Լեւոն ԺԴ. Պապը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ վճռական կեցուածքը՝ ընդդէմ հակասեմականութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 27 յունուարին, Ողջակիզման զոհերու յիշատակի օրուան առիթով, Սրբազան Քահանայապետը X-ի վրայ կատարած գրառումով մը վերահաստատեց հաւատարմութիւնը «Nostra Aetate» հռչակագիրին մէջ արտայայտուած կեցուածքին եւ դատապարտեց ամէն տեսակի խտրականութիւն կամ ոտնձգութիւն՝ լեզուական, ազգային կամ կրօնական պատճառներով։ Այս ձայնը կը միանայ նախորդ Քահանայապետներու կոչերուն, սկսեալ Պիոս ԺԲ.-էն, որ 1942-ի Սուրբ Ծննդեան իր պատգամին մէջ ահազանգած էր, թէ հարիւր հազարաւոր մարդիկ «լոկ իրենց ազգութեան կամ ծագումի պատճառով մահուան դատապարտուեցան։
«Այսօր Շուայի յիշատակի օրուան առիթով, կ՝ուզեմ յիշել, որ եկեղեցին հաւատարիմ կը մնայ հակասեմականութեան բոլոր ձեւերուն դէմ ուղղուած #NostraAetate հռչակագիրի վճռական կեցուածքին եւ կը մերժէ որեւէ խտրականութիւն կամ ոտնձգութիւն՝ ցեղային պատկանելիութեան, լեզուի, ազգութեան կամ կրօնի պատճառներով», գրեց Նորին Սրբութիւնը X-ի վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
