Որոնել

Վատիկանի մէջ հոգեւոր Կրթութիւն Վատիկանի մէջ հոգեւոր Կրթութիւն  (@Vatican Media)

Վատիկանի մէջ Հոգեւոր կրթութիւններ. Իրականութիւնը Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցող աղաղակ մըն է

Գերպ. Էրիք Վարտեն Վատիկանի Մեծ Պահքի քարոզին ընթացքին ներկայացուց Սուրբ Պեռնարտոսի կերպարը, որ բացարձակ գաղափարապաշտութենէն անցում կատարեց դէպի իրապաշտութիւն՝ Քրիստոսի սիրոյն մէջ գտնելով ամէն ինչ փոխելու զօրութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իրականութիւնը Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցող աղաղակ մըն է, որուն միակ լիարժէք պատասխանը Յիսուսի փրկարար ու բուժիչ ներկայութիւնն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Փետրուար 26-ի յետմիջօրէին, Վատիկանի Պաուլինեան մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Քուրիայի անդամներուն Մեծ Պահքի հոգեւոր կրթութիւններու իններորդ խորհրդածութիւնը։ Օրուան քարոզիչը՝ Թրոնտհէյմի եպիսկոպոս գերպ. Էրիք Վարտենը, կեդրոնացաւ Սուրբ Պեռնարտոսի օրինակին վրայ՝ ներկայացնելով անոր անցումը բացարձակ «գաղափարապաշտութենէն» դէպի իմաստուն «իրապաշտութիւն»։

Գաղափարապաշտէն՝ իրապաշտ

Գերպ. Վարտեն իր քարոզին մէջ նշեց, որ Սուրբ Պեռնարտոսի կեանքի շրջադարձային կէտը եղաւ Քրիստոսի սիրոյ բացարձակ իրականութեան գիտակցումը։ Սկզբնական շրջանի խստապահանջ եւ անզիջող վանականը ժամանակի ընթացքին դարձաւ իրապաշտ, սակայն ոչ թէ պարզապէս իրողութիւնները ընդունողի իմաստով, այլ՝ տեսնելով մարդկային բոլոր իրադարձութիւններու խորքին պահուած «ողորմութիւն հայցող աղաղակը»։

Յիսուս՝ կեանքի անուշահոտ իւղը

Քարոզիչը շեշտեց, որ Պեռնարտոսի համար Յիսուսի անունը դարձաւ փրկարար ծրագիրի բացայայտումը, զոր Աստուած կը թափէ մարդկութեան վրայ, որպէս բուժիչ եւ մաքրող անուշահոտ իւղ։ Սուրբին համար որեւէ խօսք, գրութիւն կամ քննարկում անհամ էր, եթէ հոն չհնչէր Յիսուսի անունը։ Այս հեռանկարով է, որ ան կը մեկնաբանէր մարդկային յարաբերութիւններն ու իրավիճակները՝ զանոնք դիտելով բացառապէս Քրիստոսի լոյսին տակ։

Նորոգուած աշխարհի մը օրինակը

Ըստ Գերպ. Վարտենի, այս գերբնական լոյսին տակ մեր բնութիւնը կը յայտնէ իր կատարեալ ձեւը։ Սուրբ Պեռնարտոսի հասուն իրապաշտութիւնը զինք դարձուց ոչ միայն մեծ բարեփոխիչ կամ եկեղեցական առաջնորդ, այլեւ՝ «Եկեղեցւոյ վարդապետ եւ սուրբ»։ Անոր ազատութիւնը եւ Քրիստոսի սիրոյ զօրութեան հանդէպ ունեցած համոզումը կը հանդիսանան նորոգուած աշխարհի մը հիմնական ուղեցոյցը։

«Իրականութեան ամենախոր շերտը մարդկային տանջահար սիրտերէն, դառն արցունքներէն եւ աշխարհիկ բախումներէն բարձրացող աղաղակն է, որուն ի պատասխան կը հնչէ Աստուծոյ փառաւոր ողորմութիւնը»։

