Քահանայապետի պատգամը Թոլետոյի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ 800 ամեակին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի` 29 Յունուար 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պատգամ մը յղեց Սպանիայի Թոլետօ քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ 800 ամեակի տօնախմբութիւններու սկիզբի ձեռնարկին առիթով, որուն ընթերցումը կատարեց Սպանիայի մէջ Առաքելական Նուիրակ` Գերապ. Փիերօ Փիոփփոն։
Եկեղեցին` որ գոթական ոճով է, կառուցուած է 1226-ին եւ այս տարի կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 800-ամեակը։
Իր պատգամին մէջ Քահանայապետը աղօթքները հաւաստիացուց որպէսզի Տաճարի այս Յոբելենական Տարին, ըլլայ շնորհքի, ներողամտութեան եւ ողորմութեան ժամանակ, ապա գոհութեան եւ շնորհակալութեան տարի՝ այն ամէն բաներուն համար, որ Թոլետոյի Եկեղեցին նուիրեց Սպանիայի, Եւրոպայի եւ Լատին Ամերիկայի պատմութեան։
«1226 թուականին, Ռոտրիկօ Խիմենես դէ Ռատա Արքեպիսկոպոսը եւ Քասթիլիոյ թագաւոր` Սուրբ Ֆերնանտօ Գ-ը, դրին ներկայ գոթական տաճարի առաջին քարը՝ Սուրբ Մարիամի հին վիսիգոթական եկեղեցւոյ տեղը։ Ուստի այս տարի՝ 2026-ին, կը նշուին այդ յիշարժան օրուան ութ հարիւր տարիները» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ, ակնարկելով թէ ինչպէս Առաջնորդանիստ այդ Տաճարը եղած է պատմութեան բազմաթիւ դէպքերու վկայ ու մատնանշելով թէ այս տարուայ յոբելեանի կարեւոր ծիսական հանդիսութիւններն եւ մշակութային ձեռնարկները պիտի բացայայտեն «Եկեղեցւոյ հարուստ հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ անոր տեսլականը՝ յոյսով լի ապագայի մը համար»։
«Որպէս «կենդանի քարեր», դուք դարեր շարունակ պահպանեցիք եւ պաշտպանեցիք հաւատքը եւ հաղորդութիւնը Պետրոսի Աթոռին հետ։ Շնորհակալութիւն ձեր վկայութեան համար» գրած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւնը յայտնելով Թոլետոյի Տաճարին կողմէ կատարուած բարեսիրական եւ հասարակական ծառայութեան համար, ու քաջալերելով շարունակելու այդ գործը` որովհետեւ «անկարելի է մոռնալ աղքատները, եթէ չենք ուզեր դուրս գալ Եկեղեցւոյ կենդանի հոսանքէն, որ կը բխի Աւետարանէն եւ պտղաբեր կը դարձնէ իւրաքանչիւր պատմական պահ» (Առաքելական յորդոր Dilexi te, 15)։
Լեւոն ԺԴ. պատգամը աւարտած է հայցելով Տիրոջ եւ Թոլետոյի Եկեղեցւոյ պաշտպան սրբուհի` Խորանի Սուրբ Կոյսին պաշտպանութիւնը ապա իր օրհնութիւնները շնորհած է բոլորին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
