Որոնել

In udienza dal Papa i vescovi del Per� e il card. Tolentino

«Ad instar Apostolorum» ոճով ապրելու կոչ. Լեւոն ԺԴ. Պապին ճառը Փերուի եպիսկոպոսներուն

«Սիրելի եղբայրներ եպիսկոպոսութեան մէջ, Փերուն իմ սրտիս մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ։ Այնտեղ ես ձեզի հետ բաժնեկցեցայ ուրախութիւններ եւ տառապանքներ, սորվեցայ ժողովուրդին պարզ հաւատքը եւ ապրեցայ այն Եկեղեցւոյ ուժը, որ գիտէ սպասել նոյնիսկ փորձութիւններուն մէջ։ Այդ մեծ սիրոյ պատճառով կը քաջալերեմ ձեզ՝ այսօրուան Փերուի Եկեղեցւոյ մէջ արգասաւոր դարձնելու այն ժառանգութիւնը, որ ստացած էք Թորիպիօ, Ռոզայ, Մարթին եւ Յովհաննէս Սուրբերէն եւ այլ շատ ուրիշներէն» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ իր երախտագիտո

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը` ուրբաթ 30 Յունուարի առաւօտեան Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Փերուի եպիսկոպոսները՝ անոնց Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով որ լատիներէն կը կոչուի «Ad limina Apostolorum» այց։

Այս առիթով անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը արտայայտեց անոնց ու հաւաստիացուց աղօթական յիշատակը համայն Փերույի ժողովուրդին։

Սուրբ Թորիպիօ դէ Մոկրովեխոյի օրինակը

«Ինծի համար աստուածային նախախնամութեան նշան մըն է, որ այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ սուրբ Թորիպիօ դէ Մոկրովեխոյի սրբադասման 300-ամեակին շրջագիծին մէջ։ Դուք, սիրելի եղբայրներ, այն աւետարանական սերմին պտուղն էք, որ այս սուրբ եպիսկոպոսը սերմանեց այդ հողերուն մէջ։ Ահա թէ ինչու կ՛ուզեմ ձեզի առաջարկել, անոր օրինակին վրայ հիմնուելով, հաւատքի հայեացքով ընթերցել այն իրականութիւնը, զոր այսօր կը դիմագրաւենք, եւ որ լաւ կերպով արտացոլուած է այն զեկոյցներուն մէջ, զորս դուք ինծի հասցուցիք» ըսաւ Սրբազան Պապը ու քաջալերեց զանոնք այսօրուան մարտահրաւէրներուն պատասխանել՝ ապրելով ad instar Apostolorum՝ Առաքեալներուն նման, պարզութեամբ, քաջութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին լիակատար նուիրումով։

Միութիւն եւ հաղորդակցութիւն

Քահանայապետը պատգամին մէջ շեշտեց ապա միութեան եւ հաղորդակցութեան կենսական նշանակութիւնը՝ որպէս քրիստոնէական վկայութեան հաւատալիութեան հիմք, կոչ ուղղելով յաղթահարելու բաժանումներն ու անհատապաշտութիւնը հովիւներուն եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին միջեւ։

Ան վերահաստատեց Աւետարանին ամբողջական եւ ուրախ հռչակման անհրաժեշտութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով քրիստոնէական ինքնութեան, նոյնիսկ ժամանակակից մշակոյթին հետ երկխօսութեան մէջ եւ կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն ամբողջութեամբ նուիրուելու իրենց ծառայութեան՝ առաջնորդուելով միայն հոգիներուն հանդէպ սիրով։

Հովուական մօտիկութիւնը 

Պապը շեշտեց մօտիկութեան հովուական մօտեցումի կարեւորութիւնը հաստատելով` որ «Այս մօտիկութիւնը կ՛ընդգրկէ կղերական դասը, նորընծաները, նուիրեալ կեանքը եւ ամբողջ Աստուծոյ Ժողովուրդը՝ յատուկ նախընտրութիւն տալով ամենէն տկարներուն եւ կարիքաւորներուն»:

«Սիրելի եղբայրներ եպիսկոպոսութեան մէջ, Փերուն իմ սրտիս մէջ յատուկ տեղ մը կը գրաւէ։ Այնտեղ ես ձեզի հետ բաժնեկցեցայ ուրախութիւններ եւ տառապանքներ, սորվեցայ ժողովուրդին պարզ հաւատքը եւ ապրեցայ այն Եկեղեցւոյ ուժը, որ գիտէ սպասել նոյնիսկ փորձութիւններուն մէջ։ Այդ մեծ սիրոյ պատճառով կը քաջալերեմ ձեզ՝ այսօրուան Փերուի Եկեղեցւոյ մէջ արգասաւոր դարձնելու այն ժառանգութիւնը, որ ստացած էք Թորիպիօ, Ռոզայ, Մարթին եւ Յովհաննէս Սուրբերէն եւ այլ շատ ուրիշներէն» յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն հանդիպման եւ աւետարանական ծառայութեան համար, Փերուի Եկեղեցին յանձնելով Մերսետէի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան։

Ան իր ճառը աւարտեց իր Առաքելական Օրհնութիւնը շնորհելով բոլոր ներկաներուն հոգեւորականներուն ու ամբողջ Փերուացի ժողովուրդին եւ յատկապէս կարիքաւորներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2026, 14:09