Սուրբ Ագնէսի տօնին առթիւ Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայացուեցան երկու գառնուկներ

Սուրբ Ագնէսի տօնին առթիւ, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայացուեցան երկու գառնուկներ, որոնց բուրդէն պիտի պատրաստուին Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներու իշխանութիւնը խորհրդանշող «Պալիում»-ները։ Այս աւանդական արարողութիւնը կը մարմնաւորէ Բարի Հովիւին կերպարը եւ կը հաստատէ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն սերտ կապը Հռոմի Աթոռին հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 21 Յունուարին, Վատիկանի «Ուրպանոս Ը.» մատրան մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին ներկայացուցին երկու գառնուկներ, որոնք պիտի օրհնուին Սուրբ Ագնէս կոյսի եւ մարտիրոսի տօնին առթիւ՝ Նոմենթանա պողոտայի վրայ գտնուող համանուն տաճարին մէջ:

Այս գառնուկներուն բուրդը յատուկ նշանակութիւն ունի, քանի որ անկէ պիտի պատրաստուին նորանշանակ Մետրոպոլիտ Արքեպիսկոպոսներուն «Պալիում»-ները։ Պալիումը եկեղեցական պատուոյ եւ իրաւասութեան նշան է, զոր Քահանայապետն ու արքեպիսկոպոսները կը կրեն իրենց թեմերուն եւ եկեղեցական նահանգներուն մէջ կատարուող արարողութիւններուն ընթացքին։ Պալիումը կազմուած է սպիտակ բուրդէ հիւսուած նեղ ժապաւէնէ մը՝ զարդարուած սեւ մետաքսէ հիւսուած վեց խաչերով։

Պալիումներու օրհնութեան եւ արքեպիսկոպոսներուն յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներուն տօնին օրը՝ Յունիս 29-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապին ձեռամբ:

Այս վաղեմի աւանդութիւնը կը խորհրդանշէ Բարի Հովիւին կերպարը, որ իր ուսերուն վրայ կը կրէ կորսուած ոչխարը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ Մետրոպոլիտներուն սերտ կապը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին եւ Հռոմի Աթոռին հետ։

Գառնուկներունօրհնութեան աւանդութիւնը

Սուրբ Ագնէսի տօնի առթիւ կատարուող գառնուկներուն օրհնութեան աւանդութիւնը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Զ. Դար, կը շարունակէ մնալ Վատիկանի եւ Հռոմի եկեղեցական կեանք խորհրդաւոր սովորոյթներէն մէկը։ Այս արարողութիւնը սերտօրէն կապուած է սուրբին վարքին վերաբերող այն առասպելին, ըստ որուն՝ նահատակուած սրբուհին երեւցած է իր ծնողաց երկնային փառքի մէջ՝ գրիկը բռնած ձիւնաճերմակ գառնուկ մը։

Պատմականօրէն այս երկու գառնուկները կը ներկայացնէին խորհրդանշական «վարձքը» զոր Սրբհուի Ագնէս վանքի վանականները կը մատուցէին Լատերանեան պազիլիքային։ Դարեր շարունակ գառնուկները կը բուծուէին Հռոմի հարաւը գտնուող «երեք աղբիւրներ» մենաստանի մէջ, իսկ Պապին կողմէ օրհնուելէ ետք կը յանձնուէին Թրասթեվերէի Սուրբ Սիսիլիա վանքի միանձնուհիներուն։

Ժամանակի ընթացքին Սուրբ Սիսիլիա վանքի Պենետիկտեան միանձնուհիները տակաւին կը շարունակեն Աւագ շաբթուան ընթացքին խուզել գառնուկները: Այդ բուրդէն կը հիւսուին «Պալիում»-ները՝ այն սպիտակ ուրարները, զորս Պապը կը շնորհէ նորանշանակ արքեպիսկոպոսներուն՝ իբրեւ հովուական լիազօրութեան եւ Պետրոս Առաքեալի յաջորդին հետ միութեան նշան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 11:32