Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց Իտալիոյ «Միզերիքորտիէ»-ի կամաւորները. Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց Իտալիոյ «Միզերիքորտիէ»-ի կամաւորները.   (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ողջունեց Իտալիոյ «Միզերիքորտիէ»-ի կամաւորները. «Եղէ՛ք յոյսի եւ գթութեան կենդանի վկաներ»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ «Միզերիքորտիէ» համադաշնութեան կամաւորները՝ բարձր գնահատելով անոնց դարաւոր ու անձնուրաց ծառայութիւնը, որ հիմնուած է հոգեւոր կեանքի, սիրոյ եւ ժամանակակից կարիքներուն յարմարելու ստեղծագործ ոգիին վրայ։ Սրբազան Հայրը յորդորեց անդամներուն շարունակել իրենց առաքելութիւնը որպէս յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ՝ իբրեւ զօրակցութեան յատուկ նշան յիշատակելով Ուքրանիոյ ժողովուրդին փոխանցուող Յոբելենական Սրբապատկերը։

Վազգէն Աբարդեան-Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի մէջ, Շաբաթ, փետրուար 14-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ «Միզերիքորտիէ» (Գթութեան եղբայրութիւններ) ազգային համադաշնութեան հազարաւոր անդամները։ Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած այս հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարք՝ Փիեռպաթիսթա Կարդինալ Փիցապալլան։

Իր պատգամին մէջ, Քահանայապետը վեր առաւ այս կազմակերպութեան դարաւոր պատմութիւնը, որ սկիզբ առած է 13-րդ դարուն Ֆլորենցիոյ մէջ։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց երեք հիմնական սիւներ, որոնք պէտք է առաջնորդեն աշխարհական քրիստոնեայի կեանքը. հոգեւորականութիւն, սէր եւ արդիական կարիքներու նկատմամբ զգօնութիւն։

Հոգեւորականութիւն

Քահանայապետը կը շեշտէ, թէ «Միզերիքորտիէ»-ի հիմքը հոգեւորականութիւնն է, որ սկիզբ առած է 13-րդ դարու Ֆլորենցիոյ մէջ՝ հաւատացեալ աշխարհականներու նուիրումին շնորհիւ։

Այս առաքելութիւնը խարսխուած է Մկրտութեան խորհուրդին վրայ, ինչ որ կամաւորներէն կը պահանջէ մշտական քրիստոնէական կազմաւորում, աղօթք եւ հաւատարմութիւն Սուրբ Խորհուրդներուն։

Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ին՝ Լեւոն ԺԴ. կը յիշեցնէ, որ Սուրբ Հաղորդութեան եւ Ապաշխարութեան միջոցով անդամները կը դառնան Աստուծոյ ողորմածութեան կենդանի վկաները։

Սէր

Քահանայապետըկը կը կարեւորէ «Գթութեան պահապաններու» եւ հոգեւոր օգնականներու դերը, որոնք իբրեւ ուղեկիցներ պէտք է նպաստեն համայնքի անդամներու հաւաքական աճին ու քրիստոնէական կատարելութեան ու կը հաստատէ, թէ ճշմարիտ հաւատքը չի կրնար մնալ լոկ տեսական, այլ պէտք է արտայայտուի անձնուրաց ծառայութեամբ եւ զգայնութեամբ՝ ուրիշներու կարիքներուն հանդէպ։

«Միզերիքորտիէ»-ի անդամները ներկայ են թէ՛ պատերազմական ու արտակարգ իրավիճակներու եւ թէ՛ ամենօրեայ լուռ հոգածութեան մէջ՝ սիրոյ Աւետարանը վկայելով հիւանդներու, տարեցներու եւ կարօտեալներու կողքին։

 Արդիական կարիքներու նկատմամբ զգօնութիւն

Քահանայապետը կը գնահատէ «Միզերիքորտիէ»-ի դարաւոր կարողութիւնը՝ յարմարելու ժամանակակից կարիքներուն, ինչ որ սիրոյ վրայ հիմնուած ազատ եւ ստեղծագործ գործելակերպի արդիւնք է։

Այս յարատեւ արդիականացման վառ օրինակները կը հանդիսանան վերջին շրջանին ծնունդ առած «Fratres» խմբակները, որոնք կը քաջալերեն արեան ու մարմնի անդամներու նուիրատուութիւնը։

Լեւոն ԺԴ. նաեւ կը կարեւորէ «Փոքրիկ գթութիւն» (Piccola misericordia) նախաձեռնութիւնը, որուն միջոցաւ մանուկները հնարաւորութիւն կ'ունենան կանուխ տարիքէն սորվելու եւ կիրարկելու քրիստոնէական սիրոյ եւ բարեգործութեան արժէքները։

Քահանայապետը քաջալերեց կամաւորները շարունակելու իրենց առաքելութիւնը՝ ծառայելով ուրախութեամբ ու պարզութեամբ եւ հեռու մնալով իշխանութեան որեւէ տեսակի տրամաբանութենէ ու յորդորեց ըլլալու յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ՝ յատկապէս յիշատակելով Յոբելենական Սրբապատկերը, որ որպէս զօրակցութեան նշան,  այժմ կը փոխանցուի Ուքրանիոյ ժողովուրդին։

Խօսքը աւարտելով՝ Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ անոնց կատարած գործին համար եւ հայրական օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլոր անդամներուն ու անոնց ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2026, 12:20