10-րդ խորհրդածութիւն

Ուրբաթ, 26 փետրուարին, առաւօտեան, Գերպ. Էրիք Վարտենի Հոգեւոր Կրթութեան 10-րդ խորհրդածութեան նիւթը եղաւ Սուրբ Պերնարտոսի Յաւերժական Խրատներն ու խորհրդածութեան թեման։

Գերպ. Վարտըն նշեց, որ պատմութեան ամենաազդեցիկ հոգեւոր գրութիւններէն մէկը՝ Սուրբ Պերնարտոս Քլերվոյեցիի «Խորհրդածութիւն» մենակգրութիւնը, կը շարունակէ մնալ արդիական ուղեցոյց մը ո՛չ միայն եկեղեցական, այլեւ ցանկացած տեսակի առաջնորդութեան համար։ Թէեւ գործը գրուած է որպէս անձնական նամակ Եւգինէոս Գ. Պապին (նախկին վանական Պերնարդօ տէյ Փականելլի), անիկա վերածուած է համաշխարհային «պեսթսելըրի»՝ շնորհիւ իր խորունկ իմաստասիրութեան։

Խորհրդածութիւնը՝ որպէս ճշմարտութեան որոնում

Ըստ Պերնարտոսի, «խորհրդածութիւնը» կը տարբերի սովորական հայեցողութենէն. անիկա մտքի այն լարումն է, որ թոյլ կու տայ ճշմարտութիւնը փնտռել մարդկային փոփոխական ու յաճախ խճճուած գործերու մէջ։ Սուրբը կը շեշտէ, որ Եկեղեցւոյ բարօրութիւնը կախեալ չէ հաստատութենական բարեփոխումներէ, այլ՝ զայն կառավարող անհատներու որակէն։

Առաջնորդին շրջապատը

Պերնարտոս կը թելադրէ Պապին շրջապատուիլ այնպիսի մարդոցմով, որոնք ունին հետեւեալ յատկանիշները.
Անբասիր նկարագիր եւ հաւատարմութիւն։

Խոնարհութիւն՝ առանց աղմուկի ու շքեղութեան ձգտումի։

Համբերատարութիւն, խաղաղասիրութիւն եւ վարչական հմտութիւն

Աղօթքի հանդէպ սէր, ուր կը գտնուի իրական յոյսը։

Երկնային կարգի արտացոլումը

Երբ Եկեղեցին կը գործէ այսպիսի սկզբունքներով, ան կը դառնայ երկնային հրեշտակային դասակարգութեան երկրային պատկերը։ Պերնարտոս կը պնդէ, որ աշխարհիկ հոգերը լաւագոյնս կը լուծուին, երբ զանոնք կը դիտենք վերին լոյսի տակ։ Աստուածային բարերարութեան եւ արդարութեան խորհրդածութիւնը առաջնորդին համար «վերադարձ է դէպի հայրենիք», ինչ որ կ’իմաստաւորէ ամէնօրեայ վարչական աշխատանքը։

Լուսաւոր բեռը

Յղում ընելով Սուրբ Օգոստինոսին, բնագիրը կը յիշեցնէ, որ եպիսկոպոսական պաշտօնը թէեւ «ծանր պարկ» է, սակայն Քրիստոսի լուծին մասնակցիլը զայն կը դարձնէ թեթեւ։ «Տա՛ր քու բեռդ մինչեւ վերջ. եթէ զայն սիրես, թեթեւ պիտի ըլլայ, եթէ ատես՝ պիտի ծանրանայ»,— կը պատգամէր Օգոստինոս։

Վերջապէս, ըստ Պերնարտոսի, իսկական առաջնորդը պէտք է ըլլայ «Փեսային բարեկամը»՝ գիտակցելով, որ իրեն վստահուած իշխանութիւնը պարզապէս աւանդ մըն է, զոր պէտք է օր մը հաշուետուութեամբ վերադարձնէ Տիրոջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2026, 10:51