Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը Սուրբ Պետրոսի տաճարը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապին յառաջիկայ եռամսեայ արարարողութիւններու յայտագիրը

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրապարակած է Լեւոն ԺԴ. Պապի 2026-ի փետրուար-ապրիլ ամիսներու օրացոյցը, որ կը ներառէ հովուական այցելութիւններ Հռոմի ժողովրդապետութիւններն ու Մեծ Պահքի հոգեւոր կրթութիւնը։: Յայտագիրը իր գագաթնակէտին կը հասնի Աւագ Շաբթուան հանդիսաւոր արարողութիւններով եւ Սուրբ Յարութեան «Urbi et Orbi» աւանդական օրհնութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրապարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապի 2026 թուականի փետրուարէն ապրիլ ամիսներու եկեղեցական արարողութիւններու հարուստ օրացոյցը։ Յայտագիրը յատկանշական է Հռոմի տարբեր թաղամասերու հովուական այցելութիւններով եւ Մեծ Պահքի ու Աւագ Շաբթուան հանդիսաւորութիւններով։

Հովուական այցելութիւններ Հռոմի ծխական Համայնքներուն

Քահանայապետը այս շրջանին յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Հռոմի թեմի ծխական համայնքներուն։ Յայտագիրը կը ներառէ հետեւեալ այցելութիւնները.

15 Փետրուար. Օսթիա Լիտոյի «Ս. Մարիա Ռեճինա Փաչիս» եկեղեցի։

22 Փետրուար. «Յիսուսի Սուրբ Սիրտ» եկեղեցի (Քասթրօ Փրեթորիօ)։

1 Մարտ. «Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման» եկեղեցի։

8 Մարտ. «Ս. Մարիա Յայտնութեան» եկեղեցի։

15 Մարտ. Փոնթէ Մամմոլոյի «Յիսուսի Սուրբ Սիրտ» եկեղեցի։

Մեծ Պահք եւ Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ

Քառասնորդաց պահքի շրջանը սկիզբ կ՝առնէ Փետրուար 18-ին, Մոխրոց Չորեքշաբթիի աւանդական թափօրով եւ պատարագով՝ Սուրբ Անսելմօ եւ Սուրբ Սապինա տաճարներուն մէջ։ Փետրուար 22-էն 27, Պապը եւ Վատիկանի Քուրիայի անդամները կը մասնակցին հոգեւոր կրթութեան՝ խորհրդածութիւններու համար՝ Առաքելական պալատէն ներս։

Աւագ Շաբաթ եւ Յիսուսի Յարութիւնը

Լեւոն ԺԴ Պապի արարաողութիւններու յայտագիրը կը հասնի իր գագաթնակէտին Աւագ Շաբթուան արարողութիւններով.

29 Մարտին, կը գլխաւորէ Ծաղկազարդի հանդիսաւոր պատարագը՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։

2 Ապրիլ (Աւագ Հինգշաբթի). Նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Միւռոնօրհնէքի պատարագին եւ Ոտնլուայի արարողութեան Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան տաճարին մէջ։

3 Ապրիլ (Աւագ Ուրբաթ). Տիրոջ Չարչարանաց յիշատակութեան օրը Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Խաչի Ճանապարհ արարողութիւնը Հռոմի Քոլոսէոյի ամփիթատրոնին  մէջ։

4-5 Ապրիլ (Սուրբ Յարութիւն). Շաբաթ երեկոյեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը նախագահէ Ճրագալոյցի հսկումը, իսկ կիրակի առաւօտեան՝ կը նախագահէ Սուրբ Յարութեան պատարագին, որուն պիտի յաջորդէ Պապին աւանդական «Urbi et Orbi» օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2026, 11:48