Anti-abortion activists take part in the "March for Life", in Washington

Լեւոն ԺԴ. Պապին պատգամը Ուաշինկթընի «Յանուն Կեանքի Քայլարշաւ»-ի մասնակիցներուն

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Ուաշինկթընի «Յանուն Կեանքի Քայլարշաւ»-ի մասնակիցներուն՝ շեշտելով, որ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը արդար հասարակութեան եւ մարդկային բոլոր իրաւունքներուն անփոխարինելի հիմքն է։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց յատկապէս երիտասարդները՝ տոկուն մնալու իրենց խաղաղ պայքարին մէջ, զայն համարելով աստուածային պատուիրան՝ ծառայելու մարդկութեան ամենատկար անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յատուկ պատգամով մը իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող 2026-ի «Յանուն Կեանքի Քայլարշաւ» (March for Life) ձեռնարկի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց ներկաներու հրապարակային վկայութիւնը՝ շեշտելով, որ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը կը հանդիսանայ մարդկային բոլոր այլ իրաւունքներուն անփոխարինելի հիմքը։

Սրբութիւն եւ Առաջընթաց

Քահանայապետը վերահաստատեց, որ հասարակութիւն մը կրնայ առողջ համարուիլ եւ իսկական յառաջդիմութիւն արձանագրել միայն այն ատեն, երբ կը պաշտպանէ մարդկային կեանքի սրբութիւնը եւ կը գործէ զայն խթանելու ուղղութեամբ։

Կոչ Երիտասարդութեան

Նորին Սրբութիւնը յատկապէս քաջալերեց երիտասարդները, որպէսզի անոնք տոկուն մնան իրենց պայքարին մէջ՝ ապահովելու համար կեանքի նկատմամբ յարգանքը իր բոլոր հանգրուաններուն։ Ան կարեւորեց նաեւ քաղաքական եւ քաղաքացիական առաջնորդներուն հետ երկխօսութեան դերը։

Աւետարանական առաքելութիւն

«Թող Յիսուս, որ խոստացաւ միշտ մեզի հետ ըլլալ (Մատթ. 28,20), ընկերակցի ձեզի այսօր, մինչ դուք քաջութեամբ եւ խաղաղութեամբ կը քալէք յանուն չծնած մանուկներուն։ Գիտցէք, որ պաշտպանելով անոնց դատը՝ դուք կը կատարէք Տիրոջ պատուիրանը՝ ծառայելու Իրեն մեր փոքրագոյն եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ (Մատթ. 25,31-46)», ըսաւ Ան։

Պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. հայցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպան Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը եւ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհեց կեանքի նուիրուած քայլարշաւի մասնակիցներուն ու անոնց օժանդակողներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2026, 23:05