Վատիկանի մէջ Հոգեւոր կրթութիւն. Քրիստոսի շնորհիւ, մեր մէջ կ’ապրի «ծածուկ փառք» մը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 25 Փետրուարին, յետմիջօրէին, Վատիկանի Պօղոսեան Մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին եւ Քուրիայի անդամներուն քառասնորդաց հոգեւոր կրթութեան եօթներորդ խորհրդածութիւնը։ Օրուան քարոզիչը՝ Թրոնտհայմի եպիսկոպոս եւ Թրապիստ միաբանութեան անդամ Գերպ Էրիք Վարտըն, 7-րդ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Փառք» թեմային վրայ։
Աստուածային անհուն ներուժը
Գերպ Վարտըն շեշտեց, որ իւրաքանչիւր մարդ արարածի մէջ գոյութիւն ունի «ծածուկ փառք» մը, քանի որ Աստուծոյ ծրագիրը մեր հանդէպ «անհունօրէն սքանչելի է»։ Ըստ քարոզիչին, եկեղեցին սուրբերու վկայութեամբ մեզի կը յիշեցնէ, որ ներկայի «միջակութիւնն ու յուսահատութիւնը» վերջնական չեն։ Քրիստոսի միջոցաւ մարդը կոչուած է ոչ միայն տեսնելու Աստուծոյ փառքը, այլեւ՝ շնորհքով դառնալու այդ փառքին մէկ մասնիկը։
Փառքը՝ տառապանքի եւ խաչի մէջ
Խորհրդածութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Բերնարտոս Քլերվոյացիի մտածումներուն։ Գերպ Վարտըն նշեց, որ մեր երկրային ճամբորդութեան աւարտին միայն պիտի կարենանք դէմ առ դէմ տեսնել Աստուած։ Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի փառքը ամենէն ցայտուն կերպով դրսեւորուեցաւ Գողգոթայի վրայ.
Ինքնանուիրում
Երբ շատեր լքեցին Յիսուսը, Խաչին տակ մնացին միայն Մարիամ Աստուածածինն ու Յովհաննէս առաքեալը ու այդ լքուածութեան եւ զոհողութեան պահն է, որ կը յայտնէ Քրիստոսի իսկական փառքը։
Սուրբ Խորհուրդները որպէս լոյսի Աղբիւր
Եպիսկոպոսը նաեւ խօսեցաւ Սուրբ Օգոստինոսի մասին՝ նշելով, որ մարդուս մէջ դրոշմուած աստուածային պատկերը երբեք չի կորսուիր, այլ միայն կրնայ «թաղուիլ» մեղքի մութ շերտերուն տակ։ Այդ փառքը վերագտնելու միջոցները Եկեղեցւոյ խորհուրդներն են. Ապաշխարութիւն եւ Օծում. Ուր աստուածային լոյսը կը ներթափանցէ մարդկային տկարութեան մէջ։ Սուրբ Հաղորդութիւն. Որպէս ամենէն վեհ, բայց միաժամանակ քողարկուած փառքի յայտնութիւն։
Փառքը թաքնուած է Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն մէջ
Գերպ. Վարտըն կը բացատրէ, թէ Եկեղեցին իր խորհուրդներուն միջոցաւ կը հաղորդէ այդ «ծածուկ փառքը»։ «Իւրաքանչիւր քահանայ, իւրաքանչիւր կաթողիկէ գիտէ այն լոյսը, որ կրնայ յայտնուիլ խոստովանարանին մէջ, հիւանդաց օծման, ձեռնադրութեան կամ պսակի արարողութեան ընթացքին։ Ամենէն փառաւորը եւ, որոշ առումով, ամենէն քողարկուածը՝ Սուրբ Հաղորդութեան փառքն է»։
