2026.02.22 Angelus

Թող լռեն զէնքերը։ Թող դադրին ռմբակոծումները։ Անմիջապէս հասնինք զինադադարի. Լեւոն ԺԴ. Պապին կոչը

«Խաղաղութիւնը չի կրնար յետաձգուիլ,․ ան հրատապ անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք է տեղ գտնէ սրտերուն մէջ եւ մարմնաւորուի պատասխանատու որոշումներու մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Կիրակի` 22 Փետրուարին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Առաքելական Պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն յիշեց Ուքրանիոյ պատերազմի չորրորդ տարեդարձը եւ զօրեղ կոչ մը ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, արդէն չորս տարի անցած է Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի սկիզբէն։ Իմ սիրտս տակաւին կը դառնայ այն ողբերգական վիճակին, որ բոլորին աչքին առջեւ կը գտնուի։ Քանի՜ զոհեր, քանի՜ կոտրուած կեանքեր եւ ընտանիքներ։ Որքան աւերներ։ Քանի՜ անպատմելի տառապանքներ… Իրապէս ամէն պատերազմ վէրք մըն է, որ կը հարուածէ ամբողջ մարդկային ընտանիքը․ ան իր ետին կը ձգէ մահ, աւեր եւ ցաւի շղթայ մը, որ սերունդներ կը դրոշմէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց. «Խաղաղութիւնը չի կրնար յետաձգուիլ,․ ան հրատապ անհրաժեշտութիւն մըն է, որ պէտք է տեղ գտնէ սրտերուն մէջ եւ մարմնաւորուի պատասխանատու որոշումներու մէջ»։

«Այս պատճառով անգամ մը եւս զօրութեամբ կը նորոգեմ իմ կոչս․ թող լռեն զէնքերը։ Թող դադրին ռմբակոծումները։ Անմիջապէս հասնինք զինադադարի, եւ զօրացնենք երկխօսութիւնը՝ բանալու համար խաղաղութեան ճամբան» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւէր ուղղեց բոլորին` միանալու աղօթքին, յանուն տառապող ուքրանացի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս պատերազմէն եւ աշխարհի ամէն մէկ հակամարտութենէն, «որպէսզի մեր օրերուն վրայ փայլի խաղաղութեան՝ այնքան սպասուած պարգեւը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.։

Ան ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ անոնցմէ հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2026, 12:32