Լեւոն ԺԴ. բազմաձայնութիւն եւ երկխօսութիւն` ազատ մտքի եւ խօսքի համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կարծիքներու ազատութիւն, փաստերը ներկայացնելու պատասխանատուութիւն, մտածողութեան բազմազանութեան նկատմամբ յարգանք, երկխօսութիւն՝ «ծայրայեղ եւ մոլորեցուցիչ բեւեռացման» դէմ պայքարելու համար։ Ասոնք հիմնական այն գաղափարներն են, զոր Լեւոն ԺԴ. Պապը արտայայտեց «աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհ» կառուցելու նպատակով` «Il Foglio» օրաթերթի տնօրէն Քլաուտիօ Չերազային ուղղած իր պատգամին մէջ, թերթի հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով։
Օրաթերթը արդարեւ առաջին անգամ լոյս տեսաւ 30 Յունուար 1996-ին եւ ի սկզբանէ նպատակ ունեցած է ըլլալ կարծիքներու ազատ քննարկման հարթակ։
Մտքի ազատութիւն՝ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւն
Սրբազան Պապը իր բարեմաղթանքները փոխանցելով յիշեցուց, որ «այսքան մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ, տեղեկատուութեան ոլորտին մէջ բազմազան առաջարկի ներկայութիւնը կը մնայ ազատութեան երաշխիք»։ Ան առ այդ կոչ ուղղեց խուսափելու մոլորեցուցիչ եւ ծայրայեղ բեւեռացումներէն, որոնք իրականութիւնը կը պարզեցնեն ու մտածումը կը նեղացնեն։
Կրթել տեղեկացնելով
«Ազատ մամուլը, եւ ընդհանրապէս բոլոր լրատուամիջոցները ունին արտասովոր առաքելութիւն մը՝ «կրթել տեղեկացնելով» գրած է Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով որդեգրելու «մեծ պատասխանատուութեան զգացում» մը՝ հնարաւորին չափ յստակ զանազանելով «փաստերու առարկայական ներկայացումը եւ անոնց շուրջ կարծիքներու արտայայտութիւնը, որ միշտ պէտք է պատշաճ կերպով բաց մնայ երկխօսութեան»։
«Այսպէս, լրատուամիջոցները կը կարողանան նպաստել աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհի մը կառուցման» հաստատած է հուսկ Լեւոն ԺԴ. մաղթելով` որ թերթին խմբագրական կազմը միշտ աւելիով ոգեւորուած ըլլայ հանդիպումներու եւ ոչ թէ բախումներու ապագայ մը կառուցելու եւ մշտապէս պաշտպանելու կեանքին գեղեցկութիւնը, գրած է Լեւոն ԺԴ. Պապը պատգամի աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
