Լեւոն ԺԴ. անակնկալ կերպով ճաշի մասնակցեցաւ Հռոմի մէջ գտնուող Փերուի եպիսկոպոսներուն հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
«Մօտիկութեան եւ հաղորդակցութեան ժեստ մը, որ կը զօրացնէ Փերուի Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութիւնը»․ այսպէս նկարագրուած է այն «հաճելի եւ անսպասելի անակնկալը», որ 29 Յունուարին, Փերուի եպիսկոպոսները ստացան Լեւոն ԺԴ. պապի կողմէ, որ զանոնք այցելեz «եղբայրական ճաշի» մը ընթացքին, ինչպէս կը նշուի Փերուի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի X էջին վրայ, մինչ անոնք Հռոմի մէջ կը գտնուին Պետրոսի յաջորդին «ad limina» այցելութեան առիթով, որ նախատեսուած է 26-31 Յունուարին։
Հանդիպման մասնակցեցան երկրի 46 եկեղեցական իրաւասութիւններու եպիսկոպոսները՝ այն երկրին մէջ, ուր Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեւոսթը աւելի քան քսան տարի ծառայեց որպէս միսիոնար եւ ապա որպէս Չիքլայօ թեմի եպիսկոպոս։ Եպիսկոպոսները ուրբաթ 30 Յունուարին, պիտի ընդունուին Սրբազան Պապին կողմէ պաշտօնական ունկնդրութեան մը առիթով։
«Միացնել եւ աւելցնել»
«Մենք հոս ենք՝ աղօթելու Փերուի խաղաղութեան եւ ապագային համար, որպէսզի այս այցելութիւնը զօրացնէ մեզ բոլորս եւ մեզ խրախուսէ հաւատքի մէջ՝ որպէսզի աւելի լաւ ծառայենք», ըսաւ Լուրինի եպիսկոպոս եւ Փերուի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահը` Գերապ. Քարլոս Կարսիա Քամատէրը։
«Կը խնդրենք աղօթել, որպէսզի մեր ապագայ առաջնորդները ըլլան բարի մարդիկ եւ կանայք, որոնք պիտի ծառայեն ազգին, պիտի որոնեն ընդհանուրին բսրիքը եւ, մանաւանդ, պիտի ջանան միացնել եւ աւելցնել, ոչ թէ պակսեցնել կամ բաժնել», աւելցուց ան։
Խճանկարի եւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի պատկերին նուէրը
Այս առիթով Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը Սրբազան Պապին նուիրեց Օրհնեալ սուրբ Կոյս Մարիամi խճանկար մը եւ Լիմայի Սրբուհի Ռոզայի պատկերը, որոնք Շաբաթ՝ 31 Յունուարին, պիտի օրհնուին եւ տեղադրուին Վատիկանի Այգիներուն մէջ։
Փերուի եպիսկոպոսներու վերջին երկու ad limina այցելութիւնները տեղի ունեցած էին Մայիս 2017-ին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի ժամանակ, եւ Մայիս 2009-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ-ի օրօք։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
