2026.01.10 Collaboratori e Volontari del Giubileo

Լևոն ԺԴ. Պապը հանդիպեցաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Յոբելեանի համագործակցած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն

«Ձեր աշխատանքով դուք շատերուն օգնեցիք գտնել և վերագտնել յոյսը, և վերսկսել կեանքի ճանապարհը նորոգուած հաւատքով ու բարեգործական մտադրութիւններով (հմմտ. Ա Թեսաղոնիկեցիներ 1։2-3)» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ապա յատուկէն անդրադարձաւ երիտասարդներուն. «Մենք պատասխանատու ենք անոնց ապագային, որուն մէջ կայ նաեւ աշխարհի ապագան» հաստատեց Ան ընդգծելով, որ երիտասարդները պէտք ունին «առողջ տիպարներու»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 10 Յունուար 2026-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը զանազան առանձնական հանդիպումներ ունենալէն ետքը, առաւօտեան վերջին հանդիպումը նուիրեց անցեալ տարուայ Յոյսի Յոբելեանի կազմակերպութեան մէջ ներգրաւուած կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու վեց հազարէ աւելի ներկայացուցիչներուն, մինչ կէսօրէն ետքը Ան հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Թեմի երիտասարդներուն հետ։

Յոբելենական տարուան կազմակերպութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը կայացաւ Վատիկանի Պօղոս Զ. անուան դահլիճին մէջ ի ներկայութեան Յոբելեանի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ` Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլայի ու եկեղեցական ու քաղաքացիական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն։

Սրբազան Պապին շնորհակալութիւնը

Քահանայապետը հանդիպումը սկսաւ խաչակնքումով եւ իր կարգախօսը դարձած «Խաղաղութիւնը ձեր հետ» ողջոյնով, ապա ողջունեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց անցեալ տարուայ Յոյսի Յոբելեանի կազմակերպութեան իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար, յատուկէն յիշելով Իտալիոյ Հանրապետութեան Կառավարութիւնը եւ Հռոմի Քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ Լացիօ Նահանգը ու անվտանգութեան եւ ապահովութեան ուժերը, առանց մոռանելու կամաւորական բազմաթիւ ընկերակցութիւնները ու նաեւ Վատիկանեան տարբեր հաստատութիւններն ու Վերատեսչութիւնները, յատուկէն մատնանշելով «ամէն տարիքի եւ ծագումով Յոբելեանի հինգ հազար կամաւորներուն», որոնց Նորին Սրբութիւնը խորին շնորհակալութիւններ փոխանցեց անոնց իւրաքանչիւրի կողմէ կատարուած բազմակողմանի և պահանջկոտ ներդրումին համար, որ թոյլ տուաւ աւելի քան երեսուն միլիոն ուխտաւորներուն աւարտել Յոբելենական ճանապարհորդութիւնը և մասնակցիլ տօնակատարութիւններուն, արարողութիւններուն եւ միջոցառումներուն, օգնելով բոլորին պտղաբեր կերպով ապրելու հաւատքի այդ մեծ պահը։

“«Ձեր աշխատանքով դուք շատերուն օգնեցիք գտնել և վերագտնել յոյսը, և վերսկսել կեանքի ճանապարհը նորոգուած հաւատքով ու բարեգործական մտադրութիւններով (հմմտ. Ա Թեսաղոնիկեցիներ 1։2-3)» ըսաւ Սրբազան Պապը։”

Յոյսը եւ Աստուծոյ Ողորմութիւնը

Ան ապա ընդգծեց յոյսին եւ Աստուծոյ ողորմութեան կարեւորութիւնը, որոնք կիզակէտը հանդիսացան Յոբելեանին յատուկէն յիշելով նաեւ տարբեր ազգութիւններու պատկան բազմաթիւ երիտասարդներու եւ պատանիներու ուրախ մասնակցութիւնը Յոբելենական ձեռնակներուն։

Երիտասարդները եւ անոնց կարիքները

«Հրաշալի եղաւ անմիջականօրէն զգալ անոնց ոգևորութիւնը, ականատես ըլլալ անոնց ուրախութեան, տեսնել այն եռանդը, որով անոնք կ՛ աղօթէին, կը խորհրդածէին և կը տօնէին, դիտարկել զանոնք՝ այդքան բազմաթիւ ու բազմազան, բայց միևնոյն ժամանակ միացած, կարգուկանոնով (շնորհիւ նաև ձեր անգնահատելի ծառայութեան), եւ ձգտումով` ճանաչելու զիրար և միասնաբար ապրելու շնորհքի, եղբայրութեան և խաղաղութեան պահեր», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով խոկալու այն բաներու մասին, զոր երիտասարդները ցոյց տուին Յոբելեանի ընթացքին ու հարց տալու թէ ի՞նչ են այն բաները որոնց անոնք իրապէս կարիքը ունին։

Երիտասարդները կարիքը ունին առողջ տիպարներու

«Մենք պատասխանատու ենք անոնց ապագային, որուն մէջ կայ նաեւ աշխարհի ապագան» հաստատեց Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ երիտասարդները պէտք ունին «առողջ տիպարներու», որ զանոնք կը մղեն դէպի բարին, դէպի սէրը ու դէպի սրբութիւնը, նման յոբելենական տարուան ընթացքին սրբադասուած` Սուրբ Քարլօ Աքութիսին եւ Սուրբ Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիին։

Վարակիչ յոյսը

Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց թոյլ տալ ներգրաւուիլ յոյսով ու թոյլ տալ նաեւ` որ ան դառնայ վարակիչ միւսներուն համար, ինչպէս նշած էր հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Տարին հռչակող Կոնդակին մէջ, որպէսզի անցեալ ամիսներուն մարդոց սրտերուն մէջ սերմանուած բարիին սերմերը աճին ու զարգանան։

Յոբելենական խաչը որպէս նուէր

Լեւոն ԺԴ. ճառը աւարտեց ներկաներէն իւրաքանչիւրին նուիրելով «Յոբելեանի խաչը», որպէս յիշատակ այդ փորձառութեան եւ աջակցութեան, ապա բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնները մաղթելով նոր տարուայ համար ամէնայն բարիք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2026, 12:03