Լեւոն ԺԴ ընդունեց Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի ղեկավարներն ու անդամները
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ուրբաթ` 30 Յունուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը, Առաքելական Պալատէն ներս ընդունեց Քահանայապետի Աղօթքի Համաշխարհային Ցանցի ղեկավարներն ու անդամները։
Այս առիթով անոնց ուղղած բարի գալուստի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով բոլոր ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` բոլոր ջանքերուն համար, որոնց նպատակն է աղօթել Քահանայապետի դիտաւորութիւններուն համար։
«Ինչպէս գիտէք, ամէն ամիս, ուշադիր զատորոշումէ մը ետք, իմ նախորդներս ու ես ձեզի հետ կը կիսենք տարբեր դիտաւորութիւններ, որոնք կը վերաբերին մարդկութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան» ըսաւ Քահանայապետը։
Համաշխարհային Ցանցի Կարեւորութիւնը
Ան ապա ընդգծեց ապա համաշխարհային ցանցի կարեւորութիւնը, որ կը միացնէ տարբեր մշակոյթներ, լեզուներ եւ շնորհքներ ընդհանուր առաքելութեան մը մէջ:
«Այս աղօթքը օտար չէ Քրիստոսի Մարմնի աւետարանական գործին, այլ անոր անբաժանելի մասն է: Ձեր աղօթքի առաքելութեան հոգեւորութիւնը արմատացած է Յիսուսի Սրտին մէջ, որ թոյլ կու տայ ձեզի մօտէն ճանչնալու մեր Տէրը եւ դառնալու աւելի գթած եւ համակրելի, մինչ դուք աղօթքի մէջ կը հաստատէք անոնք, որոնք կարիքի մէջ են», յարեց Սրբազան Պապը յոյս յայտնելով նաեւ որ այդ իրենց ստանձնած առաքելութեան միջոցաւ «շարունակեն օգնել մկրտուածներուն հասկնալ, որ անոնք Քրիստոսի բարեկամներն ու առաքեալներն են»։
Երիտասարդներու Մասնակցութիւնը
Ան առ այդ յատուկէն ընդգծեց երիտասարդներու մասնակցութեան եւ նրգրաւումի կարեւորութիւնը այս ցանցին մէջ` «որպէսզի անոնք կարողանան ըլլալ աշխարհի կարիքներու համար միջնորդութեան յաջորդ սերունդը» ըսաւ Ան յոյս յայտնելով նաեւ որ Ցանցի Հաղորդութեան Երիտասարդական Շարժումը պտղաբեր ճանապարհ դառնայ երիտասարդներուն համար, որպէսզի անոնց օգնէ աւելի խոր ընկերութիւն ունենալու Տիրոջ հետ:
Լեւոն ԺԴ. խօսքը աւարտեց ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց Քահանայապետի աղօթքի դիտաւորութիւնը խթանելու համար աշխարհին մէջ եւ քաջալերեց զանոնք շարունակելու այդ ընթացքը ուրախ հոգիով ապա հրաւիրեց զանոնք միասին աղօթելու Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
