Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Իտալիոյ կուսակալները Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Իտալիոյ կուսակալները  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ Պապը Իտալիոյ կուսակալներուն. «Ձեր առաքելութիւնը ծառայութիւն է՝ ի նպաստ հասարակաց բարիքին»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Իտալիոյ կուսակալներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ անոնց առաքելութիւնը պէտք է առաջնորդուի հասարակաց բարիքի պաշտպանութեամբ եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու պահպանմամբ։ Սրբազան Հայրը նաեւ յորդորեց պետական պաշտօնեաները գործելու արդար խղճով՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տկարներու խնամքին եւ նոր արհեստագիտութիւններու զգուշաւոր կիրարկման։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 16 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Իտալիոյ Ներքին գործոց նախարարն ու հանրապետութեան կուսակալները։ Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ, Քահանայապետը ընդգծեց պետական պաշտօնեաներու դերը՝ որպէս հասարակական խաղաղութեան ու բարոյական արժէքներու պահապաններ, եւ յիշեց Սուրբ Ամբրոզիոսը՝ Միլանոյ պաշտպան սուրբը։

Ան նշեց, որ Սուրբ Ամբրոսիոս նախքան եպիսկոպոս ձեռնադրուիլը եղած է քաղաքի նահանգապետը։ «Այս արագ անցումէն ետք, Ամբրոզիոս նորովի կիրարկեց իր հանրային պաշտօնները՝ ժողովուրդի ծառայութեան դնելով այն հոգեւոր հեղինակութիւնը, որով օժտուած էր», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ մատնանշելով, որ Սուրբ Ամբրոզիոսի օրինակը կը խորհրդանշէ պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր համագործակցութիւնը։

«Ինչպէս հին ժամանակներուն, այնպէս ալ այսօր, ձեր առաքելութիւնը ուղղուած է պետութեան ծառայելուն՝ երաշխաւորելով հասարակական կարգն ու քաղաքացիներու անվտանգութիւնը», յայտնեց Սրբազան Հայրը։

Կարգ ու կանոնը՝ որպէս ազատութեան նախապայման

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ հասարակական կարգը սոսկ ոստիկանական հսկողութիւն չէ, այլ բարոյական մթնոլորտ մը, ուր տկարները, տարեցներն ու երիտասարդները կրնան ապահով զգալ։

«Յատկապէս մեր ժամանակները, որոնք յատկանշուած են միջազգային հակամարտութիւններով եւ լարուածութիւններով, ի յայտ կը բերեն հասարակաց բարիքի պաշտպանութեան կարեւորութիւնը. բարիք մը, որ սոսկ նիւթական ազդակներով չի սահմանափակուիր, քանի որ անիկա նախ եւ առաջ կը վերաբերի Իտալիոյ Հանրապետութեան բարոյական ու հոգեւոր ժառանգութեան։ Այս արժէքները քաղաքացիական համակեցութեան մէջ կը գտնեն լաւագոյն պայմանները՝ տարածուելու եւ յառաջդիմելու համար», ըսաւ Ան։

Քահանայապետը աւելցուց, որ հասարակական կարգը միայն ոճրագործութեան դէմ պայքարը չէ, այլեւ յարատեւ յանձնառութիւն՝ ընդդէմ բռնութեան, կեղծիքի եւ գռեհկութեան այն բոլոր ձեւերուն, որոնք կը վիրաւորեն ընկերային մարմինը։

Խիղճը եւ օրէնքի գերակայութիւնը

Յղում կատարելով Իտալիոյ Սահմանադրութեան 98-րդ յօդուածին՝ Պապը յիշեցուց, որ պետական պաշտօնեաները բացառապէս ազգին կը ծառայեն։ Ան յորդորեց ներկաները առաջնորդուիլ ոչ միայն պետական օրէնքներով, այլեւ սեփական խղճով։

«Ազգին ծառայելը կը նշանակէ յստակ մտքով եւ անարատ խղճով նուիրուիլ հաւաքականութեան, այսինքն՝ իտալացի ժողովուրդի հասարակաց բարիքին»։

Արհեստական բանականութիւն եւ նոր մարտահրաւէրներ

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ արդի արհեստագիտութեան՝ զգուշացնելով, որ արհեստական բանականութեան կիրառումը հանրային վարչակազմին մէջ պէտք է խստօրէն վերահսկուի։

«Այս գործիքները պէտք է ուշադիր կերպով կառավարուին՝ ո՛չ միայն անձնական տուեալներու պաշտպանութեան համար, այլ ի նպաստ բոլորին, զերծ մնալով ընտրանիին վերապահուած սեփականացումներէ»։

Եկեղեցի-Պետութիւն գործակցութիւն

Վերջաւորութեան, Քահանայապետը երախտագիտութիւն յայտնեց կուսակալներուն եւ թեմական եպիսկոպոսներու միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերուն համար, յատկապէս գաղթականներու ընդունման եւ կարիքաւորներու օժանդակութեան հարցերուն մէջ։ Ան նշեց, որ եկեղեցական համայնքի հաւատքն ու կրօնական արժէքները կը նպաստեն Իտալիոյ մշակութային եւ ընկերային աճին։

Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն՝ մաղթելով արդիւնաւէտ ծառայութիւն՝ ի փառս Իտալիոյ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2026, 11:23