Ապա ան կ’եզրափակէ. «Ո՞ր քահանան չի կրնար ըսել, սուրբ խորհուրդները մատուցանելէ ետք, այն ինչ որ մեծ երաժիշտ մը օրին յայտարարեց՝ նկարագրելով գեղեցկութեան, բժշկութեան եւ ճշմարտութեան լուսաւոր հաղորդակցութեան գործիք դառնալու իր փորձառութիւնը. 'Մահը իրապէս ողբերգութիւն մը պիտի չըլլար, որովհետեւ մարդկային կեանքի կեդրոնը հանդիսացող լաւագոյնը արդէն տեսնուած ու ապրուած է', մինչ իր սիրտը կը վառէր փառաւոր հիացմունքով»։
Հրեշտակային առաքելութիւնը. Պաշտպանութենէն մինչեւ աստուածային լուսաւորում
Հինգշաբթի, 26 փետրուարին, Գերպ Վարտըն 8-րդ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց հրեշտակներու թեմային վրայ նշելով, որ Հրեշտակները պարզապէս մխիթարողներ չեն, այլ սրբութեան պահապաններ եւ աստուածային լուսաւորողներ, որոնք մարդկային բնական փափաքները կ'առաջնորդեն դէպի գերագոյն Ճշմարտութիւն։ Ան նկատել տուաւ, որ Սուրբ Պերնարտոս Քլերվոյացիի եւ Սուրբ Ճոն Հենրի Նիումընի տեսլականներուն ընդմէջէն կը վերահաստատուի հրեշտակային դերը՝ որպէս մարդկային փորձառութեան եւ յաւիտենականութեան կամուրջ:
Փորձութենէն դէպի սրբութիւն
Գրեպ Վարտըն նշեց որ Քրիստոսի անապատի փորձութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Սատանան կրնայ չարաշահել Սաղմոսներու խօսքը: Սակայն, հրեշտակներու դերը մեր քմահաճոյքներուն ծառայելը չէ: Ըստ դասական աղօթքներու, անոնց պաշտօնն է «լուսաւորել, պահպանել, ուղղել եւ կառավարել»: Անոնք մեզի կը հրաւիրեն ոչ թէ վտանգաւոր «ցատկերու», այլ Աստուծոյ գիրկը նետուելու հաւատքով:
Պերնարտոս եւ սիրոյ վերափոխումը
Գերպ Վարտըն նշեց որ 1139 թուականին, Սուրբ Պերնարդոս շեշտեց, թէ հրեշտակները ողորմութեան եւ ճշմարտութեան միջնորդներ են: Ան նոյնիսկ օգտագործեց cupiditas (բնական փափաք) եզրը՝ բացատրելու համար, թէ մարդկային բոլոր բնական տենչերը պէտք է ուղղուին դէպի Աստուած: Հրեշտակը օրինակ է. ան կ’իջնէ՝ մարդոց ողորմութիւն բերելու, եւ կը բարձրանայ՝ մեր իղձերը Աստուծոյ ներկայացնելու:
Նիումըն. Ուսուցիչը որպէս «Հրեշտակային Լուսաւորող»
Սուրբ Ճոն Հենրի Նիումըն այս գաղափարը տարաւ դէպի կրթական եւ քահանայական ոլորտ: Այսօրուան թուային դարաշրջանին, երբ ուսումը յաճախ կը վստահուի մեքենաներուն եւ արհեստական բանականութեան, Նիումընի պատգամը այժմէական է. իսկական հանդիպումը անձնական է:
Ուսուցիչը կոչուած է ըլլալու «հրեշտակային լուսաւորող», որ ոչ միայն տեղեկութիւն կը փոխանցէ, այլեւ՝ իմաստութիւն: Ինչպէս հրեշտակները կը հսկեն մեզ մահուան ժամուն՝ հեռացնելով ամէն կեղծիք, այնպէս ալ իսկական դաստիարակը կ’օգնէ աշակերտին գտնելու լոյսը՝ պատրաստելով զայն յաւիտենական ճշմարտութեան:
Գերպ Վարտըն խորհդածութիւնը աւարտեց ընդգծելով որ Հրեշտակները Աստուծոյ շնորհքի կենդանի խողովակներն են: Մահուան պահուն անոնք կը վերցնեն բոլոր դիմակները: Ոչ մէկ «chatbot» կամ համակարգչային ծրագիր կրնայ փոխարինել հրեշտակային անձնական հանդիպումի խորհուրդը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
