Որոնել

2024.05.25 Incontro con i Bambini - Stadio Olimpico

Ինքնագիր նամակով մը Լեւոն ԺԴ. լուծարեց Երեխաներու Համաշխարհային Օրուան Քահանայապետական Կոմիտէն

Նորին Սրբութիւնը հրահանգեց նաեւ Կոմիտէին բոլոր լիազօրութիւնները յանձնել Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Կիսելով իմ նախորդիս՝ Ֆրանչիսկոս Պապի հոգատարութիւնը, որպէսզի Եկեղեցին ուշադրութիւն դարձնէ մանուկներուն նաեւ անոնց նուիրուած օր մը հաստատելով, եւ շարունակելով արդէն իսկ առնուած այն որոշումը՝ Երեխաներու Համաշխարհային Օրուան Քահանայապետական Կոմիտէն զետեղելու Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան ծիրին մէջ, նաեւ աւելի զարգացնելու համադրութիւնը եւ ապահովելու աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք այս ազնիւ նախաձեռնութեան իրականացման համար», համապատասխան խորհրդակցութիւններէ ետք, այս Ինքնագիրի ուժի մէջ մտնելով Երեխաներու Համաշխարհային Օրուան Քահանայապետական Կոմիտէն լուծարուած կը համարուի»։

Այս կը կարդանք այսօր հրատարակուած Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին ինքնագիր նամակին մէջ որուն միջոցաւ Ան լուծարեց 20 Նոյեմբեր 2024-ին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հաստատուած կոմիտէն, չեղարկելով նաեւ անոր կանոնադրութիւնն ու որոշումները եւ անոր բոլոր լիազօրութիւնները փոխանցելով Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան, որ այսուհետեւ պիտի կազմակերպէ եւ համակարգէ նախաձեռնութիւնը։

«Վերոնշեալ Վերատեսչութեան Վերատեսչութիւնը պարտաւոր է կարգաւորել Կոմիտէին առկայ հարցերը եւ ներկայացնել լուծարման վերջնական հաշուետուութիւնը Տնտեսութեան Քարտուղարութեան՝ հաստատման եւ մնացորդային միջոցներու ճակատագրին վերաբերեալ որոշումի մը համար» գրուած է միշտ Ինքնագիր նամակին մէջ որ ուժի մէջ կը մտնէ անմիջապէս անոր «L’Osservatore Romano»-ի եւ «Acta Apostolicae Sedis»-ի մէջ պաշտօնական հրատարակումով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 15:02