Որոնել

Հոգեւոր Կրթութիւն Հոգեւոր Կրթութիւն  (@Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Հոգեւոր կրթութիւն. ճշմարտութեան պայծառութիւնը՝ սիրոյ ուղի դէպի սրբութիւն:

Գերպ. Էրիք Վարտէն կը յորդորէ հաւատացեալներն ու կղերական դասը դիմագրաւել փառասիրութեան եւ ներքին փտածութեան փորձութիւններուն՝ շեշտելով, որ Եկեղեցւոյ վկայութիւնը համոզիչ կը դառնայ միայն անձնազոհ սիրոյ եւ սրբութեան օրինակով: Ան կը շեշտէ հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանքի միութեան կարեւորութիւնը, ուր ճշմարտութիւնը պէտք է մարմնաւորուի ամէնօրեայ պարկեշտ վարքագիծի եւ Եկեղեցւոյ հարազատ լեզուին միջոցաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան ծիրէս ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Քուրիայի անդամները, Փետրուար 24ին, ներկայ գտնուեցան Վատիկանի Փաուլինեան մատրան մէջ տեղի ունեցած հոգեւոր կրթութեան, որուն Քարոզիչն է Թրոնտհայմի եպիսկոպոս եւ Թրապիստ միաբանութեան վանական՝ գերպ. Էրիք Վարտէն

Իր հինգերորդ խորհրդածութեան մէջ Գեր Վարտէն անդրադարձաւ «Ճշմարտութեան պայծառութեան» եւ փորձութիւններուն դիմադրելու կարեւորութեան։

«Ճշմարտութեան հանդէպ քրիստոնէական յաւակնութիւնը համոզիչ կը դառնայ, երբ անոր պայծառութիւնը կը յայտնուի անձնական ձեւով՝ սրբութեան մէջ անձնազոհութեան պատրաստ սիրոյ մը միջոցով, զտուած՝ զիջումներու փորձութիւններէն», ըսաւ Ան

Փորձութիւններու «Օգտակարութիւնը»

Գերպ Վարտէն նշեց, ո  փորձութիւնները անխուսափելի են մարդկային կեանքին մէջ։ Յղում կատարելով Սուրբ Պեռնարտոսին, Ան շեշտեց, որ Աստուած թոյլ կու տայ փորձութիւնները, որովհետեւ անոնք «օգտակար» են։ Այս դժուարութիւնները կը զօրացնեն մեր հաւատարմութիւնը ճշմարտութեան հանդէպ եւ կը մաքրեն մեզ կեղծիքէն, թոյլ տալով, որ դառնանք աւելի հաստատուն մեր հաւատքին մէջ։

Փառասիրութիւնը՝ որպէս հոգեկան խանգարում

Գերպ Վարտէն խստօրէն դատապարտեց փառասիրութիւնը, զայն որակելով որպէս «մտքի օտարացում» կամ յիմարութիւն։ Ան նշեց, որ փառասիրութիւնը թոյն մըն է, որ կը փճացնէ սրբութիւնը եւ կը կոյրցնէ սիրտը։ Յատկապէս եկեղեցականներու պարագային, փառասիրութիւնը կը դառնայ ծաղրելի երեւոյթ, զոր նոյնիսկ գրականութիւնն ու շարժապատկերը յաճախ որպէս կատակերգական տարր կ՚օգտագործեն։ «Քրիստոնէական յաւակնութիւնը դէպի ճշմարտութիւն համոզիչ կը դառնայ միայն երբ անիկա կը յայտնուի անձնական օրինակով՝ սիրոյ եւ զոհողութեան միջոցաւ»։ 

Եկեղեցւոյ Լեզուն եւ սրբութեան կոչը

Գերպ Վարտէն յորդորեց Եկեղեցին չհետեւիլ աշխարհիկ նորաձեւութիւններուն կամ ժամանակակից անցողիկ բառապաշարին։ Փոխարէնը, Եկեղեցին պէտք է խօսի իր սեփական լեզուով՝ Աստուածաշունչի, պատարագի եւ սուրբերու լեզուով։ Ան յիշեցուց, 1996-ին Երանելի հռչակուած, Միլանոյի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Շուսթերի խօսքերը. «Մարդիկ այլեւս չեն համոզուիր մեր քարոզներով, բայց սրբութեան ներկայութեան առջեւ տակաւին կը հաւատան եւ կը ծնրադրեն»։

