Վատիկանի մէջ հոգեւոր Կրթութիւն. Քրիստոսի մէջ ոչ մէկ կսկիծ վերջնական է
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 27 փետրուարին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոսեան մատրան մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Քուրիայի անդամներուն համար տեղի ունեցաւ Հոգեւոր կրթութեան 11-րդ եւ վերջին խորհրդածութիւնը։ Օրուան քարոզիչը՝ Գերպ Էրիք Վարտեն, իր պատգամը կեդրոնացուց «Հաղորդել Յոյսը» թեմաին շուրջ։
Ոչ մէկ կսկիծ Վերջնական է
Գերպ Վարտենի քարոզին առանցքը այն հիմնական ճշմարտութիւնն էր, թէ Քրիստոսի չարչարանքներուն եւ յարութեան շնորհիւ՝ մարդկային տառապանքը ստացած է նոր իմաստ։ Ըստ քարոզիչին, աստուածային բարեացակամութիւնը թափանցած է մինչեւ դժոխքի խորքերը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ «ոչ մէկ կսկիծ կամ յուսահատութիւն վերջնական է»։ Այսօրուան երիտասարդութիւնը, որ յաճախ կը տառապի «ծանր սիրտով», ծարաւ է այս Աւետիսին։
«Ձեւափոխող Բարեացակամութիւն մը յագեցուցած է մարդկային տառապանքը՝ նոյնիսկ իր ծայրայեղագոյն արտայայտութիւններուն մէջ, հասնելով մինչեւ դժոխքի խորքերը. հետեւաբար՝ ոչ մէկ կսկիծի վերջնական է։»ըսաւ Ան
Երիտասարդութեան տագնապը եւ կեղեցւոյ դերը
Քարոզիչը կը շեշտէ, թէ Քրիստոս «մեզ կը կանչէ յոյս հաղորդելու աշխարհին», բայց քրիստոնէական յոյս ունենալը «պարտադիր չէ որ լաւատես ըլլալ նշանակէ», այլ՝ «անխտիր աշխատիլ սիրով եւ արդարութեամբ կերտուած նոր ու առողջ մարդկութեան մը համար»։» Վատիկանեան Բ. Ժողովի ոգիով, եկեղեցին կոչուած է Քրիստոսը յայտնելու որպէս արդի հարցումներուն վստահելի պատասխանը, մինչ երիտասարդութիւնը վերստին կը փնտռէ ճշմարտութեան հաստատուն արմատները։ Այսօրուան քայքայուող աշխարհին մէջ, տագնապահար սիրտերը աւազի վրայ կառուցելէ յոգնած՝ կը փնտռեն Քրիստոսի ժայռը որպէս միակ հաստատուն հիմքը։
«Ո՛չ այն մշակոյթին, որ մեզ կը փորձէ ունենալ «աւելի զուարթ Աւետարան» մը։»
Գերապայծառ Վարտըն կը մատնանշէ երիտասարդութեան խորունկ տառապանքը՝ օրինակ բերելով համերգի մը ընթացքին լսուած յուսահատութեան հզօր աղաղակը, որ կը բացայայտէ մեր ժամանակներու վիրաւոր գիտակցութիւնը։ Այս մելամաղձոտ լացը սոսկալի յուսալքութիւն մըն է, զոր եկեղեցին չի կրնար անտեսել, քանի որ վիրաւոր ըլլալու զգացումը մշուշի պէս պատած է արդի սերունդին սիրտը։»«Քարոզիչին համար, Եկեղեցւոյ եւ մեզի՝ քրիստոնեաներուս պատասխանն է՝ ապրիլ Քառասնորդացը՝ հրաւիրելով «սեւեռելու հայեացքը վիրաւոր ու տարածուած մարմնի մը վրայ», որ Խաչեալն Քրիստոսն է, «հաստատելով, թէ հո՛ս կը գտնուի յոյսը»։»
Քարոզիչին համաձայն՝ Խաչեալին պատկերին նահանջը հանրային գիտակցութենէն պատճառ դարձած է մարդկային տառապանքի հանդէպ յարգանքի կորուստին, քանի, որ միայն Քրիստոսի վէրքերուն հանդէպ երկիւղածութիւնն է, որ կրնայ սորվեցնել կարեկցութեան առաքինութիւնը։ Խաչը մեզի կ’օգնէ ընդունելու տառապանքի իրականութիւնը՝ միաժամանակ հաստատելով, որ վէրքերը վերջնական չեն, այլ կրնան վերածուիլ բժշկութեան եւ յոյսի կենդանի աղբիւրներու։
«Քրիստոնէական հաւատքը մեզ կը մղէ «կառուցողական ըմբոստութեան» մը՝ ընդդէմ այն քաղաքական եւ մարդաբանական խաբէութեան, որ կը փորձէ մարդկային կեանքը արժեւորել ըստ «առողջութեան» կամ «կատարելութեան» սահմանած չափանիշներուն։ Աւետարանը կը հաստատէ, թէ Քրիստոսի վէրքերը չանհետացան, այլ փառաւորուեցան, յուշելով մեզի, որ աշխարհի վէրքերն ալ կրնան սրբագործուիլ ու դառնալ փառաւոր՝ Տիրոջ գինիով ու ձէթով օծուելով։»
«Խաչեալին արժէքը՝ իմաստ որոնողներուն համար»
«Մարդ էակը ծարաւ է յստակ ուղղութեան եւ քրիստոնէական իրական յոյսին, զոր միայն Եկեղեցին կրնայ ջամբել իր իրապաշտ խորհրդանիշներով ու Խաչեալին պատկերով։ Մեր հաւատքը հիմնուած է պատմական իրողութիւններու վրայ, որոնք Քրիստոսի խորհրդաւոր մարմնին մէջ կը շարունակեն այժմէական մնալ՝ երաշխաւորելով մարդուն ամբողջական ու յաւիտենական փրկութիւնը։»
«90-րդ Սաղմոսը եւ Սուրբ Պերնարտոսի Զատիկը»
«Սուրբ Պերնարտոս Քլերվոյացին կը հաստատէ, թէ կեանքի փորձութիւնները ծննդաբերութեան երկունքի ցաւեր են, ուր փառքը թագնուած է տառապանքի մէջ՝ ինչպէս պտուղը սերմին մէջ։ Քրիստոսի կեանքին մասնակից դառնալով՝ մենք կը ճանչնանք Աստուծոյ համբերատար ուրախութիւնը, որ կը խոստանայ ըլլալ մեզի հետ ամէն նեղութեան մէջ եւ իր հաճոյքը գտնել մարդոց որդիներուն հետ ըլլալուն մէջ։»
«Յիսուս եւ Իր քնքուշ լոյսը՝ մեր կանթեղը։»
Գերապայծառ Վարտըն իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց նշելով որ Քրիստոսի վէրքերը Յարութենէն ետք չանհետացան, այլ դարձան փառաւորեալ։ Նոյնպէս ալ աշխարհի վէրքերը կրնան բժշկուիլ եւ դառնալ բժշկութեան աղբիւր, երբ անոնց վրայ կը թափուի Քրիստոսի սիրոյ օծումը։
Խորհրդածութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց քարոզիչին՝ նշելով, որ այս շաբաթը եղաւ խորունկ հոգեւոր փորձառութիւն մը, որ զինք եւ Քուրիան հրաւիրեց վերստին խորհրդածելու Եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութեան մասին՝ փառք տալ Աստուծոյ եւ յոյս ներշնչել մարդկութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
