Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը պիտի հանդիպի Հռոմի կղերական դասին հետ եւ պիտի այցելէ հինգ ժողովրդապետութիւններ

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Փետրուար 19-ին պիտի հանդիպի Հռոմի թեմի քահանաներուն, որմէ ետք Քառասնորդաց շրջանի ընթացքին հովուական այցելութիւններ պիտի կատարէ քաղաքի հինգ տարբեր ժողովրդապետութիւններ: Այս այցելութիւնները առիթ պիտի ըլլան Սրբազան Հօր համար հանդիպելու տեղական համայնքներուն եւ երիտասարդներուն հետ՝ եզրափակելով իւրաքանչիւր հանդիպում Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը կը վերսկսի Հռոմի թեմի կղերական դասին հետ իր աւանդական հանդիպումները։ Մոխրոց Չորեքշաբթիին յաջորդող Հինգշաբթի օրը՝ 19 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ պիտի ընդունի Հռոմի թեմի քահանաները։

Քառասնորդաց շրջանի հովուական այցելութիւններ

Քառասնորդաց շրջանի առիթով, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի թեմի հինգ տարբեր հովուական շրջաններու ծուխերը։ Այցելութիւններու ժամանակացոյցը սահմանուած է հետեւեալ ձեւով.

15 Փետրուար: Սուրբ Մարիամ Թագուհի Խաղաղութեան եկեղեցի (Ostia Lido – Հարաւային շրջան)։

22 Փետրուար: Յիսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցի (Castro Pretorio – Կեդրոնական շրջան)։

1 Մարտ: Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման եկեղեցի (Արեւելեան շրջան)։

8 Մարտ: Սուրբ Մարիամ Ընծայման եկեղեցի (Արեւմտեան շրջան)։

15 Մարտ: Յիսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցի (Ponte Mammolo – Հիւսիսային շրջան)։

Հանդիպում հաւատացեալներուն հետ

Հռոմի թեմի փոխանորդ Կարդինալ Պալտօ Ռէյնա նախապէս տեղեկացուցած է, որ ասոնք պիտի ըլլան բուն հովուական այցելութիւններ։ Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի հանդիպի ծխական մարմիններուն, հովուական գործիչներուն եւ երիտասարդական խումբերուն հետ։ Իւրաքանչիւր այցելութեան գագաթնակէտը պիտի ըլլայ Սուրբ Պատարագի մատուցումը՝ տուեալ ծխական համայնքին հետ։

«Սրբազան Քահանայապետը կը վերսկսի իր նախորդներու աւանդութիւնը՝ այցելելով իր թեմի ծուխերը։ Ասիկա մեծ ուրախութիւն է բոլորիս համար եւ առիթ մը՝ մեր Եպիսկոպոսին հետ խորացնելու հովուական ծրագիրի նիւթերը», նշած է Կարդինալ Ռէյնա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2026, 13:36