Որոնել

 ACERAC-ի 13-րդ լիագումար նիստ ACERAC-ի 13-րդ լիագումար նիստ 

Լեւոն ԺԴ. Պապին Պատգամը ACERAC-ի 13-րդ լիագումար նիստի մասնակիցներուն

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կեդրոնական Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն ուղղուած պատգամին մէջ վերահաստատեց Եկեղեցւոյ դերը որպէս «Աստուծոյ Ընտանիք»՝ շեշտելով հաշտութեան, ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի եւ հաւատքի մշակութայնացման կարեւորութիւնը։ Սրբազան Հայրը յորդորեց հոգեւոր հովիւներուն ըլլալ տառապողներուն ու երիտասարդութեան կողքին՝ սինոդական ուղիով եւ եղբայրական համագործակցութեամբ նպաստելով տարածաշրջանի խաղաղութեան ու արդարութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 29 յունուարին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ողջոյնի յատուկ պատգամ մը յղեց Կեդրոնական Ափրիէյի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընկերկացութեան (ACERAC) 13-րդ լիագումար նիստի մասնակիցներուն: Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Ափրիկէի Եկեղեցւոյ կենսական դերը՝ որպէս «Աստուծոյ Ընտանիք», որ կոչուած է դիմագրաւելու տարածաշրջանի բարդ մարտահրաւէրները:

«Ecclesia in Africa». 31 տարի ետք

Լեւոն ԺԴ. Պապե յիշեցուց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի հրատարակած «Ecclesia in Africa» պատմական յորդորագիրին 31-ամեակը նշելով, որ անոր պատգամը այսօր աւելի քան երբեք այժմէական է ու բարձր գնահատեց ափրիկեան Եկեղեցւոյ ուժականութիւնը եւ հովիւներուն անձնուէր ծառայութիւնը՝ ի նպաստ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ աճումին

Հաւատքի մշակութայնացում եւ Հաշտութիւն

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի պատգամի մէջ առանձնացուեցան քանի մը առաջնահերթութիւններ. Մշակութայնացում. Հաւատքը պէտք է արմատաւորուի տեղական մշակոյթներուն մէջ՝ զանոնք ներսէն պտղաբերելով Աւետարանի լոյսով: Պայքար ցեղապաշտութեան դէմ. Ի դէմ տարածաշրջանը յուզող ցեղային բախումներուն եւ պատերազմներուն, Եկեղեցին պէտք է ըլլայ հաշտութեան կամուրջ՝ բացառելով ամէն տեսակի ազգայնամոլութիւն: ԸՆկերային արդարութիւն. Լեւոն ԺԴ. յորդորեց հոգւեոր հովիւները ըլլալ մօտիկ տառապողներուն, յատկապէս գաղթականներուն եւ երիտասարդներուն, որոնք աւելի լաւ ապագայի փնտռտուքով իրենց կեանքը վտանգի կ'ենթարկեն:

Սինոդական ուղի

Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ եպիսկոպոսներու պարբերական հանդիպումները կը զօրացնեն եղբայրական համագործակցութիւնը, ինչ որ անհրաժեշտ է քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ երկխօսելու, խաղաղութիւնը խթանելու եւ բնութիւնը պահպանելու համար:

Կարդինալ Փարոլին պատգամը աւարտեց Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական օրհնութեամբ, զոր Ան շնորհեց Կեդրոնական Ափրիկէյի ողջ ժողովուրդին՝ աշխատանքներու յաջողութիւնը վստահելով Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 13:37