Լեւոն ԺԴ. Պապ ու Առաքելական ատեանի դատաւորները Լեւոն ԺԴ. Պապ ու Առաքելական ատեանի դատաւորները  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Ճշմարտութիւն եւ սէր. Եկեղեցական դատավարութիւններու հիմնաքարերը

Լեւոն ԺԴ. Պապը Հռոմի առաքելական ատեանի դատաւորներուն ուղղած իր պատգամին մէջ շեշտեց ճշմարտութեան եւ սիրոյ անբաժանելի միութիւնը՝ որպէս եկեղեցական արդարադատութեան յենարան։ Ան յորդորեց դատական բոլոր դերակատարները գործել բարձր մասնագիտական բարոյագիտութեամբ՝ նպատակ ունենալով հոգիներու փրկութիւնը եւ Եկեղեցւոյ ներքին խաղաղութեան պահպանումը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 26 յունուարին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Հռոմի Առաքելական Ատեանի դատաւորները, 2026 դատական տարեշրջանի բացման առթիւ։ Դատաւորներուն հետ Իր առաջին պաշտօնական հանդիպման ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Պապը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ դատական առաքելութեան հիմնաքարերը՝ զանոնք ամփոփելով սուրբ գրային «Ճշմարտութիւնը գործադրել սիրոյ մէջ» կարգախօսին տակ ու իր պատգամին առանցքը դարձուց ճշմարտութեան եւ սիրոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ներքին կապը. «Խօսքը երկու հակադիր սկզբունքներուն մասին չէ, ոչ ալ արժէքներու՝ զորս պէտք է հաւասարակշռել զուտ գործնականապէս չափանիշերով, այլ՝ երկու ներքնապէս միացած չափումներուն, որոնք իրենց ամեմանխոր ներդաշնակութիւնը կը գտնեն նոյնինքն Աստուծոյ խորհուրդի մէջ, որ է Սէր եւ Ճշմարտութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու զգուշացուց դատական գործունէութեան մէջ սպրդող երկու ծայրայեղ վտանգներէ՝ առաջին՝ երբ հովուական ծառայութեան նախաձեռնութեան քողին տակ կը զոհուի առարկայական ճշմարտութիւնը՝ յանգելով վտանգաւոր յարաբերականութեան, երկրորդ՝ երբ Ճշմարտութիւնը կը հաստատուի առանց մարդկային յարգանքի ու ողորմութեան, անտեսելով անհատի արժանապատուութիւնը»։

«Հոգիներուն փրկութիւնը» Գերագոյն օրէնքը

Լեւոն ԺԴ. Պապը յիշեց, որ եկեղեցական ամբողջ իրաւական համակարգին նպատակակէտը «հոգիներու փրկութիւնն» է։ Դատական գործընթացը լոկ դիւանակալական ընթացակարգ մը չէ, այլ բարոյական պատասխանատուութիւն։ Ան շեշտեց, որ դատաւորները կոչուած են ըլլալու «խաղաղութեան մշակներ», քանի որ արդարութեան խաթարումը ուղղակիօրէն կը վտանգէ Եկեղեցւոյ ներքին խաղաղութիւնն ու միութիւնը»։

Դատական բարոյագիտութիւն

Պատգմաին մէջ Լեւոն ԺԴ. յատուկ անդրադարձ կատարեց դատական բոլոր դերակատարներուն՝ դատաւորներէն մինչեւ փաստաբանները, նշելով որ փաստաբանները պէտք է պաշտպանեն իրենց յաճախորդներուն իրաւունքները՝ առանց երբեք դրժելու իրենց խղճմտանքն ու օրէնքի ոգին, իսկ դատաւորները Պարտաւոր են պահպանել անկողմնակալութիւնը եւ ապահովել երկխօսական արդար միջավայր ուր ճշմարտութիւնը կը յայտնուի փաստերու մանրակրկիտ քննարկումով։

Ամուսնական անվաւերութեան դատեր

Անդրադառնալով ամուսնական անվաւերութեան դատավարութիւններուն, Քահանայապետը յորդորեց դատաւորները վարել գիտական լրջութեամբ եւ հաւատարմութեամբ՝ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան հանդէպ։ Ան շեշտեց, որ նոյնիսկ. «կարճ դատավարութիւններու» պարագային, դատաւորը պէտք չէ զիջի ճշմարտութեան որոնման հարցով։

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր խօսքը աւարտեց քաջալերելով դատաւորները «պահպանելու ճշմարտութիւնը խստապահանջութեամբ,  բայց առանց կարծրութեան եւ կիրարկել սէրը՝ առանց զանցառումի։ « Այս հաւարակշռութեան մէջ, որ իրականութեան մէջ խորունկ միութիւն մըն է, պէտք է դրսեւորուի քրիստոնէական իրաւական իսկական իմաստութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու իր օրհնութիւնը շնորհեց ներկաներուն՝ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2026, 11:28