Թող Տէրը լսէ խաղաղութիւն և արժանապատուութիւն չունեցող երեխաներու լուռ ճիչը. Լեւոն ԺԴ.
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 3 յունուար 2026 երեկոյեան, Սիքստինեան մատրան մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Ծնունդի նուիրուած Սիքստինեան երգչախումբի համերգին։
Համերգի աւարտին Ան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սիքստինեան երգչախումբի Սուրբ Ծննդեան համերգի մասնակիցներուն, Իր երախտագիտութիւնը յայտնելով երգչախումբին՝ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդը երաժշտութեամբ մատուցելուն համար, շեշտելով, որ երաժշտութիւնն ու երգը լեզու մը ունին, որ կը խօսի թէ՛ մտքին եւ թէ՛ սիրտին: Քահանայապետը շնորհաւորեց խմբավար գերապ. Մարքոս Փաւանը իր տարած աշխատանքին համար, յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղելով նաեւ մանուկներու երգչախումբի վարպետ Միքելէ Մարինելլիին հաստատելով, որ «անհնար է պատկերացնել Սուրբ Ծնունդը առանց երգի ու երաժշտութեան»:
Քահանայապետը ապա նշեց, որ ամբողջ աշխարհի մէջ Բեթղեհէմի դէպքը կը տօնուի զանազան լեզուներով ու մեղեդիներով, յիշելով Աւետարանին մէջ նկարագրուած հրեշտակներու երգը Փրկիչի ծննդեան պահուն:
«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն» պատգամը եղաւ առաջին երկնային երգը ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ այդ համերգը ունեցաւ իր հանդիսատեսները որոնք եղան Բեթղեհէմի պարզ ու խոնարհ հովիւները:
Հովիւները, Մանուկը տեսնելէ ետք, վերադարձան՝ փառաբանելով ու օրհնելով զԱստուած յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ այլ վայր մըն ալ կար որուն մէջ հնչեց այդ երկնային երաժշտութիւնը եւ այդ մէկը «լռելեան, ամփոփուած եւ զգայուն վայր մըն է...Մարիամին սիրտը, Մարմնացեալ Բանին մայրը դառնալու համար Աստուծմէ ընտրուած կինը» ըսաւ Քահանայապետը եւ հրաւիրեց անորմէ սորվիլ լռութեան մէջ ունկնդրել Տիրոջ ձայնը, որպէսզի հաւատարմութեամբ հետեւինք այդ բաժինը որ Տէրը մեզի վստահած է կեանքի «երաժշտական նոթագրութեան» մէջ:
Սրբազան Պապը առ այդ փափաք յայտնեց համերգը նուիրել աշխարհի բոլոր տառապեալ մանուկներուն, որոնք այս տարի Սուրբ Ծնունդը ապրեցան առանց լոյսի, առանց երաժշտութեան եւ առանց նոյնիսկ տարրականը ունենալու մարդկային արժանապատուութեան համար եւ առանց խաղաղութեան, ըսաւ Լեւոն ԺԴ. եւ հայցեց որ Տէրը լսէ այդ փոքրիկներուն լուռ հառաչանքը, եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ աշխարհին պարգեւէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով երգչախումբին ու բոլորին մաղթելով բարի նոր տարի մը հրաւիրելով բոլոր ներկաները միասնաբար երգելու «Հայր մեր» աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
