապանքները ընծայելու խաղաղութեան համար` դիմելով ողորմած Աստուծոյ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, իսկ ամբողջ Եկեղեցին կը կոչէ միանալու աղօթքին եւ մերձաւորութեան կենդանի վկայութեան։

Նամակին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր Առաքելական Օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլոր հիւանդներուն, անոնց խնամողներուն եւ Հիւանդներու Համաշխարհային Օրուան բոլոր մասնակիցներուն՝ վերահաստատելով Եկեղեցւոյ մշտական հոգատարութիւնը տառապող մարդկութեան հանդէպ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2026, 12:04