Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Վատիկանի ապահովութեան տեսչութեան անձնակազմը Լեւոն ԺԴ. Պապն ու Վատիկանի ապահովութեան տեսչութեան անձնակազմը  (@Vatican Media)

«Ապահով միջավայրը մեծապէս կ’օգնէ աղօթքին». Լեւոն ԺԴ. Պապի պատգամը ոստիկաններուն

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Վատիկանի ապահովութեան տեսչութեան անձնակազմը՝ յայտնելով իր խորին երախտագիտութիւնը Յոբելենական տարուան եւ յաջորդող եկեղեցական կարեւոր իրադարձութիւններու ընթացքին անոնց ցուցաբերած բարձր արհեստավարժութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ անոնց կատարած ծառայութիւնը կարեւոր նախապայման է ուխտաւորներու համար խաղաղ ու աղօթական մթնոլորտ ապահովելու գործին մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 19 յունուարին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Վատիկանի հանրային ապահովութեան տեսչութեան տնօրէններն ու անձնակազմը՝ շնորհաւորելով անոնց նոր Տարին եւ յայտնելով իր խորին երախտագիտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց անոնց անդուլ աշխատանքը, որ ուղղուած է Սուրբ Պետրոս տաճար այցելող միլիոնաւոր ուխտաւորներուն եւ զբօսաշրջիկներուն անվտանգութեան ապահովման։

«Մասնաւորապէս կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի այն ամէն բանին համար, ինչ որ կատարեցիք հազիւ աւարտած Յոբելենական տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Իմ հանգուցեալ նախորդիս՝ Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան, անոր յուղարկաւորութեան եւ Քոնքլաւի առիթներով», ուր ոստիկանութիւնը ցուցաբերեց բարձր արհեստավարժութիւն եւ լռակեաց նուիրում, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա երախտագիտութեան խօսք ուղղեց նաեւ աշխատակիցներու ընտանիքներուն, որոնք անուղղակիօրէն մասնակից դարձան այս ծանր ծառայութեան՝ յարմարելով խիստ ժամանակացոյցներուն։
«Երախտագիտութեան խօսքն մըն ալ կ՝ուղղեմ ձեր հարազատներուն, որոնք անուղղակի կերպով իրենք եւս ներգաւուեցան այս իրավիճակներուն մէջ՝ յարմարելով ձեր պարտականութիւններուն... յաճախ հրաժարելով ձեր ներկայութենէն»

Լեւոն ԴԺ. Պապը ապա նշեց որ հասարակական կարգն ու ապահովութիւնը պարզապէս կանոններուն պահպանում չեն, այլ նախապայման են խաղաղութեան եւ աղօթքի մթնոլորտի ստեղծման համար։

«Ապահով միջավայր մը իրապէս մեծապէս կ՝օգնէ աղօթքին եւ բազմաթիւ այցելուներ, որոնցմէ ոմանք Հռոմ ժամանած են երկար ճամբորդութիւններ կատարելով ու ֆիզիքական եւ տնտեսական զոհողութիւններ յանձն առնելով, անցնող ամիսներուն կրցան այդ մէկը փորձարկել նաեւ ձեր շնորհիւ»։

Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամը եզրափակեց յիշելով Ոստիկանութեան պաշտպան Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետը՝ մաղթելով որ անոնց գործունէութիւնը միշտ առաջնորդուի ուղղամտութեամբ եւ եղբայրութեան ոգիով։ Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին խօսքերը, հաստատելով որ անոնց ներկայութիւնը քաղաքակրթութեան եւ աւետարանական խաղաղութեան երաշխիքն է։

Հայցելով Տիրամօր եւ Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի հովանին բոլորին վրայ՝ Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց՝ խոստանալով իր աղօթքը ներկաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2026, 11:02