Լեւոն ԺԴ. Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սան Մարինօ հանրապետութեան Տեղակալ Հրամանատարներուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը` այսօր Երկուշաբթի 12 Յունուար 2026-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Սան Մարինօ հանրապետութեան Տեղակալ Հրամանատարներուն Նորին Վսեմութիւններ` Մաթթէօ Ռոսիին եւ Լորենցօ Պուլյիյին, որոնք ապա հանդիպեցան Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, Սրբազան Պապի Պետական քարտուղարը, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապայծառ, Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէր»։
Վերոնշեալ տողերը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նշուած է նաեւ` թէ «Պետական Քարտուղարութեան մէջ կայացած սիրալիր զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցան առկայ երկկողմ յարաբերութիւններու գերազանցութիւնը, ինչպէս նաև Եկեղեցւոյ ներդրումը ի սպաս Սան Մարինոյի հասարակութեան»։
Խօսակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան նաեւ միջազգային գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող տագնապները յատուկէն անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան, բազմակողմանի դիւանագիտութեան ծիրէն ներս համագործակցութեան եւ խաղաղութիւնը խթանելու համար միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
