Որոնել

VATICAN-RELIGION-POPE-DIPLOMACY-MONACO

Սրբազան Պապը ընդունեց Մոնաքոյի Ալպերթօ Բ. Իշխանը

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ ու բարեկամական զրոյցներուն ընթացքին ընդգծուեցան գոյութիւն ունեցող երկկողմ լաւ յարաբերութիւնները, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմական ու նշանակալի ներդրումին՝ Իշխանութեան հասարակական կեանքին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Շաբաթ` 17 Յունուարի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Պապը, Առաքելական Պալատին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Մոնքաոյի արքայազն Արլպերթօ Բ-ին» լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նշուած է նաեւ թէ Իշխանը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերպ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի հետ, ու թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ ու բարեկամական զրոյցներուն ընթացքին ընդգծուեցան գոյութիւն ունեցող երկկողմ լաւ յարաբերութիւնները, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմական ու նշանակալի ներդրումին՝ Իշխանութեան հասարակական կեանքին մէջ։

Զրոյցներու շարունակութեան ընթացքին ուշադրութիւն դարձուեցաւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող քանի մը հարցերու վրայ, ինչպէս՝ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւնը, մարդասիրական օգնութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային անձի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնն ու խթանումը։

Վերջապէս, տեղի ունեցաւ նաեւ կարծիքներու փոխանակում միջազգային ընթացիկ իրադարձութիւններու շուրջ՝ յատուկ շեշտադրումով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի որոշ շրջաններու ընդհանուր իրավիճակին մասին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 12:58