Որոնել

Լևոն ԺԴ. «Տէ՛ր, սորվեցուր մեզ ճանչնալ քու դէմքդ իւրաքանչիւր տառապող երեխայի մէջ»

Հրատարակուեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Փետրուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը, որ նուիրուած է Անբուժելի հինաւանդութիւններ ունեցող երեխաներուն եւ որուն մէջ Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ աղօթելու «որպէսզի անբուժելի հիւանդութիւններով երեխաները և անոնց ընտանիքները կարողանան ստանալ անհրաժեշտ բժշկական օգնութիւնն ու աջակցութիւնը՝ առանց երբևէ կորսնցնելու ուժն ու յոյսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ամէն տարի 0-էն 19 տարեկան մօտաւորապէս 400,000 երեխաներու և դեռահասներու մօտ կ՛ ախտորոշուի քաղցկեղը, որ շատ դէպքերու պարագային հեշտ բուժում չունի և մանկական և դեռահասներու մահացութեան հիմնական պատճառներէն մէկն է։ Աւելին, ամբողջ աշխարհի մէջ 20 տարեկանէն փոքր աւելի քան 2.1 միլիարդ երեխայ կը տառապի քրոնիկ հիւանդութիւններէ, ինչպիսիք են շաքարախտը կամ սրտանոթային և շնչառական հիւանդութիւնները։

Լևոն ԺԴ Պապը փետրուար ամսուայ աղօթքի իր դիտաւորութիւնը, որ հրատարակուեցաւ այսօր եւ կը տարածուի Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցի միջոցաւ՝ Հաղորդակցութեան Վերատսեչութեան հետ համագործակցութեամբ նուիրած է անոնց և բոլոր «անբուժելի հիւանդութիւններով երեխաներուն»։

Հիւանդներու համաշխարհային օր

Աղօթքի դիտաւորութեան այս ընտրութիւնը պատահական չէ. փետրուար 11-ը՝ Լուրտի Աստուածածնայ տօնին օրը կը նշուի նաեւ Հիւանդներու համաշխարհային 34-րդ օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «Սամարացիի կարեկցանքը. սիրել՝ կրելով ուրիշին ցաւը»: Հիմնական տօնախմբութիւնը նախատեսուած է Փերուի Չիքլայօ քաղաքին մէջ, ուր այժմու Քահանայապետը պաշտօնավարած էր որպէս Թեմի առաջնորդ։

Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ իրեն միանալու եւ աղօթելու անբուժելի հիւանդութիւններով երեխաներուն համար։

Քահանայապետը աղօթքը կատարեց Վատիկանի «San Pellegrino» Եկեղեցւոյ մէջ իր ձեռքերուն մէջ ունենալով Պամպինօ Ճեզու մանկաբուժարանի փոքրիկ հիւանդներուն գծագրութիւնները եւ Տիրոջմէ հայցելով «որ մանուկները երբեք զուրկ չըլլան բաւարար բժշկական խնամքէն, մարդկային և մօտիկ խնամքէն, և սիրով ուղեկցող համայնքի աջակցութիւնէն։

Աղօթք հիւանդներու եւ առողջապահական գործիչներու համար

Սրբազան Պապը հուսկ Աստուծոյ յանձնեց հիւանդներու ընտանիքները, որպէսզի անոնք ամուր մնան յոյսի մէջ, եւ իր օրհնութիւնը շնորհեց բժիշկներուն, եւ առողջապահական գործիչներուն, որպէսզի անոնց աշխատանքը ըլլայ գործունեայ գթասրտութեան արտայայտութիւն:

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց Քրիստոսի դէմքը ճանչնալու իւրաքանչիւր տառապող մանուկի մէջ եւ խնամելու զանոնք շօշափելի գործունեայ զօրակցութեամբ:

 

Սրբազան Պապին աղօթքը

Յանոն Հօր, Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ։ Ամէն։

Տէր Յիսուս,
Դուն որ փոքրիկները Քու գիրկդ կ՚առնէիր
եւ քնքշութեամբ կ՛ օրհնէիր,
այսօր Քեզի կը յանձնենք
անբուժելի հիւանդութիւններով ապրող երեխաները։

Անոնց խոցելի մարմինները Քու ներկայութեանդ նշանն են,
եւ անոնց ժպիտները, նոյնիսկ ցաւի մէջ,
Քու Արքայութեանդ վկայութիւնն են։
Կ՚աղաչենք Քեզի, Տէր,
որ երբեք չպակսի անոնց
պատշաճ բժշկական խնամք,
մարդկային ու մօտիկ հոգատարութիւն,
եւ սիրով ուղեկցող համայնքի աջակցութիւն։

Ամրացուր անոնց ընտանիքները յոյսի մէջ,
յոգնածութեան ու անորոշութեան միջեւ,
եւ դարձուր զանոնք
փորձութեան մէջ զօրացող հաւատքի վկաներ։

Օրհնէ բժիշկներու, բուժքոյրերու
եւ առողջապահական բոլոր ծառայողներու ձեռքերը,
որպէսզի անոնց աշխատանքը
միշտ ըլլայ գործուն կարեկցանքի արտայայտութիւն։

Թող Քու Սուրբ Հոգիդ լուսաւորէ զանոնք
իւրաքանչիւր դժուար որոշումի մէջ
եւ պարգեւէ համբերութիւն ու քնքշութիւն,
որպէսզի արժանապատուութեամբ ծառայեն։

Տէր,
սորվեցուր մեզ ճանչնալ Քու դէմքդ
իւրաքանչիւր տառապող երեխայի մէջ։
Թող անոնց խոցելիութիւնը արթնցնէ մեր կարեկցանքը
եւ մղէ մեզ խնամելու, ուղեկցելու եւ սիրելու
իրական, շօշափելի զօրակցութեան գործերով։

Դարձուր մեզ Եկեղեցի մը,
որ Քու Սրտիդ զգացումներով լեցուն,
եւ մղուած աղօթքով ու ծառայութեամբ,
գիտնայ թիկունք կանգնիլ դիւրաբեկութեան
եւ ցաւի մէջ ըլլայ մխիթարութեան աղբիւր,
յոյսի սերմ եւ նոր կեանքի աւետիս։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 15:00