Լեւոն ԺԴ.«Վերագտնել աւետարանելու ուրախութիւնը՝ սերունդներու միջեւ հաւատքի խզումը յաղթահարելու համար»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Հաւատոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան լիագումար նիստի մասնակիցները ու այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ պաշտպանելու քրիստոնէական վարդապետութեան անաղարտութիւնը, միաժամանակ պատասխանելով արդի աշխարհի բարդ հարցերուն:
Քահանայապետը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ վերջին երկու տարիներուն Վերատեսչութեան կողմէ հրատարակուած առանցքային փաստաթուղթերուն, որոնք յստակեցումներ կը բերեն հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին.
Առանցքային փաստաթուղթեր
Մարդկային Արժանապատուութիւն. «Dignitas infinita» հռչակագիրը, որ կը վերահաստատէ իւրաքանչիւր անհատի անքակտելի արժէքը՝ յատկապէս պատերազմներու եւ նիւթապաշտ տնտեսութեան սպառնալիքներու դիմաց:
Արհեստական Բանականութիւն. «Antiqua et nova», որ կը քննարկէ արհեստավարժական զարգացման եւ մարդկային բանականութեան ներդաշնակութիւնը:
Սուրբ Խորհուրդներ եւ Գերբնական Երեւոյթներ. «Nota Gestis verbisque», Յատուկ անդրադարձ կատարեց Մետճուկորիէի հոգեւոր փորձառութեան եւ սուրբ խորհուրդներու վաւերականութեան ուղեցոյցներուն:
Ընտանիք եւ Մարիաբանութիւն. «Nota dottrinale Una», փաստաթուղթը, որ կը փառաբանէ միակնութեան վեհութիւնը, ինչպէս նաեւ Տիրամօր նուիրուած նորագոյն աստուածաբանական պարզաբանումները:
Սերունդներու միջեւ հաւատքի խզումը
Նորին Սրբութիւնը անդարարձաւ հաւատքի փոխանցման ճգնաժամին: Պապը մտահոգութեամբ նշեց, որ վերջին տասնամեակներուն «սերնդային խզում» յառաջացած է: Յատկապէս երիտասարդութեան մօտ Աւետարանը այլեւս չի դիտուիր որպէս կեանքի հիմնական հենարան:
«Մենք չենք կրնար անտեսել այս իրականութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ կոչ ուղղելով Եկեղեցիին վերագտնելու աւետարանչութեան հրապոյրն ու ուրախութիւնը: Եկեղեցին պէտք է ըլլայ ոչ թէ ինքնապաշտպանողական կեցուածք որդեգրած կառոյց, այլ առաքելական մարմին, որ կը գործէ Քրիստոսի սիրոյ ձգողականութեամբ:
Դատական ծառայութիւն եւ արդարութիւն
Լեւոն ԺԴ. նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Վերատեսչութեան կատարած «նուրբ ծառայութեան» համար՝ կապուած ծանր յանցանքներու քննութեան հետ: Ան յորդորեց եպիսկոպոսները եւ պատասխանատուները այդ դժուարին հարցերը լուծել միշտ յարգելով արդարութեան, ճշմարտութեան եւ քրիստոնէական գթասրտութեան պահանջները:
Իր խօսքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ Պապը Հաւատաոյ Վարդապետութեան Վերատեսչութեան անդամները որակեց որպէս «Տիրոջ այգիին խոնարհ մշակներ» եւ իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլորին՝ քաջալերելով շարունակելու իրենց անտեսանելի, բայց կենսական աշխատանքը ի նպաստ Եկեղեցւոյ պայծառութեան:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
