Սուրբ Պօղոս տաճարի մէջ հայերէն աղօթք եւ հայ եկեղեցւոյ վկայութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւորութեամբ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ այս շաբաթ երկրորդ անգամն ըլլալով դարձեալ հնչեց հայ լեզուն եւ աղօթքը` Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթուան առիթով։ Առաջինը եղաւ անցեալ 22 Յունուարին երբ Մխիթարեան Միաբանութեան վանականները այնտեղ աղօթեցին «խաղաղական ժամերգութիւնը» իսկ երկրորդը Կիրակի 25 Յունուարի երեկոյեան, երբ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի գլխաւորութեամբ փակումը կատարուեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, այնտեղ կայացած երեկոյեան ժամերգութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչները միասնաբար աղօթելով միութեան համար, որոնց շարքին էր նաեւ Գերաշն. Խաժակ Արք Պարսամեանը` որպէս Սուրբ Էջմիածնի հայ առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։
Այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան նիւթը ներշնչուած էր Պօղոս առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղած նամակի չորրորդ գլուխէն «Մէկ է մարմինը, մէկ է հոգին ինչպէս մէկ է յոյսը, որուն Աստուած ձեզ կոչեց», մինչ շաբթուան աղօթքներն ու ուղեցոյցը պատրաստուած են Սուրբ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգատարութեամբ ու ներշնչուած` հայկական հոգեւորութեան հնագոյն աւանդութիւններէն, եկեղեցական օրհներգերէն եւ ծիսական գիրքերէն, որոնք կը հրաւիրեն քրիստոնեաները սնուիլ այս միասնական հոգեւոր ժառանգութենէն, խորացնելու համար Քրիստոսի մէջ հաղորդութիւնը։
Արդարեւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետն ալ այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ ակնարկեց Հայ Եկեղեցւոյ աւանդոյթին ու հոգեւորականութեան մատնանշելով նաեւ Հայաստանի առաջին քրիստոնեայ երկիր ըլլալու իւրայատկութեան, մասնաւորապէս յիշելով հայ ժողովուրդի քաջարի քրիստոնէական վկայութիւնը պատմութեան ընթացքին, «պատմութիւն` որուն մէջ նահատակութիւնը եղած է մշտական առանձնայատկութիւն» ըսաւ Ան։
Սուրբ Պօղոսին դարձը
Քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Պօղոսի դարձին վրայ, որուն տօնը կը նշուի 25 Յունուարին, ու թէ ինչպէս Ան Եկեղեցին հալածող մէկ մը ըլլալէն դարձի եկաւ ու դարձաւ Քրիստոսի սիրոյն վառ վկան։ «Անոր` Յարուցեալին հետ հանդիպումը պայմանաւորեց դարձը, զոր կը յիշատակենք այսօր» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով նաեւ, թէ այդ դարձի հետեւանքով ան կը փոխէ իր անունը Սաւուղէն դառնալով Պօղոս։
Քրիստոնեաներու առաքելութիւնը
Քահանայապետը առ այդ ընդգծեց` թէ Սուրբ Պօղոսին առաքելութիւնը է նաեւ այսօրուայ բոլոր քրիստոնեաներու առաքելութիւնը, այն է հռչակել Քրիստոսը ու հրաւիրել բոլոր մարդիկը վստահութիւն ունենալու անոր վրայ։ Արդարեւ Քրիստոսի հետ իւրաքանչիւր հանդիպում փոխակերպիչ պահ մըն է, որ նոր տեսլական մը եւ նոր ուղղութիւն կը նուիրէ` Քրիստոսի Մարմինը կերտելու պարտականութեան մէջ։
Քրիստոնեաներու Միութիւնը
Ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին, Սրբազան Պապը շեշտեց քրիստոնեաներու յատուկ պարտականութիւնը ` աշխարհին հռչակելու Աւետարանը.
