Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ Պապ. Եկեղեցւոյ խնդիրը թիւերը չեն, այլ «Եկեղեցի զգալը»

Լեւոն ԺԴ Պապը կը հաստատէ, որ Եկեղեցւոյ հիմնական մարտահրաւէրը ոչ թէ թիւերու նուազումն է, այլ հաւատացեալներուն մէջ Քրիստոսի Մարմնոյն կենդանի անդամ զգալու գիտակցութեան պակասը: Ան կը յորդորէ քրիստոնեաները չյուսահատելու եւ շարունակելու վկայել Աւետարանի ու Յարութեան ուրախութիւնը՝ նոյնիսկ ամենադժուար պայմաններուն մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Piazza San Pietro» ամսագրի 2026 յունուարի թիւին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը պատասխանէ Զուիցերիայէն քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցչուհիի մը՝ Նունցիային, որ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր հաւատացեալներուն նուազումին շուրջ։

Ցանողի յուսահատութիւնը

Նունցիան՝ զուիցերիացի քրիստոնէական դաստիարակութեան ուսուցչուհին՝ որ կը բնակի Լաուֆընպուրկ՝ 620 հոգինոց փոքր գիւղաքաղաքի մը մէջ, կը նկարագրէր, թէ ինչպէս երեխաներն ու ընտանիքները կը նախընտրեն մարզանքը, տօնախմբութիւններն ու արդիական միջոցները քան հաւատքի կեանքը։ Ան կը նշէր, թէ «սերմերը կը ցանէ, բայց տունկերը դժուարութեամբ կ՝աճին» ու նամակին մէջ անդրադառնալով դժուար իրականութեան մը կը գրէ. Հոս՝ Զուիցերիոյ մէջ, դժուար է ծնողները ներգաւել, իսկ երբեմն նոյնիսկ երեխաներն ու պատանիները մղել, որ վստահին Աստուծոյ»։ Յուսահատութեան դիմաց, ուսուցչուհին կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը. «Ես կը ջանամ սերմանել, բայց տունկերը դժուարութեամբ կ՝աճին», ու Պապէն կը խնդրէ, որ աղօթէ իր խնամքի յանձնուած երիտասարդներուն եւ իրեն համար, որպէսզի չպակսի շարունակելու քաջութիւնը»։

Ժամանակը կորուստ չէ

«Հայր Էնցօ Ֆորթունաթոյի խմագրած «Piazza San Pietro» պարբերաթերթի էջերուն մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը հաստատէ, որ քրիստոնէական դաստիրակութեան տրամադրուած ժամերը երբեք կորսուած չեն, նոյնիսկ եթէ մասնակիցշները շատ քիչ են։ Թիւերէն անդին, Քահանայապետին իրական հարցը թիւերու նուազումը չէ, այլ «եկեղեցի զգալու» գիտակցութեան պակասը, այսինքն՝ Քրիստոսի Մարմնոյն կենդանի անդամները ըլլալու գիտակցութեան պակասը»։ Հաւատացեալները պէտք չէ ըլլան սոսկ «սուրբ խորհուրդներ սպառողներ»՝ սովորութեան բերումով, այլ Քրիստոսի Մարմնոյն կենդանի անդամները։

Եւրոպական իրականութիւն

Լեւոն ԺԴ. Պապը նկատել կու տայ, որ այս կացութիւնը, ընդհանուր է հին քրիստոնեայ երկիրներու համար, ուր հաւատքի նկատմամբ անտարբերութիւնը կ’աճի, ու  կը մատնանշէ ուղի մը. «Որպէս քրիստոնեաներ, մենք միշտ դարձի գալու կարիքն ունինք։ Եւ պէտք է զայն փնտռենք միասնաբար», ու կը յիշեցնէ, թէ հաւատքի իսկական դուռը «Քրիստոսի Սիրտն է, որ միշտ լայն բացուած է»։

Աւետարանի ուրախութիւնը

Յղում կատարելով Պօղոս Զ Պապի ժառանգութեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը նամակը կ’եզրափակէ, թէ մեր գլխաւոր պարտականութիւնը Աւետարանի եւ յարութեան ուրախութիւնը վկայելն է։ «Այն ինչ որ կարելի է ընել՝ Քրիստոսի Աւետարանի ուրախութիւնը, վերածնունդի եւ յարութեան ուրախութիւնը վկայելն է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2026, 09:41