Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 19 յունուարին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Չեխիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք Տիար Փեթր Փաւելը։ Պաշտօնական տեսակցութենէն ետք, Նախագահ Փաւելը հանդիպում մը ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ’ընկերակցէր Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ Յարաբերութիւններու քարտուղար՝ Գերպ. Փօլ Ռիչարտ Կալակերը։
Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ խօսակցութիւններուն ընթացքին, բարձր գնահատուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները եւ վերահաստատուեցաւ զանոնք աւելի եւս ամրապնդելու կամքը։ Կողմերը անդրադարձան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ընկերային-քաղաքական խնդիրներու։
Յատուկ ուշադրութեան արժանացան ներկայիս ընթացող հակամարտութիւնները։ Այս ծիրէն ներս շեշտուեցաւ խաղաղութեան ի նպաստ հրատապ յանձնառութեան անհրաժեշտութիւնը։ Նաեւ կարեւորուեցաւ այն սկզբունքներուն ու արժէքներուն վերականգնումը, որոնք հիմք կը հանդիսանան միջազգային համակեցութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
