Քահանայապետին զօրակցութիւնը Մոզամբիկի ժողովուրդին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, իմ միտքը յատկապէս կ՛ուղղուի Մոզամբիկի սիրելի ժողովուրդին, որ ծանր ջրհեղեղներու պատճառով մեծ տառապանքներ կը կրէ։ Մինչ կ՛ աղօթեմ զոհերուն համար, մօտիկութիւնս ու զօրակցութիւնս կը յայտնեմ անօթեւաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք անոնց կ՛օգնեն։ Թող Տէրը ձեզի ըլլայ օգնական եւ օրհնէ ձեզ». Խօսքերն են ասոնք զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը արտասանեց չորեքշաբթի 28 Յունուարի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին մինչ իր ողջոյնի խօսքը կ՛ուղղէր փորթուկալախօս հաւատացեալներուն։
Ան ապա յիշեց Սուրբ Թովմաս Աքուինացին, որուն կը տօնախմբուի ծիսական յիշատակը։ Սուրբ Թովմասը «Իր գործերով մեզի կ՜ օգնի աւելի ու աւելի լաւ հասկնալու Աստուածային Յայտնութիւնը։ Եկեղեցւոյ այս Վարդապետին օրինակը թող նաեւ մեզ քաջալերէ` որոնելու Աստուծոյ դէմքը եւ ապրելու Հաւատքի գեղեցկութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը գերմանախօս հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ։
Ապա իտալացի հաւատացեալները ողջունելէն ետքը ան յատուկ ողջոյն մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։
«Այսօր կը տօնախմբենք Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի ծիսական յիշատակը։ Անոր օրինակը թող ձեզ մղէ, սիրելի՛ երիտասարդներ, հետեւելու Յիսուսին որպէս կեանքի եւ սրբութեան իսկական Վարդապետ։ Եկեղեցւոյ այս Սուրբ Վարդապետին բարեխօսութիւնը թող ձեզի շնորհէ, սիրելի՛ հիւանդներ, այն խաղաղութիւնն ու հանգստութիւնը, որ կը բխի Խաչի խորհուրդէն, իսկ ձեզ՝ սիրելի՛ նորապսակներ, պարգեւէ սրտի իմաստութիւնը, որպէսզի մեծահոգաբար իրականացնէք ձեր առաքելութիւնը հասարակութեան մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
