Որոնել

Հոգեւոր կրթութիւն, Վատիկան Հոգեւոր կրթութիւն, Վատիկան  (@Vatican Media)

Վատիկանի. մէջ Հոգեւոր Կրթութիւն Գ խորհրդածութիւն. Ինչպէս ապրիլ Աստուծոյ օգնութեամբ

Գերպ. Էրիք Վարտըն կը շեշտէ, որ Աստուծոյ օգնութիւնը ոչ թէ պատահական «շտապ օգնութիւն» է, այլ մնայուն բնակարան, ուր հաւատացեալը կը հրաւիրուի ապրելու։ Անցնելով ցաւի եւ փորձութեան միջով՝ մարդը պէտք է հրաժարի կեղծ ապահովութիւններէն, որպէսզի շնորհքի նոր խորութեան մէջ գտնէ Աստուծոյ իրական ներկայութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Թրոնտհայմի եպիսկոպոս եւ վանական, Գերպ Էրիք Վարտըն, երկուշաբթի, 23 փետրուարին, յետմիջօրէին, Մեծ Պահքի հոգեւոր կրթութեան իր երրորդ խորհրդածութեան ընթացքին հրաւիրեց հաւատացեալները վերանայելու Աստուծոյ հետ իրենց յարաբերութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. Պապի եւ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն մասնակցութեամբ, Վատիկանի մէջ կայացած հոգեւոր կրթութեան մտածականի մէջ Գերպ Վարտըն նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ օգնութիւնը պէտք չէ շփոթել «112» շտապ օգնութեան հեռախոսահամարին հետ, որուն կը դիմենք միայն հրդեհի կամ արկածի պահուն։ Մեկնելով Սաղմոս 90-ի «Ով որ կը բնակի Բարձրեալին օգնութեան տակ» նախադասութենէն, գերպ Վարտըն շեշտեց, որ աստուածային օգնութիւնը ոչ թէ պատահական միջամտութիւն է, այլ մնայուն բնակարան։ Այն իրականութիւն մըն է, ուր մարդը կ՝ապրի, կը շարժի եւ կը գտնէ իր էութիւնը։

Յոբի Փորձառութիւնը. Գանգատէն դէպի շնորհք

Անդրադառնալով տառապանքի եւ լքուածութեան զցացումին, քարոզիչը օրինակ բերաւ Յոբի կերպարը։ Երբ կեանքի դժբախտութիւնները կը հարուածեն, շատեր կը միտին կրօնքը տեսնել որպէս «ապահովագրութեան քաղաքականութիւնը» եւ կը հիասթափուին, երբ պաշտպանիչ պատերը կը փլուզուին։

Գերպ Վարտըն նշեց երեք հանգրուաններ, որոնցմէ պէտք է անցնի հաւատացեալը.

- Գանգատը` Ցաւի անկեղծ արտայայտութիւնը։

- Սպառնալիքը` Այն պահը, երբ մեր շինած ապահովութիւնները կը քանդուին։

- Շնորհքը`  Նոր ու խորունկ մակարդակի վրայ Աստուծոյ ներկայութեան յայտնութիւնը։

Գերպ. Վարտըն իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով որ «Աստուած կրնայ ստեղծել նոր ու օրհնեալ աշխարհ մը՝ քանդելով այն պատերը, որոնց մէջ մենք իրականութեան մէջ կը խեղդուէինք» ու դադրելով Աստուծոյ հետ «առեւտուր» ընելէ կամ ապահովութիւններ փնտռելէ, մարդը կը սորվի ապրիլ շնորհքի նոր խորութեան մը մէջ, դառնալով յոյսի վկայ նաեւ ուրիշներուն համար։

Աստուծոյ օգնութեան մէջ բնակիլը, ինչպէս Սուրբ Պերնարտոսը մեզի կը սորվեցնէ, ապահովութիւններու առեւտուր ընել չէ։ Այլ կը նշանակէ անցնիլ գանգատի ու սպառնալիքի միջոցաւ՝ սորվելու համար ապրիլ շնորհքով, խորութեան այս նոր մակարդակին վրայ։ Եւ այսպիսով՝ առիթ ընձեռել ուրիշներուն ալ, որպէսզի զԱյն գտնեն։»

24 փետրուարի հոգեւոր կրթութեան 4-րդ խորհրդածութիւնը

Երեքշաբթի, 24 Փետրուար-ին, առաւօտեան Պաւղոսեան Մատրան մէջ քառասնորդաց 4-րդ խորհրդածութեան ընթացքին, Թրոնտհէյմի եպիսկոպոս Էրիք Վարտեն Պապին եւ Քուրիայի անդամներուն ներկայացուց «ազատութիւն» հասկացողութեան քրիստոնէական խոր իմաստը: Ըստ վանականին, իսկական ազատութիւնը ոչ թէ սեփական կամքի պարտադրումն է, այլ աշխարհը «խաչեալ սիրով» սիրելու եւ յանուն ուրիշի փրկութեան սեփական անձը նուիրելու պատրաստակամութիւնը:

Մեկնելով Սուրբ Պեռնարտոսի մտածումներէն՝ գերպ Վարտեն զգուշացուց մարդկային այն հակումէն, որ ազատութիւնը կը շփոթէ եսակեդրոն ցանկութիւններու գոհացման հետ: Ան շեշտեց, որ երբ մարդը կը մոռնայ իր հոգեւոր բնոյթը, կը դառնայ զանազան «թակարդներու» գերի: Այսօրուան քաղաքական դաշտին մէջ ազատութեան գաղափարը յաճախ կը շահագործուի որպէս հռետորական գործիք, ուր տարբեր խմբաւորումներու «ազատագրական» ծրագիրները կը յանգեցնեն բախումներու եւ նոր տեսակի ճնշումներու:

Քրիստոնէական տեսանկիւնէն, ազատութեան բարձրագոյն օրինակը Քրիստոսն է, որ «ինքզինք դատարկեց»՝ հնազանդելով Հօր կամքին: Գերպ Վարտեն նշեց, որ արդարութեան դատը երբեմն աւելի լաւ կը պաշտպանուի տառապանքով եւ ուժին ուժով չպատասխանելով: Ան եզրակացուց, որ ոչ մէկ գաղափարախօսութիւն՝ ըլլայ «Կուսակցութիւն» թէ «Տնտեսութիւն», կրնայ բռնութիւնը արդարացնել ազատութեան անուան տակ, քանի որ միակ վաւերական ազատութիւնը անձնականն է, որ երբեք չի կրնայ ոտնակոխել ուրիշին իրաւունքը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 10:35