2026.02.15 Angelus

Նորին Սրբութիւնը մօտիկութիւն յայտնեց Մատակասկարի բնակիչներուն եւ բարիք մաղթեց Լուսնային Նոր Տարիին առիթով

«Թող այս ուրախ տօնը քաջալերէ աւելի խոր ապրելու ընտանեկան կապերն ու բարեկամութիւնը, խաղաղութիւն բերէ տուներուն եւ ընկերութեան մէջ, եւ առիթ ըլլայ միասին նայելու ապագային՝ կառուցելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բոլոր ժողովուրդներուն համար» յարեց Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 Փետրուար 2026-ի կէսօրին Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը խօսքը ուղղելով այս առիթով ս. Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներուն նախ ակնարկեց Մատակասկարի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին, Երկիրը հարուածող «ցիկլոններուն» պատճառաւ որոնք յառաջացուցին ջրհեղեղներ եւ սողանքներ։

«Կ՛ աղօթեմ զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք ծանր վնասներ կրեցին» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ան ապա յիշեց թէ մօտ օրերուն կը նշուի Լուսնային Նոր Տարին, որ կը տօնուի միլիառներու կողմէ Արեւելեան Ասիոյ մէջ եւ աշխարհի այլ վայրերուն մէջ։

«Թող այս ուրախ տօնը քաջալերէ աւելի խոր ապրելու ընտանեկան կապերն ու բարեկամութիւնը, խաղաղութիւն բերէ տուներուն եւ ընկերութեան մէջ, եւ առիթ ըլլայ միասին նայելու ապագային՝ կառուցելով խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում բոլոր ժողովուրդներուն համար» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը այս տօնին առիթով իր սէրը յայտնելով բոլորին, եւ Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով իւրաքանչիւրին վրայ։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակ գտնուող ուխտաւորներու զանազան խումբերը մէկիկ մէկիկ յիշելով զանոնք ապա Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2026, 12:23