«Բոլոր քրիստոնեաներու պարտականութիւնն է աշխարհին խոնարհութեամբ եւ ուրախութեամբ ըսել «Տեսէք Քրիստոսը։ Մօտեցէք Անոր։ Ընդունեցէք Անոր խօսքը, որ կը լուսաւորէ եւ կը մխիթարէ»» (Քարոզ ՝ Քահանայապետութեան մեկնարկի Սուրբ Պատարագի ժամանակ, 2025 թուականի մայիսի 18), ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով` որ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու այդ առաքելութեան ի սպաս յանձնառումը։
Սիւնհոդոսական համամիութենական ուղեւորութիւն
Ան ապա կարեւորեց սիւնհոդոսական համամիութենական ուղեւորութիւնը ակնարկելով անցեալ տարի յիշատակուած Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակին եւ այդ առիթով Իզնիք կազմակերպուած համամիութենական ուխտագնացութեան, ուր «եղբայրական մթնոլորտի մէջ «փառաբանեցինք Տէրը» յարեց Ան, հայցելով` որ Սուրբ Հոգին այժմ եւս ներշնչէ սրտերն ու մտքերը` «մէկ ձայնով հռչակելու հաւատքը` մեր ժամանակուայ մարդոց եւ կիներուն»։
Մենք մէկ ենք
Մատնանշելով ապա այս տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի շաբթուայ բնաբանին` Սրբազան Պապը ակնարկեց այս տարուայ Աղօթքի Շաբաթուան թեմայի համար ընտրուած Եփեսացիներու նամակի հատուածին, «որուն մէջ, ըսաւ Ան անընդհատ կը լսենք կրկնուող «մէկ» որակաւորումը․ «մէկ մարմին, մէկ Հոգի, մէկ յոյս, մէկ Տէր, մէկ հաւատք, մէկ մկրտութիւն, մէկ Աստուած (տես՝ Եփ 4,4-6)։
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէ՞ս կրնան այս ներշնչեալ խօսքերը մեզ խորապէս չհպել» հարց տուաւ Լեւոն ԺԴ ու հաստատեց. «Մենք մէկ ենք եւ արդեն իսկ ենք. Ընդունինք այս մէկը, փորձարկենք զայն ու զայն բացայայտենք» ապա ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ նախաձեռնուած «սիւնհոդոսական ընթացքին», ընդգծելով թէ այդ է ճանապարհը, որուն վրայ քալել աճելու համար միասին, ճանչնալով մէկը միւսին սիւնհոդոսական աւանդութիւններն ու կառոյցները։
Դէպի 2033-ի յոբելեան
«Մինչ կը Նայինք 2033-ին` Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Չարչարանքի, Մահուան և Յարութեան 2000-ամեայ տարեդարձին, յանձնառու ըլլանք աւելիով զարգացնելու սիւնհոդոսական համամիութենական գործելակերպերը և փոխադարձաբար հաղորդելու այն, ինչ որ ենք, ինչ կ՛ ընենք և ինչ կ՛ ուսուցանենք (հմմտ.՝ «Սինոդալ եկեղեցու համար», 137-138)» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ ողջոյնը ուղղեց Կարդինալ Քոխին` Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսուչին, ու Վերատեսչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը` Մետրոպոլիտ Փոլիքարփոսին եւ Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ Ներկայացուցիչ` Գերաշնորհ Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ այլ ներկայացուցիչներ ու տարբեր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ուխտաւորներ։
Հայ Ժողովուրդի նահատակութեան քաջ վկայութիւնը եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքները
Լեւոն ԺԴ. նշեց ապա թէ «Այս տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքներու օժանդակ նիւթերը պատրաստուած են Հայաստանի Եկեղեցիներու կողմէ» եւ հրաւիրեց «խորին երախտագիտութեամբ յիշել Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական քաջ վկայութիւնը` պատմութեան ընթացքին, պատմութիւն` որուն մէջ նահատակութիւնը եղած է մշտական առանձնայատկութիւն»։
Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Կաթողիկոսը` միութեան ջատագով
«Այս Աղօթքի Շաբաթուան աւարտին, յիշենք սուրբ Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին՝ որ ԺԲ. դարուն աշխատեցաւ Եկեղեցւոյ միութեան համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Ան ժամանակէն առաջ հասկացած էր, որ միութեան որոնումը բոլոր հաւատացեալներու պարտքն է և կը պահանջէ յիշողութեան բուժում»։
«Սուրբ Ներսէսը մեզի կարող է նաև ուսուցանել այն վերաբերմունքը, զոր մենք պէտք է ունենաք մեր համամիութեան ճանապարհի ընթացքին, ինչպէս յիշեցուցած էր իմ երանաշնորհ նախորդս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը. «Քրիստոնեաները պէտք է ունենան խոր ներքին համոզմունք, որ միութիւնը անհրաժեշտ է ոչ թէ ռազմավարական առաքելութեան կամ քաղաքական շահոյթի համար, այլ Աւետարանի քարոզութեան շահի համար» (Քարոզ` Համամիութենական արարողութիւն, Երևան, 26 սեպտեմբերի 2001)»։
Հայերը առաջին քրիստոնեայ ազգ
«Աւանդութիւնը մեզի կը փոխանցէ Հայաստանի վկայութիւնը՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ, երբ Տրդատ թագաւորը 301 թուականին մկրտուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ։ Գոհութիւն յայտնենք, որ փրկութեան Խօսքը հպարտօրէն զայն քարոզած մարդկանց միջոցաւ, Արևելեան և Արևմտեան Եւրոպայի ժողովուրդները մղեց ընդունելու Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը»։ Եւ աղօթենք, որպէսզի Աւետարանի ցանած սերմերը շարունակեն պտուղ տալ այս ցամաքամասին մէջ` պտուղ միութեան, արդարութեան և սրբութեան, նաև ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներու և ազգերու միջև խաղաղութեան ի նպաստ», եղան Լեւոն Պապին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
