2026.02.08 Angelus

Լեւոն ԺԴ. Ապագան կը գտնուի ոչ թէ զինուորական ռազմավարութիւններու այլ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրութեան մէջ

Քահանայապետը դատապարտեց Նիճերիայի մէջ յարձակումները յիշեց Երանելի Հայր Սլավաթորէ Վալերա Պարրան եւ այսօր յիշատակուող մարդավաճառութեան դէմ աղօթքին նուիրուած Օրը, զօրակցութիւն արտայայտեց ջրհեղեղի եւ սողանքներու թիրախ բնակիչներուն եւ խնդրեց շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 8 Փետրուարին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն նախ յիշեց երէկ սպանիոյ Հուերքալ-Օվերա քաղաքին մէջ երանելի հռչակուած Հայր Սլավաթորէ Վալերա Պարրան որ «իր ժողովուրդին ամբողջովին նուիրուած քահանայ մըն էր, խոնարհ ու խնամատար՝ հովուական սիրոյ մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով որ «Անոր օրինակը՝ իբրեւ էականին վրայ կեդրոնացած քահանայ, ըլլայ խթան այսօրուայ քահանաներուն՝ պարզութեամբ ու զսպուածութեամբ ապրուած առօրեայի մէջ հաւատարիմ մնալու համար»։

Նիճերիայի մէջ յարձակումները

Սրբազան Պապը հուսկ «ցաւ եւ մտահոգութիւն» արտայայտեց ի տես Նիճերիայի մէջ «տարբեր համայնքներու դէմ վերջերս գործադրուած յարձակումներուն համար, որոնք մարդկային կեանքերու ծանր կորուստներ պատճառեցին»։

«Իմ աղօթական մօտիկութիւնը կը յայտնեմ բռնութեան եւ ահաբեկչութեան բոլոր զոհերուն։ Կը յուսամ, որ պատասխանատու իշխանութիւնները վճռակամօրէն շարունակեն իրենց ջանքերը՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքի անվտանգութիւնը եւ պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան Համաշխարհային օր

Ան ապա յիշեց այսօր յիշատակուող Սուրբ Ճուզեփինա Պախիթայի տօնը, որուն առիթով կը նշուի նաեւ մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան Համաշխարհային օրը, շնորհակալութիւն յայտնելով կրօնաւորուհիներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նուիրուին ժամանակակից ստրկութեան ձեւերուն դէմ պայքարին եւ անոր վերացումին։

Ջրհեղեղներու ու սողանքներու թիրախ քաղաքներ

«Անոնց հետ միասին կ՛ըսեմ. խաղաղութիւնը կը սկսի արժանապատուութենէն» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. եւ աղօթքները ուզեց վստահեցնել` Փորթուգալի, Մարոքի եւ, Սպանիոյ ժողովուրդներուն՝ յատկապէս Անտալուսիոյ մէջ գտնուող Կրազալեմա քաղաքին, եւ Հարաւային Իտալիոյ՝ Սիկիլիայի Նիշեմի քաղաքին բնակիչներուն, որոնք ջրհեղեղներու եւ սողանքներու ենթարկուեցան։

«Կը քաջալերեմ համայնքները՝ մնալու միացած եւ համերաշխ՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական պաշտպանութեան ներքոյ» եղան Քահանայապետին քաջալերական խօսքերը որոնցմէ ետք ան ողջունեց սուրբ Պետրոս ժամանած իտալացի եւ օտարերկրեայ հաւատացեալները։

Աղօթք խաղաղութեան համար

«Շարունակենք աղօթելու խաղաղութեան համար։ Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ տնտեսական եւ զինուորական ուժի ռազմավարութիւնները մարդկութեան ապագայ չեն ապահովեր։ Ապագան կը գտնուի ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրութեան մէջ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ եւ խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2026, 12:19