«Սրբութեան համընդհանուր կոչը, այսինքն՝ ճշմարտութիւնը մարմնաւորելու հրաւէրը, — եզրափակեց իր խորհրդածութիւնը վանական Գերպ Վարտէն — թերեւս Վատիկանեան Բ. Ժողովին ամենազօրաւոր շեշտադրումն էր։ Անիկա կոչնակի նման սքանչելիօրէն արձագանգեց իր բոլոր որոշումներուն մէջ։ Ասիկա ուղի մըն է, որ կը մնայ խիստ արդիական՝ ճշմարտութեան որոնման եւ հետեւաբար պատրանքներու յաղթահարման գործին մէջ»։

6-խորհրդածութիւն

Չորեքշաբթի, 25 փետրուարին, 6-րդ խորհդածութիւնը գերպ. Էրիք Վարտէն կեդրոնանացուց Եկեղեցւոյ ներքին վէրքերուն, փտածութեան եւ հոգեւոր անկումներու վրայ, զգուշացնելով, որ ամենամեծ վտանգը ոչ թէ արտաքին հալածանքներն են, այլ «տան ներսը» աճող չարիքը։

Փտածութիւնը՝ որպէս ճակատագրական հարուած

Գերպ Վարտէն ընդծեց, որ Եկեղեցւոյ վկայութեան ամենամեծ վնասը հասցուցած է ոչ թէ աշխարհի ընդդիմութիւնը, այլ եկեղեցական փտածութիւնը, յատկապէս՝ չարաշահումներու ողբերգութիւնը։ Ան շեշտեց, որ այս վէրքերը արդարութիւն եւ արցունքներ կը պահանջեն, քանի որ անոնք կը քանդեն բազմաթիւ անմեղներու կեանքեր։

Հոգեւոր Կրթութեան քարոզիը անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ինչպէս երբեմնի սրբութեան նշաններ ցոյց տուող համայնքները կամ առաջնորդները կրնան իյնալ գայթակղութեան մէջ։ Ան մերժեց այն պարզունակ միտքը, թէ ամէն ինչ սկիզբէն կեղծաւորութիւն էր, նկատել տալով որ , հոգեւոր կեանքի մէջ յառաջդիմողները աւելի կատաղի յարձակումներու կ՚ենթարկուին չարին կողմէ։ «Հոգեւոր անդամները աւելի խստութեամբ կը հարուածուին, քան մարմնաւորները», ըսաւ ան՝ յղում ընելով Սուրբ Պեռնարտոսին։

Գերպ Վարդտէն զգուշացուց հոգեւոր եւ մարմնաւոր կեանքը իրարմէ անջատելու վտանգէն։ Ան նշեց, որ հոգեւոր առաջնորդի մը ամբողջականութիւնը կը տեսնուի ոչ միայն իր քարոզներուն մէջ, այլեւ իր առօրեայ սովորութիւններուն՝ համացանցի օգտագործման, սեղանի շուրջ վարուեցողութեան եւ շողոքորթութենէ հեռու մնալուն մէջ։ «Հոգեւոր կեանքը յաւելուած մը չէ մեր գոյութեան վրայ. անիկա մեր կեանքին հոգին է»։

Գերպ Վարտէն խորհրդածութիւնը եզրափակեց կոչ ուղղելով կղերական դասին՝ ըլլալու արթուն թէ՛ մարմնաւոր եւ թէ՛ հոգեւոր բնութեան հանդէպ։ Նպատակը այն է, որ Քրիստոս խաղաղութեամբ թագաւորէ մարդկային բնութեան բոլոր շերտերուն մէջ, որպէսզի «Բանը մարմին ըլլայ» մեր ամենօրեայ գործերուն եւ վարքագիծին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2026, 10:19