Որոնել

2025.06.15 Angelus

Լեւոն ԺԴ․ Պապի խաղաղութեան խօսքերը եւ աշխարհի պատերազմական պիւտճէները

Ռազմական ծախսերը զգալիօրէն կ’աճին շատ մը Երկիրներու մէջ, եւ որոշ կառավարութիւններու համար վերազինումը բացարձակ առաջնահերթութիւն է: Մինչ աշխարհը կը զինուի, Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը կոչ են ուղղութիւնը արմատապէս փոխելու. Չենք կրնար փրկուիլ ՝ «սուրերը սրելով»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Աշխարհը չի փրկուիր՝ սուրերը սրելով, դատելով, ճնշելով կամ ջնջելով մեր եղբայրներն ու քոյրերը, այլ անխոնջ կերպով ձգտելով հասկնալու, ներելու, ազատագրելու եւ ողջունելու բոլորը՝ առանց հաշուարկներու եւ առանց երկիւղի»:

2026 թուականը սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետի հետեւեալ հզօր կոչով, զոր Ան կատարեց մէկ Յունուարին՝ Մայր Աստուծոյ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու Խաղաղութեան համաշխարհային 59րդ Օրը մատուցած Սուրբ Պատարագի ատեն։

Սակայն այս խօսքերու եւ շատ մը Երկիրներու կառավարութիւններու կողմէ վերազինման ուղղութեամբ կայացուած որոշումներու միջեւ կայ մեծ անհամապատասխանութիւն:

Յանուն եղբայրութեան այդ ձայնը կը ճնշուի վերազինումի տրամաբանութեան ներքոյ, որ լի է ընկերային հետեւանքներով, յատկապէս, երբ ռազմական դասակարգերը կը ներկայացնեն քաղաքական ղեկավար դասակարգերը:

Միացեալ Նահանգները՝ առաջատար

ԱՄՆ ունի աշխարհի ամենաբարձր ռազմական ծախսերը. շուրջ 997 միլիարդ տոլար 2024ին, որ կը կազմէ համաշխարհային ընդհանուր ծախսերու 37 առ հարիւրը եւ ՆԱԹՕ-ի ծախսերու 66 առ հարիւրը: Այդ ծախսերու առանցքը կը կազմեն առաջադէմ ռազմական արհեստագիտութիւնները, գաղտնի կործանիչները, ճշգրիտ հրթիռները եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Միացեալ Նահանգներէն բացի, աշխարհի մէջ ամենաբարձր ռազմական ծախսեր ունեցող Երկիրներն են Չինաստանը, Ռուսաստանը, Գերմանիան եւ Հնդկաստանը։

Ռուսաստան, Ուքրանիա, Իսրայէլ

Ռուսաստանի մէջ ռազմական ծախսերը կը կազմեն բիւտճէի 38 առ հարիւրը։ Այսպիսի արդիւնք ԽՍՀՄ-էն ի վեր չէ գրանցուած։ Հիմնական արտադրանքներն են՝ հրթիռներ, հրետանային զինամթերք եւ անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ զրահապատ կառքեր:

Միւս կողմէ, Ուքրանիան, տարբեր Երկիրներէ ստացող օգնութիւնէ անդին, իր ՀՆԱ 31 առ հարիւրը կը կեդրոնացնէ պաշտպանական նպատակով ժամանակակից եւ առաջադէմ զէնքի գնման համար:

Կտրուկ աճած են նաեւ Իսրայէլի ռազմական ծախսերը՝ 2024ին գրանցելով 65% աճ։

Եւրոպա

Սպառազինութիւններու մրցավազքը արագօրէն կը սրուի նաեւ Եւրոպայի մէջ: Օրինակ, Գերմանիան այդ նպատակով մինչեւ 2029 թուականը կը նախատեսէ ծախսել աւելի քան 1 թրիլիոն եւրօ: Լեհաստանը մտադիր է կրկնապատկել իր զինուած ուժերը եւ կառուցել զգալի զինանոց՝ ժամանակակից զէնքերով եւ մարտական ​​ինքնաթիռներով: Իտալիոյ ռազմական ծախսերը 2025ին գերազանցած են 30 միլիարդ եւրօն եւ կը շարունակեն աճիլ բանակի, նաւատորմի եւ ռազմաօդային ուժերու արհեստագիտական արդիականացման եւ զէնքի շնորհիւ:

Ասիա

Չինաստանը աշխարհի երկրորդ խոշորագոյն ռազմական ծախսողն է՝ 2023-2024 թուականներուն անոր պիւտճէն գերազանցած է 300 միլիարդ տոլարը։

Կ’աճին նաեւ Հիւսիսային եւ հարաւային Քորէաներու, ինչպէս նաեւ Ճափոնի ռազմական տնտեսութիւնները։

Ափրիկէ

Ափրիկէի մէջ նոյնպէս գրանցուած է ռազմական ծախսերու աճ՝ նախորդ տարուայ համեմատ շուրջ 3 առ հարիւրով, որոնք ի մասնաւորի պայմանաւորուած են տարբեր տարածաշրջաններու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւններով եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու առկայութեամբ։

Հարաւային Ամերիկա

Լատինական Ամերիկայի մէջ ռազմական ծախսերու աճը ի մասնաւորի առնչութիւն ունի որոշ Երկիրներու մէջ յանցաւոր բռնութեան եւ ներքին անապահովութեան դէմ պայքարի ծրագիրներու հետ։ Այդ ծախսերը Պրազիլի մէջ կազմած են շուրջ 21 միլիարդ տոլար, Քոլումպիայի մէջ ՀՆԱ-ի շուրջ 3 առ հարիւրը, Մեքսիքայի մէջ շուրջ 12 միլիարդ տոլար։

Ներդրում խաղաղութեան ի սպաս

Աշխարհի այլ Երկիրներու ու տարածաշրջաններու մէջ նոյնպէս վերազինումը անհրաժեշտութիւն կը դիտուի: Աշխարհը, սակայն կարիք ունի մարդկային աճի մէջ ներդրում կատարելու՝ փոխանակ անոր ոչնչացումին: Խաղաղութիւնը չպէտք է պաշտպանուի զէնքով, այլ կառուցուի ամէն օր երկխօսութեան, փոխըմբռնման միջոցաւ: Խաղաղութեան համար առաջնայինը միւսներու նկատմամբ որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր վստահութեան անվճար ներդրումն է: Ասիկա այն տեսակէտն է, որ Քահանայապետերը յաճախ օգտագործած են՝ յիշեցնելով Աւետարանը:

Այդ նպատակով անհրաժեշտ է փոխել սեփական հայեացքները, բանալ սեփական սրտերը: Այս է մարտահրաւէրը, զոր ուղղուած է յատկապէս կառավարութիւններուն եւ ինչպէս Լեւոն ԺԴ․ նկատել տուաւ 1 Յունուարին Մարեմեան աղօթքի ընթացքին՝ «Տէրը մեզ կը հրաւիրէ նորոգելու մեր ժամանակը, վերջապէս մուտք գործելով բոլոր ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ բարեկամութեան դարաշրջան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2026, 09:00