2025.11.21 Incontro Digitale di Papa Leone XIV con i Giovani americani

Նաեւ ան` որ հաւատք չունի, կրնայ Աստուծոյ փնտռողը ըլլալ. Լեւոն ԺԴ

Սրբազան Պապը կը պատասխանէ «Piazza San Pietro»ի փետրուարեան համարին մէջ մարդու մը նամակին, որ ինքզինք կը բնորոշէ որպէս «Աստուած սիրող անհաւատ».․ իսկական խնդիրը Աստուծոյ հաւատալը կամ չհաւատալը չէ, այլ զայն փնտռելը, եւ հոն կը գտնուի մեր կեանքի արժանապատուութիւնն ու գեղեցկութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Ով որ Աստուած կը սիրէ, ով որ զայն անկեղծ սրտով կը փնտռէ, չի կրնար անհաւատ ըլլալ»։ Այսպէս կը գրէ Լեւոն ԺԴ. Պապը յղում կատարելով Սուրբ Օգոստինոսին, Իտալիոյ Ռեճօ Քալապրիա շրջանի Ռոքքօ անունով մարդու մը, որ նամակ մը ուղրկած է Վատիկանի Մայր տաճարի կողմէ հրատարակուող «Piazza San Pietro» հանդէսին։

Փետրուարեան համարին մէջ Քահանայապետը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ռոքքոյի բանաստեղծութեան համար, որ օգնութիւն կը խնդրէ եւ կը հարցնէ՝ եթէ կարելի է ինքնիրեն անհաւատ համարել եւ միաժամանակ Աստուած սիրել։

Գտնել Աստուած՝ ինքն իր մէջ

«Կը կարծեմ թէ չեմ հաւատար, բացարձակապէս վստահ ոչնչութեան, սակայն կը շարունակեմ Աստուծոյ տենչը զգալ։ Իմ ողբերգութիւնս,— կը գրէ Ռոքքոն իր բանաստեղծութեան մէջ,— Աստուած է։ Իմ անհանգստութիւնս՝ Աստուած է»։

«Այն, ինչ դուք կ’ըսէք, անմիջապէս յիշեցուց ինծի այն, ինչ կը գրէ իմ սիրելի հայր Սուրբ Օգոստինոսը իր “Խոստովանութիւններ”-ուն մէջ․ “Դուն իմ ներսս էիր, իսկ ես դուրսը։ Եւ հոն կը փնտռէի քեզ”» կը պատասխանէ Քահանայապետը Ռոքքոյին, մէջբերում մը, որ յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ Աստուծոյ որոնումը տենչանք է։

Աստուծոյ երեսը փնտռելուն մէջ կը կայ մարդկային կեանքի արժանապատուութիւնը

«Հաւատքի իսկական խնդիրը,— կը շարունակէ Լեւոն ԺԴ,— Աստուծոյ հաւատալը կամ չհաւատալը չէ, այլ զայն փնտռելն է։ Ան թոյլ կու տայ որ զինք փնտռող սիրտը գտնէ զայն, եւ թերեւս ճիշդ տարբերութիւնը ոչ թէ հաւատացեալներու եւ անհաւատներու միջեւ է, այլ Աստուծոյ փնտռողներու եւ չփնտռողներու միջեւ» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։

Ան ապա կ’աւելցնէ, թէ կարելի է ինքզինք հաւատացեալ համարել՝ առանց Աստուծոյ երեսը փնտռելու եւ, հետեւաբար, առանց զայն սիրելու։ Իսկ կարելի է նաեւ հակառակով համոզուած ըլլալ, այսինքն չի հաւատալ, բայց իրականութեան մէջ «ըլլալ անոր դէմքին բոցավառ փնտռող մը, սիրել զայն, ինչպէս դուք կ’ընէք» կը նշէ Լեւոն ԺԴ. եւ կ՛եզրակացնէ. «Ահա, մենք բոլորս Սիրոյ տենչացողներ ենք, Աստուծոյ փնտռողներ, եւ հոս կը գտնուի մեր կեանքի արժանապատուութիւնն ու գեղեցկութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2026, 08:00